ՏԵՂԱՊԱՀԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ. ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԼԱՐՈՒԱԾ ԵՐԵԿՈՅ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ երեկոյեան ժամերուն վերադարձաւ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, ան շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր կը գտնուէր Գերմանիոյ մէջ։ Նորին սրբազնութիւնը Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի, Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն Թորոս Աբիկի, Թեքին Տեմիրճեանի, Կարապետ Մխալեանի եւ մեր համայնքէն այլ խումբ մը հաւատացեալներու կողմէ։ Տեղապահ սրբազան հայրը օդակայանէն առաջնորդուեցաւ Գումգաբու։

Ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն, երէկ երեկոյեան Պատրիարքարանի երդիքին տակ ապրուեցան լարուած պահեր։ Այսպէս, երբ տեղապահ սրբազան հայրը Պատրիարքարան հասաւ՝ Նախաձեռնարկ մարմինը ժողովի մէջ էր։ Անցեալ շաբթուան իրերայաջորդ հրաժարականներէն վերջ ժողովը անցաւ փոթորկալից մթնոլորտի մը մէջ։ Նախաձեռնարկ մարմինը կը ծրագրէր տեղապահի վերադարձին անմիջապէս ունենալ խորհրդակցութիւն մը եւ ըստ այնմ դիրքորոշում յայտնել՝ կուսակալութեան մէջ տեղի ունեցած վերջին ժողովի լոյսին տակ։ Ժողովականները այս տրամադրութիւնով կը սպասէին նորին սրբազնութեան վերադարձին։ Դարձեալ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններով, տեղապահ սրբազան հայրը Պատրիարքարան վերադարձին առաջին հերթին չփափաքեցաւ մասնակցիլ Նախաձեռնարկ մարմնի ժողովին՝ որպէս պատճառաբանութիւն ցոյց տալով իր յոգնած վիճակը։ Միջոց մը վերջ, երբ Նախաձեռնարկ մարմնի ժողովը շուրջ տասն հոգիով կը շարունակուէր, լարուածութիւնը բարձրացաւ լրջօրէն։ Այս պայմաններուն ներքեւ նորին սրբազնութիւնը փոփոխութեան ենթարկեց իր որոշումը եւ յարմար դատեց որոշ շրջան մը մասնակցիլ նիստին։ Ան յորդորեց երկու-երեք օր համբերել եւ լսեց Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներուն կարծիքները։

Գերմանիա գտնուած օրերուն Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան գրաւոր ձեւով տեղեկացուցած էր, որ Իսթանպուլ վերադարձին պիտի փորձէր այցելել կուսակալութիւն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2017