ՆԱԶԱՐ ՇԻԿԱՀԵՐԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր ճարտարագէտներէն Նազար Շիկահեր վերջերս արժանացած է կարեւոր մրցանակի մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ «Elle Decoration» պարբերաթերթին կողմէ կազմակերպուած «EDIDA 2024»ի շրջանակներէն ներս Նազար Շիկահերին տրուած է մրցանակ մը։ «Տեւական ձեւաւորման» անուանակարգին մէջ մրցանակի արժանացած է Նազար Շիկահեր՝ իր կողմէ «Circula» ընկերութեան համար հեղինակուած «Flow» սեղանիկներու շարքով։

Նազար Շիկահերի կողմէ հեղինակուած ծրագիրը կը նախատեսէ եռաչափ մարդամեքենայ-տպիչի թեքնոլոժիով արտադրել կահոյքներ՝ զերօ թափօնով։ Առանց թափօններու այս արտադրութեան ձեւը ինքնաբերաբար բնապահպանական զգայնութիւնները կը խրախուսէ, ինչ որ Նազար Շիկահերի պարգեւատրման եւ ծրագրի արժեւորման տեսակէտէ կարեւոր դեր խաղացած է։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Նազար Շիկահերը եւ իրեն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։ Ծանօթ է, որ ան այս շրջանին, միեւնոյն ժամանակ, «Հայճար»ի վարչութիւնը կը գլխաւորէ։

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024