ՄԵԾ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ

Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիներու պաշտօնազրկման որոշումով համայնքային կեանքէն ներս ծնունդ առած տագնապը կը շարունակէ զբաղեցնել թրքահայ օրակարգը։ Այս առաւօտ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ այս խնդրին շուրջ նախատեսուած խորհրդակցութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները հրաժարեցան Գումգաբուի այս հաւաքին մասնակցելէ, ինչ որ մեծ յուսախաբութեան պատճառ դարձաւ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախաձեռնած այս երկխօսութեան առիթը, դժբախտաբար, մսխուեցաւ եւ հնարաւոր չեղաւ ստեղծուած իրավիճակը քննարկել շահագրգիռ բոլոր կողմերու մասնակցութեամբ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հրաւէրին ընդառաջ Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ առաւօտեան ժամերուն փութացին Գումգաբու։ Անոնք նախ մտան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի, ուր մոմավառութիւնով մը կատարեցին իրենց աղօթքը, աւելի վերջ ալ անցան Պատրիարքարան։ Նոյն ժամերուն Գումգաբու փութացին նաեւ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ այս խորհրդակցութեան հրաւիրուած համայնքային գործիչները։ Բայց եւ այնպէս, Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները չժամանեցին Գումգաբու եւ Պատրիարքարանի խորհրդակցութիւնը ճշդուած ժամուն՝ 11.00-ին սկսաւ առանց անոնց մասնակցութեան։ Ժողովը թէեւ տեղի ունեցաւ, սակայն շահագրգիռ հիմնական կողմերէն մէկուն բացակայութիւնը արդէն կանխեց համապարփակ ու լիարժէք քննարկում մը ծաւալելու հնարաւորութիւնը։

Մինչ այդ, այս ժողովին առթիւ Պատրիարքարանի առջեւ զօրակցութեան ցոյց մը տեղի ունեցաւ ի նպաստ տնօրէնուհիներուն։ Ցուցարարները թէեւ տնօրէնուհիներուն աջակցելու համար Գումգաբու փութացած էին, սակայն մամուլի սպասաւորներուն յայտնեցին, որ այս խնդիրը իրենց տեսակէտէ միայն դպրոցի տնօրէնուհիներով սահմանափակուած չէ, այլեւ ունի նաեւ թաղային խորհուրդի վերաբերեալ վարչական այլ ծալքեր։ Ցուցարարներու շարքին էին մեր համայնքային շրջանակներէն զանազան դէմքեր, որոնք մօտաւոր անցեալին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վերջին ընտրութիւններուն ժամանակ առաջադրած էին իրենց թեկնածութիւնը, սակայն, գործի գլուխ գալու հնարաւորութիւն չէին ունեցած։ Ներկայիս անոնք իրենց կը վերագրեն այս խնդրին միջամուխ դառնալու իրաւունքը եւ այդ նոյն հիման վրայ կազմակերպած էին այս առաւօտեան ցոյցը։ Նոյնիսկ, ցուցարարները պահանջեցին մասնակցիլ Պատրիարքարանի մէջ նախատեսուած խորհրդակցութեան, սակայն Աթոռի պատասխանատուները յարմար չդատեցին ընթացք տալ այդ սպասումին։ Որոշուեցաւ, որ Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ՝ ժողովը նախատեսուած կազմով տեղի ունենայ դռնփակ։ Աւելի վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հայրաբար անձամբ իրազեկելու պատրաստակամութիւն յայտնեց ցուցարարները եւ, անշուշտ, լսելու զանոնք։ Առաջարկուեցաւ նաեւ, որ ընդհանուր նկարահանում մը կատարուի։ Կարգ մը ցուցարարներ դժգոհութիւն յայտնեցին ու մերժեցին այդ նկարահանման մասնակից դառնալը՝ սա համարելով իրենց տեսակէտէ չարաշահում մը։

Այսպիսի յարաբերական անորոշութեան մէջ սկսաւ Գումգաբուի խորհրդակցութիւնը, որու կապակցութեամբ կը նախատեսուի օրուան տեւողութեան Պատրիարքարանի աղբիւրներուն կողմէ պաշտօնական յայտարարութեան մը կատարուիլը։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020