ՄԱԼԱԹԻԱՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

Մալաթիահայերու հայրենակցական միութենէն ներս վերջերս գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով, որու ընթացքին ընտրուեցաւ նոր վարչութիւնը։ Ատենապետ Նուրհան Կեզտիրիճիի կողմէ գլխաւորուած վարչութեան մաս կը կազմեն՝ Տաւիտ Էվեափան, Նուպար Օփան, Առէն Տատըրօղլու, Մուրատ Չեքէմ, Մենեքշէ Տիքթաշ, Ասլին Կիւրլէրօղլու, Սարգիս Պոյաճը, Մերիէմ Տելկի, Սեսիլիա Տելկի, Արէտ Շիրին Թաթլըտիլ եւ Էլիզապէթ Փէյնիրճի։ Սա միութեան չորրորդ շրջանի վարչութիւնն է։

Համագումարի ընթացքին քննիչ յանձնախումբի անդամ ընտրուեցան՝ Կարպիս Էվեափան, Սարգիս Չիզմէճի եւ Նշան Պոյաճը։ Կարգապահութեան յանձնախումբի անդամ ընտրուեցան՝ Յարութ Քուրումլու, Յարութ Չեքէմ եւ Նուպար Տինչէօզ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 3, 2020