ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԱՄԵՐԳԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ Դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան համերգը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ «Միասին երգենք» կարգախօսով կազմակերպուած էր Լուսաւորիչ մանկանց երգչախումբին համերգը, որու բացումին ողջոյնի խօսք մը արտասանեցին Երազ Օլկունտեմիր եւ Արտա Էրօլ։ Խումբը հանդէս եկաւ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ։ Դաշնակով ընկերացաւ Մելինէ Թեմելճի։ Միւս նուագակիցներն էին՝ Էճէ Եուքով Էքին, Արի Հերկէլ, Սեւան Կարապետեան եւ Ճան Մալաթ։

Երեկոյթի մասնակիցներու շարքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Լուսաւորիչ երգչախումբի խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան, տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճը եւ իր ընկերները, երգչախումբի փոքրիկներու ընտանիքները եւ հիւրեր։

Լուսաւորիչ մանկանց երգչախումբի տղաքը յաջողութեամբ մեկնաբանեցին երգացանկի գործերը՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Համերգէն վերջ խօսք առաւ Շանթ Չաքմաքճը։ Փակման խօսքն ալ արտասանեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ բարձր գնահատեց տարուած աշխատանքը։

Երգչախումբի մանուկներուն շնորհաւորութեան պատգամ մըն ալ ուղարկած էր Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան՝ քանի որ փոքրիկներուն մեծամասնութիւնը իր սաներն էին Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ամրան դասընթացքներէն։

Երկուշաբթի, Յունիս 4, 2018