ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԿՍԱՆ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ սարքուելիք տարեկան սիրոյ սեղանի պատրաստութիւններուն ձեռնարկած է՝ պիւտճէի ծանր բաց մը հաւասարակշռելու առաջադրութեամբ։ Երէկ երեկոյեան, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ ընթրիք մը, որով ազդարարուեցաւ տարեկան մատաղօրհնութեան պատրաստութիւններու մեկնարկը։ Ընթրիքի սեղանը օրհնեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որու կողքին էին Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Աւելի վերջ ներկաներուն իրենց սրտի խօսքերը ուղղեցին Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն եւ Սամաթիոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր։

Համայնքային շրջանակները վերահասու դարձան, որ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս տարի լուրջ մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման կը գտնուի՝ դպրոցի տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռելու համար։ 22 Հոկտեմբերին սարքուելիք սիրոյ սեղանի ծախսերը պիտի դիմագրաւուին Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլի կողմէ։ Բոլոր ատենախօսները շեշտեցին համայնքէ ներս զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը։

Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ եւս ուշադրութիւն հրաւիրեց նիւթական նեղութիւններու վրայ։ Իր խօսքերով՝ մեր համայնքի նիւթական դժուարութիւնները այնպիսի մակարդակի մը հասած են, որ նոյնիսկ կ՚արգիլեն մեր բուն հարցերու՝ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման, նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան մասին շուրջ խօսիլ։

Ընթրիքի սեղանը եզրափակուեցաւ աղօթքով։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2017