«ԱՌԱՋՆՈՐԴ»Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ, Շիշլիի քաղաքապետութեան առընթեր «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ» պարախումբին ելոյթը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։ Սա պարախումբին 12-րդ աշխատանքային շրջանի աւարտին կազմակերպուած ելոյթն է։ Այս պարախումբը 2005 թուականէն ի վեր աշխատանք կը տանի անընդհատ։

Երէկուան երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Մելիսա Թաշճեան։ Աւելի վերջ գործադ-րըւեցաւ յայտագիրը։ Այս տարուան ծրագրին ներգրաւուած էին նաեւ «Քիւլթիւր» համալսարանի պարախումբէն Ճիւնէյթ Տաղընըք, Էմրէ Ուլուօղուլլարը, Լիտիա Եաղան եւ Լենա Հրանդօղլու։

Երեկոյթի աւարտին շնորհակալութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ «Առաջնորդ» պարախումբի հիմնադիր Նաթալին Պոզ Եըլմազ։ Այս առթիւ ան յուշանուէրներ ալ յանձնեց իրենց միացած հիւր պարողներուն։

Երեքշաբթի, Մայիս 29, 2018