ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Իսթանպուլահայ սանուց միութիւններու նախաձեռնութեամբ երէկ Սկիւտարի բարձունքին տեղի ունեցաւ խանդավառ խրախճանք մը։ Աւանդական այս դաշտահանդէսը կազմակերպուած էր Գալֆաեան Տան ննջարանի բաժնի համալիրէն ներս։ Մեր համայնքէն շուրջ եօթ հարիւր հոգի մասնակցութիւն բերաւ այս խրախճանքին, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Բացօթեայ հաւաքուած մասնակիցները իրարու հետ ճաշեցին, հետեւեցան գեղարուեստական յայտագրի։ Ամենախանդավառ պահերը ապրուեցան, երբ խումբ առ խումբ մասնակիցները պար բռնեցին իրարու հետ։ Պատրաստուած էին նաեւ տաղաւարներ, ուրկէ խրախճանքի մասնակիցները գնումներ ալ ընելու հնարաւորութիւն ունեցան։

Յետմիջօրէի ժամերուն ձեռնարկը պատուեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ Սամաթիոյ մատաղօրհնութենէն արձակուելէ վերջ միացաւ այս խրախճանքի ծրագրին։ Իր ներկայութեամբ եզրափակուեցաւ ձեռնարկի ծրագիրը եւ նորին սրբազնութիւնը թէ՛ կազմակերպիչներուն եւ թէ մասնակիցներուն տուաւ իր օրհնութիւնը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2019