ԱՐԱՄԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՕՐԸ

Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ ոգեւոր օր մը ապրեցաւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտներու օրուան առթիւ։ Առաւօտուն Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ ձեռամբ՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով ոգեկոչուեցան դպրոցի բարեյիշատակ հիմնադիրները, նախկին տնօրէնները, ուսուցիչները, սաները եւ սատարողները։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ շրջանաւարտից օրուան ծրագիրը շարունակուեցաւ դպրոցի համալիրէն ներս։ Ներկայ էին հայր սուրբը, տէր հայրը, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, նախկին տնօրէն Կարապետ Մխալեան, կրթական մշակներ, թաղեցիներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Թէ՛ նախակրթարանի եւ թէ միջնակարգի 60-ամեայ, 50-ամեայ, 40-ամեայ եւ 25-ամեայ շրջանաւարտները մեծարուեցան որպէս յոբելեարներ։ Ճաշասեղանի շուրջ համախմբուած ներկաները հետեւեցան յայտագրին, որ գործադրուեցաւ Թամար Մանկասարեանի հանդիսավարութեամբ։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու։ Սրտի խօսքերով հանդէս եկան Կարապետ Մխալեան եւ Սարգիս Թամաքօղլու։ Վաստակաւոր կրթական մշակ Եւգինէ Ինճիտիւզէն փոխանցեց վարժարանէն յուշեր։ Նոյնպէս հայերէնի ուսուցչուհի Նաժտա Տեմիրճիօղլուն ալ հանդէս եկաւ վերյիշումներով։ Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեանն ալ ողջունեց շրջանաւարտներու օրուան մասնակիցները։ Դպրոցի աշակերտներն ալ զանազան ելոյթներով մասնակցութիւն բերին օրուան յայտագրին՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։

Բոլոր արամեանցիները ունեցան հաճելի ժամանց՝ զիրար վայելելով եւ իրենց դպրոցին մթնոլորտը շնչելով։

  

Երկուշաբթի, Մայիս 28, 2018