ՏԽՈՒՐ ՀՐԱԺԵՇՏ

Շաբաթ կէսօրուան ժամերուն, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Էմմա Քիւլեկէչի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ յուզումնալի մթնոլորտ։ Ծանօթ է, որ իր անժամանակ կորուստը վերջին օրերուն խոր ցաւ յառաջացուցած էր մեր համայաքային շրջանակներէն ներս։

Յուղարկաւորներու հոծ բազմութիւն մը մասնակցեցաւ տխուր արարողութեան, որուն հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու շուրջ էին Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ մեր հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ անդամներ։ Ներկայ էր նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։ Լուսաշող տաճարի կեդրոնին զետեղուած էր դագաղը, որու շուրջ համախմբուած սգաւորները իրենց վերջին յարգանքը մատուցին հանգուցեալի բարոյական ներկայութեան, ազնիւ յիշատակին առջեւ։ Այսպէսով անոնք Էմմա Քիւլեկէչին հրաժեշտ տուին՝ դէպի յաւիտենականութիւն։ Արարողութեան ընթացքին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ խօսեցաւ դամբանական մը, որու ընթացքին վեր առաւ հանգուցեալի մարդկային առաքինութիւններն ու հանրային կեանքէ ներս արժանացած համակրանքը։ Նորին սրբազնութիւնը յիշեցուց, որ Էմմա Քիւլեկէչի բանած ձեռագործ սկիհի ծածկոցները ներկայիս կ՚օգտագործուին թէ՛ մեր քաղաքի եւ թէ աշխարհի բազում հայկական եկեղեցիներուն մէջ։

Յուղարկաւորութեան մասնակիցներու շարքին էին համայնքային շրջանակներէ բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր, որոնք ցաւակցեցան հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլեկէչին, հարազատներուն ու միւս ընտանեկան պարագաներուն։

Արարողութեան աւարտին հոգելոյս Էմմա Քիւլեկէչի մարմինը հողին յանձնուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018