ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը հաղորդեց, որ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնը փոխուած է։ Այսպէս, դպրոցի նոր տնօրէնուհին է Մարալ Էօզտաղ, որ այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ Սեսիլ Նարօտ Քարահիսարիտիսին, որ ունեցաւ կարճ պաշտօնավարութեան շրջան մը։

Մարալ Էօզտաղ մարտի 1-ի դրութեամբ ձեռնարկած է պաշտօնի եւ երէկ յետմիջօրէին պատկան մարմիններուն կողմէ հասած է նաեւ իր վաւերացումը։

Տնօրէնի նշանակման հաստատման զուգահեռ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը հրապարակած է պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որու մէջ շեշտուած է, որ նորանշանակ տնօրէնուհին 2003 թուականէն ի վեր Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ կը պաշտօնավարէր՝ որպէս դասարանի ուսուցչուհի։

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024