ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ԱՌԱԿԸ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, Աւագ Երեքշաբթի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որու ընթացքին յիշատակուեցաւ Տասը կոյսերու առակը։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Հոգեպարար արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Գատըգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան, բազմաթիւ հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ Արամեան-Ունճեան վարժարանէն աշակերտներ՝ գլխաւորութեամբ ուսուցչուհի Թամար Մանկասարեանի։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Արտէն Գարիպեանի երգեհոնի ընկերակցութեամբ։ Խումբ մը աշակերտուհիներ կանթեղներ ի ձեռին շարուեցան Ս. Խորանին առջեւ՝ խորհրդանշելով Ս. Աւետարանի տասը կոյսերը։ Արարողութենէն վերջ մանուկները համախմբուեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր հայր սուրբի ձեռամբ ստացան եկեղեցւոյ տիկնանց կազմին կողմէ իրենց համար պատրաստուած յուշանուէրները։

Հինգշաբթի, Մարտ 29, 2018