ԱԼՃԱՆ 15 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ ՊԱՇՏՕՆԸ ՊԻՏԻ ՓՈԽԱՆՑԷ ԼԵՒԻԻՆ

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի գրասենեակի երդիքին տակ յառաջիկայ 15 Յունուարին տեղի պիտի ունենայ հերթի փոփոխութեան արարողութիւն մը։ Այսպէս, «KEY Plaza»ի երդիքին տակ խարսխուած ներկայացուցիչի գրասենեակէն ներս, առաւօտեան ժամերուն Թորոս Ալճան պաշտօնը պիտի փոխանցէ հրեայ համայնքէն Մորիս Լեւիին՝ աւարտած ըլլալով իր եռամեայ առաքելութեան շրջանը։

Հերթի փոխանցման այս արարողութեան հրաւիրուած են նաեւ փոքրամասնական համայնքներու մամլոյ ներկայացուցիչները, որոնք Թորոս Ալճանի կողմէ նախաճաշի մըն ալ հրաւիրուած էին վերջերս։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2017