ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿ ԲԱԺՆԵՑ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կը շարունակէ մեր համայնքի երիտասարդները խրախուսել՝ Փալագաշեան կտակի միջոցներով։ Երէկ, թաղային խորհուրդը բաժնեց այս տարուան կրթաթոշակները։ Նախակրթարանի, միջնակարգի եւ լիսէի մակարդակին վրայ 75, իսկ համալսարանական մակարդակի վրայ 26 երիտասարդ ստացաւ կրթաթոշակ։ Անցեալ տարուան 87 երիտասարդներուն փոխարէն այս տարի Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդէն 101 երիտասարդ ստացած է կրթաթոշակ։

Նպաստընկալ երիտասարդներն ու իրենց ծնողները երէկ առաւօտ Կէտիկփաշայի եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան Ս. Պատարագի, զոր մատոյց Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։ Արարողութենէն վերջ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ նախաճաշ մը։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը եւ տէր հայրը հանդէս եկան երիտասարդներուն ուղղեալ ողջոյնի խօսքերով։ Անոնք շեշտեցին, որ եկեղեցին բոլորի տունն է, ուր պէտք է այցելել յաճախակիօրէն։ Պատարագիչ տէր հայրը եւ Շանլը յորդորեցին, որպէսզի եկեղեցին ունենայ իր մշտական տեղը երիտասարդներու մտքին մէջ։ Եթէ նոյնիսկ անցնին տարիներ, ապա եկեղեցի այցելելով մարդիկ երբեք չեն զղջար։ Անոնք երիտասարդներուն յորդորեցին նաեւ փարած մնալ մեր լեզուին եւ մշակոյթին։ Յարութիւն Շանլը մատնանշեց, որ թաղային խորհուրդը կը ջանայ հնարաւորինս բարձրացնել նպաստընկալ երիտասարդներուն թիւը։

Նախաճաշի աւարտին երիտասարդները ստացան իրենց կրթաթոշակները։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2017