«ՄԵՐ ՀԱՅԵՐ» ԽՈՒՄԲԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ԸՆԹՐԻՔԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ, երէկ երեկոյեան, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ, «Մեր հայեր» խումբին կողմէ կազմակերպուեցաւ ընթրիք մը, որով ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ մեր հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր գործակից ընկերներն ալ հրաւիրեալներու շարքին էին։ Ինչպէս ծանօթ է, «Մեր հայեր» խումբը վերջին շրջանին գործունէութիւն ծաւալել սկսած է՝ համավարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Ուստի, խումբը ընկերային զօրակցութեան բնոյթով նախագիծեր կեանքի կը կոչէ մեր համայնքէն ներս՝ համագործակցելով Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան համապատասխան բաժանմունքներուն հետ։ Երէկուան ընթրիքին ալ մասնակցեցան քաղաքապետարանէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, ՃՀՓ-ական երեսփոխաններ, այլ քաղաքապետներ, ինչպէս նաեւ նոյն կուսակցութեան Իսթանպուլի նահանգային մասնաճիւղի ղեկավար Ճանան Քաֆթանճըօղլու։

Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Արտա Քապատայըի եւ Սիրուն Տիզմանօղլուի։ «Մեր հայեր» խումբի գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ տուին Արեւ Ճէպէճի եւ Յովհաննէս Եանճը։ Սրտի խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ Ճանան Քաֆթանճըօղլու։

Իր խօսքին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ բաժնելը ունի իր խորհուրդն ու կախարդանքը։ Ուստի, սէրն ու նիւթական միջոցները պէտք է բաժնուին։ Նորին Ամենապատուութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց երէկ ստեղծուած մթնոլորտին կապակցութեամբ եւ ըսաւ, որ մեր հաւաքական կեանքէն ներս անհրաժեշտ են այնպիսի անհատներ, որոնք մագնիսացման ընդունակութիւններ, կարողութիւններ ունին։ Իր խօսքով՝ մեր հաւաքականութիւնը իրականութեան մէջ աղքատ չէ, մեր համայնքի կառոյցները ունին հարստութիւններ, որոնք պէտք է բաժնուին։ Այս փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հերթական անգամ կրկնեց, որ համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւնները անպայման պէտք է կատարուին։ Աւելի վերջ Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ աղքատութեան վերաբերեալ խնդիրները պէտք է ընկալուին հաստատութենական տեսանկիւնէ, որպէսզի մարդիկ նախ ինքզինքնին փոխեն եւ աւելի վերջ ալ փոխեն հասարակութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց նաեւ, որ մեր համայնքէն ներս պէտք է հովանաւորութիւն վայելեն այն մարդիկ, որոնք հաւաքական նպատակներու համար աշխատանք ծաւալելու պատրաստակամութիւն ունին։ Ան այս առումով ընդգծեց, որ Պատրիարքարանի դուռը բաց է բոլորին համար։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը աւելցուց նաեւ, որ «Մեր հայեր» խումբն ալ իր ժողովները կրնայ գումարել Պատրիարքարանի երդիքին տակ։

Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ շարունակուեցաւ երեկոյթը, որու ընթացքին սրահ այցելեց նաեւ Կաղանդ պապուկը եւ ամանորեայ խորհրդանշական նուէրներ բաժնեց ներկաներուն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 5, 2022