ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Ղալաթիոյ Ս. Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի վերջերս լոյս տեսած գիրքին շնորհանդէսը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայեց Զեքիեան Գերապայծառի «Kayıp Kentten Manevi Vatana» անուն գիրքը, որ ունի հայոց պատմութեան վրայ ընդհանուր հայեացքի մը բնոյթը։ 1980-2000-ական թուականներուն Զեքիեան Գերապայծառի կողմէ իտալերէնով գրի առնուած յօդուածներու թրքերէն թարգմանութենէն կը բաղկանայ այս գիրքը։

Երէկուան շնորհանդէսը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Պատուոյ հիւրերն էին՝ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Հայ կաթողիկէ կամ օտար հոգեւոր հայրեր, Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ եւ քաղաքապետարանէն այլ ներկայացուցիչներ, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի, յայտնի ընկերաբան Քեզպան եւ Հիւսէյին Հաթեմի ամոլը, Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ այլք։ Եկեղեցին, ուր տեղի ունեցաւ շնորհանդէսը, լեցուն էր ամբողջութեամբ։

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթներ ունեցան «Արաս» հրատարակչութեան խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշ, Մուրատ Ճանքարա եւ Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու, որոնք խօսեցան գիրքին մասին։

Երաժշտական յայտագիր մը գործադրեց տուտուկահար Էրթան Թեքին։ Ձեռնարկի կազմակերպիչներուն անունով արտայայտուեցաւ Թալին Կազէր։ Զեքիեան Գերապայծառն ալ արտասանեց սրտի խօսք մը, որու ընթացքին վերյիշեց այս գիրքի յօդուածներու ստեղծագործական փուլերը։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ եւ Զեքիեան Գերապայծառ անոնց համար մակագրեց իր գիրքերը։

ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Միւս կողմէ, «Պիլկի» համալսարանէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Իսթանպուլի մշակոյթներու փառատօնը», որու շրջագծով եւս ներկայացուեցաւ Զեքիեան Գերապայծառի գիրքը։ Այսպէս, մասնաւոր նիստով մը ծանօթացուեցաւ գործը։ Ատենախօսներն էին Զեքիեան Գերապայծառ եւ Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու։ Նիստը վարեց Փրոֆ. Պիւլենտ Պիլմէզ։  

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018