«ՄԱՐԱԼ» ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց «Մարալ» միութեան վարչայինները՝ գլխաւորութեամբ Արման Տօնէրեանի։ Զրոյցի տեւողութեան հիւրերը տեղեկութիւններ փոխանցեցին միութեան գործունէութեան եւ ծրագրերուն շուրջ։

Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար՝ «Մարալ»  միութեան ներկայացուցիչներուն փոխանցելով իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2019