ՀԱՄԱՃԱՐԱԿ ԵՒ ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏ

Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտը ուղղակիօրէն կ՚ազդէ նաեւ ներկայ ամառնամուտի տրամադրութիւններուն վրայ։ Բազմաթիւ պոլսահայեր ուշադրութեամբ կը հետեւին Իշխանաց կղզիներու վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։ Արդարեւ, այս պահու դրութեամբ, մինչեւ մայիսի վերջաւորութիւնը լուրջ սահմանափակումներ հաստատուած են կղզիներու պարագային։ Բացարձակապէս չեն խրախուսուիր դէպի Իշխանաց կղզիներ այցելութիւնները։ Այս իրավիճակին մէջ պոլսահայ շրջանակներն ալ կը ջանան գտնել զանազան հարցումներու պատասխանը՝ կղզիներու կապակցութեամբ։

Երէկ, մեր արժէքաւոր գործընկերը՝ յայտնի լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեան այցելեց Գնալը կղզի։ Ան թէ՛ վառ դրուագներ նկարահանեց կղզիի վրայ եւ թէ փորձեց գտնել պատասխանը՝ համաճարակի սահմանափակումներով պայմանաւորուած զանազան հարցումներու։ Այս օրուան մեր Գ. էջին վրայ կը ներկայացնենք Մկրտիչ Արծիւեանի ոսպնեակին որսած դրուագները, որոնք կը ցոլացնեն Գնալըի մէջ ներկայ ամառնամուտի մթնոլորտը։ Այցելութեան ընթացքին Մկրտիչ Արծիւեան զրուցած է նաեւ Գնալըի թաղապետ Էրտալ Այտընի հետ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին բացատրութիւններ տուած է առկայ սահմանափակումներով ստեղծուած պայմաններուն շուրջ։ Այսպէս, մինչեւ 31 մայիս կղզի այցելել կարելի պիտի չըլլայ՝ առաջնային բնակութեան արձանագրութեան այնտեղ չըլլալու պարագային։ Կալուածատէր կամ վարձակալ ըլլալու հանգամանքը բացառութիւն կազմելու համար բաւարար չէ այս ամբողջին մէջ։ Արդարեւ, բացառութիւն նախատեսուած է միայն մահուան կամ հիւանդութիւններու ծայրայեղ պարագաներով՝ այդ ալ գաւառապետութեան թոյլտուութիւնով։

Հետաքրքրութեան առարկայ խնդիրներէն մին ալ շոգենաւներէն զեղչով օգտուելու համար նախատեսուած դրութիւնն է։ Սա կ՚ըլլայ մասնաւոր քարտով մը եւ այդ քարտին տիրանալու համար անհրաժեշտ է լրացնել «Tarihçeli Yerleşim Yer Bildirim Formu» մը։ Առցանց պետական համակարգի միջոցաւ կարելի է ընել անհրաժեշտ ամբողջ գործողութիւնը։ Այդ քարտին տիրանալու համար բաւարար է կղզիի մէջ կալուածատէր կամ վարձակալ ըլլալը։ Բայց եւ այնպէս, ներկայ պահուն նոյնիսկ այդ քարտին տէր ըլլալը բաւարար չէ կղզի այցելելու համար։ Սա միայն շոգենաւներէն զեղչով օգտուելու կը ծառայէ։

Այս պահու դրութեամբ կղզի մեկնելու համար անհրաժեշտ է անցնիլ երեք փուլէ։ Առաջին՝ նաւամատոյց մուտք գործելու ժամանակ պէտք է անցնիլ հակակշիռէ մը։ Երկրորդ՝ դէպի շոգենաւ երթալու համար պէտք է ուղղուիլ «Adakart»ի մասնաւոր բաժանմունքը։ Երրորդ՝ կղզի հասնելէ վերջ քաղաքապետարանի պաշտօնեաները կը չափեն այցելուին ջերմութիւնը, իսկ ոստիկանութեան աշխատակիցները կը ստուգեն ենթակային փաստաթուղթերը։ Բաց աստի, կղզիէն դուրս գալու ժամանակ ալ ոստիկանները կը կատարեն համապատասխան արձանագրութիւն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2020