ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ՝ Ի ՆՊԱՍՏ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի կամաւոր հոգաբարձու Դալար-Արթօ Հորոզօղլու ամոլը եւ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեցին դպրոցի ծաւալած գործունէութեան եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն շուրջ։

Այս շաբաթավերջին, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ «Հրանդ Տինք» վարժարանին ի նպաստ հանգանակութիւնը։ Համայնքային կեանքէն ներս առաջին անգամ այս դպրոցին համար պիտի սարքուի սիրոյ սեղան մը ու պիտի կատարուի նուիրահաւաք։ Վարժարանի պատասխանատուները սիրոյ սեղանի ընդառաջ փափաքած էին այցելել թերթիս խմբագրատունը։ Զրոյցի տեւողութեան դպրոցի պատասխանատուները խորին երախտագիտութեամբ արտայայտուեցան ցայսօր համայնքին կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւններուն համար։ Իրենք համոզուած են, թէ «Հրանդ Տինք» դպրոցը այլեւս կը համարուի մեր համայնքի սեփական կրթօճախներու շարքին։ Դպրոցը անցեալ տարի ունեցած է ինն շրջանաւարտ։ Ներկայիս այդ շրջանաւարտներէն վեցը համալսարանական ուսում կը ստանան Հայաստանի մէջ։ «Հրանդ Տինք» վարժարանի հիմնական նպատակներէն մին է աշակերտները պահել իրենց սեփական մշակոյթին մէջ ու դաստիարակել համապատասխան ձեւով։ Նկատի ունենալով, որ այս դպրոցի վկայականը կ՚ընդունուի ու կը ճանչցուի Հայաստանի մէջ եւ շրջանաւարտները հնարաւորութիւն կ՚ունենան իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակելու այնտեղ, դպրոցը ինքնաբերաբար խրախուսած կ՚ըլլայ նաեւ այդ երիտասարդներուն Հայաստան վերադարձը։ Հիւրերը շեշտեցին, որ իրենց սաներէն ոմանք կրթութեան շրջանի տեւողութեան կ՚ունենան նկատելի նուաճումներ եւ անոնց փայլուն յաջողութիւնները մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ իրենց եւ այնպէս կը զգան, թէ կ՚արդարանան կատարուած զոհողութիւնները։ Արդարեւ, «Հրանդ Տինք» վարժարանի սաներէն մին յաջողած է նոյնիսկ մուտք գործել Մոնրէալի «Մաք Կիլ» հեղինակաւոր համալսարանը, Գանատա։

Այս շաբաթավերջին նախատեսուած սիրոյ սեղանը ունի չափազանց կարեւոր նշանակութիւն։ Առաջին հերթին սա պիտի ըլլայ վկայութիւն մը, թէ մեր համայնքը իսկապէս իւրացուցած է, մեր կրթական համակարգը իսկապէս մարսած է «Հրանդ Տինք» վարժարանի գոյութիւնը։ Այս բոլորի հիման վրայ նախատես-ւած հանգանակութիւնը առիթ պիտի ընձեռէ՝ որպէսզի այս դպրոցին ի նպաստ աջակցութիւնները շարունակուին շատ աւելի համակարգուած ձեւով։ Մեր համայնքը աստիճանաբար կը գիտակցի, որ սա առանձնայատուկ առաքելութեամբ կրթօճախ մըն է եւ այդ գիտակցութիւնն ալ ճանապարհ կը հարթէ այս դպրոցին ի նպաստ օժանդակութիւններուն առջեւ։

Հիւրերը զրոյցի ընթացքին բացատրեցին, որ 2018-2019 կրթական շրջանէն սկսեալ «Հրանդ Տինք» վարժարանը շատ աւելի բարենպաստ պայմաններու մէջ պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը, որովհետեւ պիտի վերահաստատուի Գումգաբուի Դրսի՝ երբեմնի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի շէնքին մէջ։ Այս ծրագիրը դժբախտաբար ներքին խնդիրներու բերումով որոշ յապաղումով մը կեանքի կոչուած պիտի ըլլայ, սակայն այդ յապաղումը ստուեր պիտի չածէ տեղափոխութեան մեծ նշանակութեան, ճակատագրական բնոյթին վրայ։ «Ուշ լինի, անուշ լինի» ժողովրդական խօսքի համապատասխան ձեռքբերում մը պիտի ըլլայ այդ տեղափոխութիւնը եւ այս դպրոցի տղաքը կարելիութիւն պիտի ունենան համայնքային հարազատ երդիքի մը ջերմութիւնը վայելելու՝ կրթական նպատակներու համար նախատեսուած շէնքի մը մէջ։ «Հրանդ Տինք» վարժարանին շնորհիւ այժմ փակուած մեր կրթօճախներէն մէկու շէնքի երդիքին տակ վերստին աշխուժութիւն պիտի ստեղծուի ու պիտի լսուին զանգի հնչիւններ, աշակերտներու ձայներ, կրթական մշակներու յորդորներ…

«Հրանդ Տինք» վարժարանի պատասխանատուները կ՚ակնկալեն, որ այս շաբաթավերջի սիրոյ սեղանը առիթ հանդիսանայ՝ որպէսզի այս հաստատութիւնը հերթական անգամ մեր համայնքի զօրակցութեան առարկայ դառնայ եւ զգայ ինքնավստահութիւն՝ իր նոր շէնքին մէջ գործունէութիւնը տեւականացնելու ճանապարհին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2017