ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ԲԱՑՈՒՄ

Այս ա­ռա­ւօտ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ճատ­րա­կի մրցա­շար­քին բա­ցու­մը։ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ա­ւան­դա­կան մրցա­շարք մըն է այս մէ­կը, որ այս տա­րի տե­ղի կ՚ու­նե­նայ 11-րդ ան­գամ։

Դպրո­ցի մար­զա­րա­նին մէջ այս ա­ռա­ւօտ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­սա­ւոր բաց­ման ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան։ Ար­տա­յայ­տուե­ցան նաեւ ճատ­րա­կի ու­սու­ցիչ Սա­յաթ Թուղ­լա­ճը եւ Թուր­քիոյ Ճատ­րա­կի դաշ­նակ­ցու­թեան կող­մէ ու­ղար­կուած գլխա­ւոր մրցա­վար Սել­տա Էվ­րէն։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ալ մաս­նակ­ցե­ցան մրցա­շար­քի բաց­ման։ Ե­լոյթ­նե­րէն վերջ տղա­քը ար­դէն սկսան մրցում­նե­րուն։

Մրցա­շար­քի եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նին նա­խա­տե­սուած է նաեւ մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015