ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻ ՍԱՏԱՐՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով ոգեկոչուեցան Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի սատարողները։

Այս արարողութեան զուգահեռ սկիզբ առաւ նաեւ յիշեալ դպրոցին ի նպաստ տարեկան նուիրահաւաքը։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021