ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿԸ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանէն ներս Ս. Զատկի տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ ընտանեկան մթնոլորտով հաւաք մը։ Այսպէս, աշակերտները ստացան դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուներուն կողմէ իրենց համար պատրաստուած նուէրները։ Ս. Զատկի առթիւ ամէն տարի տեղի կ՚ունենար մասնաւոր հանդէս մը, որ այս տարի միայն առցանց ձեւաչափով կ՚իրականացուի։ Յամենայնդէպս, հեռավար կապով դպրոցի բոլոր սաները հնարաւորինս հաղորդ դարձան տօնական ուրախութեան։

Դպրոցի ամբողջ ընտանիքի անդամները «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսի փոխանակումով զիրար շնորհաւորեցին, բարեմաղթութիւններ յղեցին իրարու ու թարմացուցին իրենց լաւատեսութիւնը՝ առողջ եւ խաղաղ օրերու համար։

Չորեքշաբթի, Մարտ 31, 2021