ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Երէկ, Գալֆաեան Տան ննջարանի բաժնի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու տարեկան հաւաք, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Բացի Գալֆաեանէն, Սկիւտարի երբեմնի վարժարաններուն՝ Սէմէրճեան Ճեմարանի եւ Ներսէսեան-Երմոնեանի սաներն ալ մասնակցութիւն բերին այս բացօթեայ հաւաքին։ Սկիւտարի բարձունքին դաշտահանդէսի մը ձեւաչափով կազմակերպուած այս աւանդական հաւաքը համախմբեց զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ։ Գալֆաեան Տան պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ այժմու աշակերտութիւնը եւս միացան շրջանաւարտներուն։ Այսպէս, մեծ ընտանիք մը ստեղծելով բոլորը վայելեցին բնութեան գեղեցկութիւնը եւ անմիջական զրոյցը։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Արլէթ Ինճիտիւզէնի հանդիսավարութեամբ։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Գալֆաեան Տան տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ։ Դպրոցի աշակերներն ալ զանազան ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։ Բոլոր ներկաները ճաշասեղաններու շուրջ զրուցեցին երկար։

Միւս կողմէ, շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ ներկայացուեցան նաեւ աշակերտներու կողմէ կատարուած ձեռական աշխատանքներուն արդիւնքները, որոնք նոյնպէս արժանացան բոլորի գնահատանքին։

Երկուշաբթի, Յունիս 4, 2018