Տ. ՄԻՆԱՍ Ա. ՔՀՆՅ. ՃԻՀԱՆԿԻՒԼԵԱՆ ՍԻՐՈՎ ՇՐՋԱՊԱՏՈՒԱԾ Է ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ

Մեր հոգեւորականաց դասու արժէքաւոր ու փորձառու անդամներէն, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս, Էյուպի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Եղիա եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան այս օրերուն սիրով շրջապատուած է իր հոգեւոր եղբայրներուն եւ Թոփգաբուի ընտանիքին կողմէ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջին անոր շնորհեց աւագութիւն։ Այս կարգադրութիւնը ընդհանուր առմամբ ընկալուեցաւ ուրախութեամբ, որովհետեւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան երկար տարիներէ ի վեր անսակարկ ու անմնացորդ սպասարկութիւն կը մատուցէ մեր եկեղեցւոյ։

Նորին սրբազնութիւնը տէր հօր աւագութիւն շնորհեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ՝ նկատի առնելով, որ տեղի կ՚ունենար Թոփգաբուի տարեկան մատաղօրհնութիւնը։ Համապատասխան օրհնութեան գիրը ընթերցեց օր-ւան պատարագիչը՝ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք տեղապահ սրբազան հօր օրհնութեան գիրը։

*

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Առաջին Լուսաւորիչներ՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս Առաքեալներու քարոզութեան ձեռնարկած առաջին իսկ մէկ օրէն սկսեալ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը ի փառս Աստուծոյ եւ ի շինութիւն մերազնէից։ Այս առաքելութեան ջահը վառ մնացած է ու պիտի շարունակէ մնալ մինչեւ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին երկրորդ գալստեան օրը։

Անուրանալի է կարեւոր դերը եկեղեցւոյ ձեռնադրեալ սպասաւորներուն, որոնց միջոցաւ առաքելահաստատ եկեղեցին հասաւ ու կը հասնի իր բանաւոր հօտին։ Իւրաքանչիւր ձեռնադրեալ սպասաւոր, իր կոչումին գիտակցութեամբ բարձր պահած է ծառայութեան ջահը, բնականաբար իւրաքանչիւրը արժեւորելով շնորհաց պարգեւիչ Տիրոջմէ տրուած շնորհները։

Մեզի համար հոգեւոր ուրախութիւն է Ձեր անձին մէջ ողջունել ծառայասէր համեստ հոգեւոր սպասաւորի մը տիպարը։ Թէ՛ Ձեր ծառայած եկեղեցիներէն, նաեւ մեր համայնքային շրջանակներէն տեղեկացած ենք դրուատալից արտայայտութիւններ, որոնք ցայտուն վկայութիւններ են Ձեր բերած անշահախնդիր հոգեւոր գործունէութեան։ Ի տղայ տիոց եկեղեցւոյ հովանիին տակ սկսած Ձեր հոգեւոր գործունէութիւնը, անցնելով սարկաւագական աստիճանով ծառայութեան շրջանէն, պսակուած է քահանայական սուրբ աստիճանով, Ձեզ կոչելով առաւել եւս հանգամանօրէն գործելու որպէս մշակ Տիրոջ Անդաստանին մէջ։ Հակառակ Ձեր յառաջացեալ տարիքին, Աստուածապարգեւ եռանդով ու կորովով կը շարունակէք բաց պահել Տիրոջ Ս. Սեղանը, Ձեզի վստահուած Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս, Էյուպի Ս. Եղիա եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու ժողովուրդներուն, նաեւ ուխտաւորաբար այցելող հաւատացեալներու առջեւ։ Դուք, ամէն առթիւ ամենայն հնազանդութեամբ կ՚ընդառաջէք Պատրիարքական Աթոռէն Ձեզի տրուած պաշտօններուն։

Ուստի օրհնութեան մեր գիրով, կը գնահատենք Ձեր անձնդիր հոգեւոր ծառայութիւնը եւ կը շնորհենք «ԱՒԱԳ»ութեան պատիւ, նաեւ սեւ ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն, Ձեզի մաղթելով քաջառողջ կեանք եւ կատարեալ յաջողութիւն ամենայն գործոց բարեաց։

Շնորհք, սէր եւ Աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ Ձեզ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։

Մնամք հայ­րա­կան օրհ­նու­թեամբ եւ ա­ղօ­թա­րար՝
ԳԱ­ՐԵ­ԳԻՆ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ ՊԵՔ­ՃԵԱՆ
Պատ­րիար­քա­կան Տե­ղա­պահ

Տուաւ օրհ­նու­թեան գիրս յա­մին Փրկչա­կան 2017ի.
յամ­սեանն Նո­յեմ­բե­րի 21ի, ի Տօ­նի Ըն­ծայ­ման Ս. Աս­տուա­ծած­նի,
ի Պատ­րիար­քա­րա­նիս, ընդ հո­վա­նեաւ Ա­թո­ռա­նիստ Մայր Ե­կե­ղեց­ւոյ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017