ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ԱՐԺԵՒՈՐԵՑ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԱԹԸ

Գատըգիւղի ընտանիքը այս տարի եւս պատշաճ մթնոլորտի մէջ նշեց Ս. Թարգմանչաց տօնն ու Հայ մշակոյթի շաբաթը։ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան այս տարի եւս գլխաւորեցին կազմակերպուած ձեռնարկներու շարքը, որոնց շնորհիւ թէ՛ կրտսեր եւ թէ երէց սերունդի ներկայացուցիչներ հաղորդ դարձան Թարգմանչաց տօնի եւ մշակոյթի շաբթուան խորհուրդին։

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, Հոկտեմբերի 15-ին, Ս. Թարգմանչաց տօնի եւ Մշակոյթի շաբթուան բացման առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբի կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։

Պատարագիչ հայր սուրբը, Տէրունական աղօթքէն առաջ քարոզեց. «Եթէ Դաւիթ զայն Տէր կը կոչէ, ինչպէ՞ս ուրեմն Քրիստոս անոր որդին է» (Մարկոս 12.37) բնաբանով։  Հայր սուրբը թարգմանչաց ոգիին վրայ ծանրանալով ըսաւ. «Օրէնքի ուսուցիչներ միշտ Քրիստոսի հարցումներ ուղղեցին, որպէսզի ան սխալ պատասխան մը տայ, մահուան դատապարտուի։ Օրուան Ս. Գրային բաժնին մէջ կը տեսնենք, թէ Քրիստոս ինչ իշխանութեամբ կը կատարէ իր գործերը։ Քրիստոս երբ հարցումով օրէնքի ուսուցիչներուն մօտեցաւ, անոնք անձայն մնացին, բան մը որ սխալին լռութիւնն էր։ Քրիստոս այնուհետեւ ցոյց տուաւ սխալ ուսուցչիները եւ ըսաւ, թէ Աստուծոյ մեծագոյն օրէնքը կը խախտուէր իրենց կողմէ։ Քրիստոս իր իմաստութեամբ ցոյց կու տար, թէ Ան, ճշմարիտ Աստուած է եւ իր շուրջը համախմբուած անձեր պէտք է սիրեն զԱստուած։ Թարգմանչաց վարդապետներ եւս հաւատացին, թէ Քրիստոս ճշմարիտ Աստուած է։ Անոր խօսքերու ճամբով միայն կարելի է գտնել աստուածային իմաստութիւնը եւ դառնալ աստուածասէր անձեր։ Այնուհետեւ անոնք եղան այն սպասաւորները, որոնք Աստուծոյ որդին հայերէնով ծանօթացուցին հայ ժողովուրդին։ Քրիստոս այսպիսի հոգեւորականներուն համար ալ կ՚ըսէ. Երանի՜ ձեզի։ Եւ եկեղեցին իրենց հսկայ գործին հետեւանքով կը յիշէ Ս. Թարգմանիչ վարդապետները»։ Իր խօսքերու աւարտին, հայր սուրբը յիշեցուց, թէ Մշակոյթի շաբաթը կը սկսէր նաեւ Գատըգիւղի մէջ ու հրաւիրեց բոլոր ներկաները մտածելու այս շարժումի պտուղներուն մասին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան արարողութեամբ յիշատակուեցան Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ վախճանեալ քարոզիչները։

Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, Հոկտեմբերի 17-ին, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ ճաշու ժամերգութիւն, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Հայր սուրբը ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ ըսաւ, թէ աշխատութեան նպատակն էր հայերէնի մէջ տկարութիւն ունեցող ժողովուրդի անհատներուն եւս ծանօթացնել Թարգմանիչ վարդապետներու գործն ու այդ գործին դարերու վրայ տարածուած արդիւնքը։ Ապա ներկայ հաւատացեալներուն բացատրեց «Որք զարդարեցին» շարականի իմաստը եւ Թարգմանչաց տօնի կարեւորութիւնը յիշեցուց։ Ան ըսաւ, թէ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ իմանալով Աստուծոյ իմաստութեան կարեւորութիւնը, համոզուած էին, թէ առանց Ս. Գիրքը հասկնալու ժողովուրդը զուրկ պիտի մնար աստուածային իմաստութենէն։ Այսուհետեւ սկսան այբուբեն կերտելու աշխատութիւններու եւ Աստուծոյ օգնութեամբ յաջողեցան։ Նորահաստատ հայոց այբուբենի տառերով Ս. Գիրքի տողերը հայացաւ ու հասկնալի դարձաւ հայոց ու սկսաւ գրաւոր դպրութեան շրջանը։

Քարոզխօսութեան աւարտին, ներկաներ համա-խըմբուեցան «Պալըքճեան» սրահին մէջ, ուր թաղի վաստակաւոր ուսուցչուհիներէն Անի Պարոնեան համառօտ դասախօսութիւն մը կատարեց, ներկաներուն տեղեկութիւններ փոխանցելով Պետրոս Դուրեանի մասին։ Այս առթիւ Դուրեանէն բանաստեղծութիւններով հանդէս եկան Անի Գամպար, Ազնիւ Չոպան եւ Սրբուհի Պիլալ։ Այնուհետեւ ոգեկոչուեցաւ նաեւ Պետրոս Դուրեանի եղբայրը՝ Երուսաղէմի պատրիարք Տ. Եղիշէ Արք. Դուրեան, որ քարոզչի պաշտօն վարած էր Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ։

Տեղի ունեցան նաեւ այլ բազմակողմանի ձեռնարկներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2017