ՀԵՐԹԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Համայնքային ընտրութիւնները երէկ շարունակուեցան Իսթանպուլի Ա. եւ Բ. ընտրաշրջաններուն մէջ։ Ընդհանուր առմամբ, ընտրութիւններու երէկուան հերթական փուլին 3607 հոգի քուէարկեց։ Ընտրական գործընթացի սկսելէն ի վեր արդէն պարզ դարձած է, որ ընտրողներու այս քանակը, մասնակցութեան այս համեմատութիւնը ներկայիս տրամաբանական կը համարուի մեր համայնքի իրականութեան տեսակէտէ։ Ուստի, ընտրեալ կազմերն ալ այս տրամաբանութեան հիման վրայ կը համարուին անհրաժեշտ ժողովրդական յենարանները ապահոված։

Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանին մէջ երէկ քուէատուփ զետեղուած էր երեք կէտի վրայ։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ քուէարկեց 1547 հոգի, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ՝ 723 հոգի եւ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ՝ 199 հոգի։ Այս ընտրաշրջանին մէջ քուէարկողներու թիւը եղաւ 2469։ Քուէարկութիւնը կազմակերպուեցաւ եւ վերահսկուեցաւ՝ Սելինա Տողանի գլխաւորած համատեղ ընտրական մարմնին կողմէ։ Ընդհանուր ընթացքը խաղաղ էր, կանոնաւոր եւ հարթ։

Ա. ընտրաշրջանին մէջ ալ Գատըգիւղի եւ Սկիւտարի մէջ քուէատուփեր կային։ Գատըգիւղի քուէատուփերը Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ զետեղուած էին եւ այնտեղ 615 հոգի մասնակցեցաւ քուէարկութեան։ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս ալ քուէարկեց 523 հոգի։ Այսպէսով Ա. ընտրաշրջանի քուէարկութեան ընդհանուր առմամբ 1138 հոգի մասնակցեցաւ։ Այս ընտրաշրջանի բոլոր քուէարկութիւնները վերահսկուեցան Էօմէր Քանթիքի կողմէ գլխաւորուած համատեղ ընտրական մարմնին կողմէ։

Բ. ԸՆՏՐԱՇՐՋԱՆ

Բ. ընտրաշրջանին մէջ երէկ թէեւ յարաբերաբար աւելի նուազ թիւով թաղային խորհուրդի համար ընտրութիւն կար, սակայն գրեթէ բոլորի պարագային մրցակցութիւն խնդրոյ առարկայ էր։ Ռումելիհիսարի Ս. Սարդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար պայքարի մէջ էին Կապոյտ եւ Դեղին ցուցակները։ Արդիւնքին Օշին Փոլատի եւ Շահնար Տիւլկէր-Պոշնաքի կողմէ գլխաւորուած Կապոյտ ցուցակը 1716 ձայն ստանալով իրաւունք շահեցաւ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու։ Դեղին խումբին ի նպաստ քուէարկեց 684 հոգի։ Այսպէսով, Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդը ձեւաւորուեցաւ ըստ հետեւեալի.

Օշին Ալիքսան Փոլատ, Շահնար Տիւլկէր-Պոշնաք, Գուրգէն Թէոդորոսեան, Անի Խաչիկեան-Ռավուլ, Մայտա Այար-Ճինկէօզ, Սելին Գույումճեան-Պալճը, Գրիգոր Խաչիկեան, Անի Եափըճը-Պետոյեան, Երանուհի Էլվան, Սիմոն Ալէն Էօզճենկիզ եւ Լուսի Տողրամաճը։

Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան համար ալ Կապոյտ եւ Կարմիր ցուցակները ընտրապայքարի մէջ էին։ Արդիւնքին Յակոբ Տուրսունի գլխաւորած Կապոյտ ցուցակին վստահուեցաւ թաղային խորհուրդին ղեկը։ Այս խումբը ստացաւ 1534 քուէ։ Իսկ Զեքի Էօճալի կողմէ գլխաւորուած Կարմիր ցուցակին ի նպաստ քուէարկեց 888 հոգի։ Օրուան աւարտին, երբ արդէն արդիւնքները յայտնի դարձան, Յակոբ Տուրսուն եւ Զեքի Էօճալ զիրար շնորհաւորեցին Ֆէրիգիւղի մէջ՝ փոխանակելով բարեմաղթութիւններ։ Այսպէսով Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ նոր թաղային խորհուրդը ձեւաւորուեցաւ ըստ հետեւեալի.

Յակոբ Տուրսուն, Արիս Տեմիր, Օրքիտէ Ճապաթօղլու, Մարի Աքավաֆեան, Քենան Էրզուրումլուօղլու, Շահին Ժան Քալտըրըմ, Ժանէթ Արաթ, Սինան Մուրատ, Նաթալի Պենլիօղլու, Յարութիւն Ուսթաօղլու, Վրէժ Թոքաթլըօղլու եւ Ֆըրատ Արըք։

Բ. ընտրաշրջանէն ներս երէկուան քուէարկութիւնով ընտրուեցաւ նաեւ Կիւմիւշեան կտակի հիմնարկի նոր վարչութիւնը 1439 հոգիի կողմէ տրուած ձայնով։ Այսպէս, Կիւմիւշեան հիմնարկի նոր վարչութիւնն ալ ձեւաւորուեցաւ հետեւեալ անուններով.

Անդրանիկ Աւիթօղլու, Արթուն Թեքիրօղլու, Թանիա Ուզունեան, Սիրան Սուրքի, Նուրհան Ճավաք, Ռաֆֆի Քայաէր, Նարօտ Շիմշէք, Արման Օսանչլըօլ, Կարէն Էօզճան, Գարին Շէշէթեան, Պուրակ Միհրան Աքավաֆեան։

Ա. ԸՆՏՐԱՇՐՋԱՆ

Իսթանպուլի Ա. ընտրաշրջանէն ներս երէկ 7 թաղային խորհուրդի համար ընտրութիւն կատարուեցաւ։ Այսպէս, վերանորոգուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սկիւտարի Ս. Կարապետ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս, Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եւ Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու կազմերը։

Այս ընտրաշրջանի 7 եկեղեցիներէն երկուքի պարագային կային թեկնածուական այլընտրանքային ցուցակներ։

Հարկ է նշել, որ թէ՛ Սկիւտարի Ս. Կարապետ եւ թէ՛ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու նորընտիր թաղային խորհուրդներու կազմերը, ըստ էութեան, կը բաղկանան նոյն անուններէն։

Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ

Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար ընտրապայքարի մէջ էին երեք՝ Դեղին, Սպիտակ եւ Կապոյտ ցուցակները։ Արդիւնքին Դեղին խումբը առաւելութեան հասաւ 387 ձայնով։ Սպիտակ ցուցակը 383 քուէ ապահովեց, իսկ Կապոյտ ցուցակը՝ 278։ Այսպէսով Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ նոր թաղային խորհուրդը կազմուեցաւ ըստ հետեւեալի.

Կարօ Աթաման, Հայկան Մաղտէն, Տարօն Էօզունճեան, Սէրտա Էօրնէք, Արան Ենիեորկան, Լետա Տիրէտուրեան, Ռաֆֆի Գրիգորեան, Գարին Ըշըքճը, Մասիս Գույումճու, Արման Փարս Յովսէփեան, Արէտ Էմիրզէօղլու, Վարուժ Պեքթաշեան, Սեւան Մուրատեան եւ Աւետիս Քեպապճը։

ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար ալ Դեղին եւ Կապոյտ ցուցակները մրցակցութեան մէջ մտած էին։ Քուէարկութեան արդիւնքով Դեղին խումբը ստացաւ 612 քուէ, իսկ Կապոյտ ցուցակը՝ 448։ Այս արդիւնքով Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ նոր թաղային խորհուրդը կը բաղկանայ հետեւեալ անուններէն.

Մասիս Գույումճու, Կարօ Աթաման, Արտաշ Աքտաղ, Արան Ենիեորկան, Գարին Ըշըքճը, Ռաֆֆի Գրիգորեան, Նուարդ Աւետիքօղլու, Արման Փարս Յովսէփեան, Լետա Տիրէտուրեան, Վարուժ Պեքթաշեան, Նատին Այնալը, Տարօն Էօզունճեան, Հայկան Մաղտէն, Արէտ Էմիրզէօղլու, Սէրտա Էօրնէք, Սեւան Մուրատեան, Շուշան Օհանեան-Թիւթիւն եւ Աւետիս Քեպապճը։

ԳԱՏԸԳԻՒՂ

Ա. ընտրաշրջանի ամենահայահոծ կէտին վրայ՝ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ նոր թաղային խորհուրդը երէկուան քուէարկութեան լոյսին տակ բաղկացաւ հետեւեալ անուններէն.

Կարապետ Պալիեան, Արման Չոպանօղլու, Սարվէն Սերթշիմշէք, Շահան Ուզուն, Ռաֆֆի Կիւլէսէր, Պերկման Փարթամ Կիւլսիւն, Արսէն Թոքաթլըօղլու, Արի Շանթ Պիլալ, Մանուկ Մանուկեան, Վարդգէս Սարաֆ եւ Ֆըրատ Ըրկաւ։

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ալ երէկուան ընտրութիւններուն զուգահեռ ձեւաւորուեցաւ հետեւեալ կազմով.

Լեւոն Թադոս Շատեան, Առնօ Հիլքաթ, Գարին Տէրողորմեաճեան, Արտա Չընար, Անիթա Էօսմէ, Վրէժ Իսրայէլեան, Թամար Ներկիզ, Արեգ Ալթըփարմաք, Թանիա Չընար, Արման Արիս Քենտիրլի եւ Յակոբ Թորոսօղլու։

ՊԷՅՔՈԶ

Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկուան քուէարկութեան արդիւնքի լոյսին տակ բաղկացաւ հետեւեալներէն.

Արտաշ Համբարձում Աքտաղ, Արէտ Չիչէքէքէր, Դաւիթ Թիւթիւն, Լետա Տիրէտուրեան, Մարկոս Էֆէ Քարահան, Մարիձա Գարակէօզեան, Վարուժան Մաղաքեան, Սիլվա Տէյիրմենճիօղլու, Առլէթ Թոփուզօղլու, Արի Քամպար, Լետա Պուլղան։

ԳԱՆՏԻԼԼԻ

Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդը ձեւաւորուեցաւ ըստ հետեւեալի.

Յովհաննէս Ֆէնէրճի, Առլէթ Ինճիտիւզէն, Դաւիթ Թիւթիւն, Եասմին Թիւթիւնճիւ, Արէտ Տէյիրմենճի, Ցոլին Չեքին, Խաչիկ Չիչէք, Թանիա Պասմաճեան, Լեւոն Տեմիր, Տալիլա Թորոս եւ Ժպիտ Աքտաղ։

ԳԱՐԹԱԼ

Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդն ալ երէկուան քուէարկութենէն վերջ բաղկացաւ հետեւեալ անուններէն.

Արաս Եոլուսէվէր, Արէտ Չաքըճը, Առլէթ Եալչըն, Արթին Չանքար, Արթուն Քազանճը, Մարկոս Էֆէ Քարահան, Սոնա Ճերմաթեան, Կիւլպէնկ Ուսթաօղլու, Մանուկ Մանուկեան, Մարալ Էպէօղլու-Սաթար, Ազատուհի Ազատուհեան Կիւլթեքին։

Ինչպէս նախորդած բոլոր ընտրութիւններու պարագային, երէկուաններուն արդիւնքն ալ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի պատկան բաժանմունքին պաշտօնապէս կը զեկուցուի ընտրական մարմիններուն կողմէ։ Այդ փուլէն վերջ ընտրեալ թաղականները պիտի սպասեն ընտրութիւններու արդիւնքին պետութեան կողմէ հաստատման՝ պաշտօնապէս գործի ձեռնարկելու իրաւունք շահելու համար։

Հարկ է նշել, որ համայնքային ընտրութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ ամսավերջ։ Իսթանպուլի Ա. ընտրաշրջանէն ներս յառաջիկայ շաբաթավերջին՝ դեկտեմբերի 11-ին նախատեսուած է Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութիւնը։ Այս կէտին վրայ ալ ձեւաւորուած են մէկէ աւելի թեկնածուական ցանկեր։

  

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2022