ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Առուշ Թաշն եւ իր գործակից ընկերները։ Թաղականները փութացած էին շնորհաւորելու նորին սրբազնութիւնը՝ տեղապահի պաշտօնին կոչուելու կապակցութեամբ։ Զրոյցի տեւողութեան անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ ընդհանուր կացութեան, թաղային խորհուրդի աշխատանքներուն եւ ծրագրերուն շուրջ։ Իր կարգին, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ ուրախութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ Գումգաբուի Դրսի թաղականներուն յղեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2019