Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊՈՅԱՃԸԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հանդիսապետեց Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։

Արարողութիւններէն վերջ նորին սրբազնութիւնը զրուցեց ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի անդամներուն հետ։ Եկեղեցւոյ բակին մէջ ան շրջապատուեցաւ նաեւ արարողութեան մասնակից հաւատացեալներու կողմէ, որոնց հետ նոյնպէս զրուցեց անմիջական մթնոլորտի մը մէջ։ Լուսանկարին մէջ նորին սրբազնութիւնը կ՚երեւի՝ շրջապատուած արարողութեան մասնակից խումբ մը հաւատացեալներու կողմէ։ (Լուսանկարը՝ Արամ Սրբազանի գրասենեակէն)։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2019