ՑԱՒԱԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏ

Մեր հաւատացեալ ժողովուրդը կը սգայ մեր եկեղեցականաց դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեանի վախճանումը։ Իր հոգեւոր եղբայրներն ալ մեծ ցաւ կ՚ապրին այս կորուստին հետեւանքով։ Տէր հայրը վերջին շրջանին բժշկական խնամքի տակ կը գտնուէր Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի մէջ, սակայն դժբախտաբար նախընթաց օր հոգին աւանդեց երկնաւոր հօր ձեռքերուն մէջ։ Յուղարկաւորութեան վերջին օծման եւ թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ վաղը։

Աւազանի անունով Յովհաննէս, ծնած է 1939-ին, Օրթագիւղ, Իսթանպուլ։ Որդին է Կարապետի եւ Վարդուհիի։ Կը մկրտուի Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Իսահակ Քհնյ. Մէրտէնկեանի։ Կ՚ուսանի թաղի Թարգմանչաց եւ Պէշիկթաշի Մաքրուհեան վարժարաններուն մէջ։ Կ՚ամուսնանայ Արմէն Կիւմիւշպաշօղլուի հետ, 12 Դեկտեմբեր 1964-ին։ Կ՚ունենան երկու զաւակներ՝ Կարապետ (1965) եւ Նունէ (1971)։

Սարկաւագ կը ձեռնադրուի 1978-ին, Օրթագիւղի եկեղեցւոյ մէջ, Շահան Եպսկ. Սվաճեանի ձեռամբ։ 30 Յուլիս 1978-ին, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ քահանայ կը ձեռնադրուի, նոյն եկեղեցւոյ վրայ, Շահան Եպսկ. Սվաճեանի ձեռամբ։

Որպէս հոգեւոր հովիւ կը ծառայէ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց (1978-1982), Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր (1982-1999), Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն (1999-2003), Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ (2003-2005) եւ հուսկ՝ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն (2005-2018) եկեղեցիներուն մէջ։ Կ՚անդամակցի, Շնորհք Պատրիարքի վախճանումէն յետոյ, նոր պատրիարքի ընտրութեան առթիւ 1990-ին գումարուած Ազգային պատգամաւորական ժողովին։ Նոյն ժողովէն կ՚ընտրուի Կրօնական ժողովի անդամակցութեան։ Կ՚անդամակցի նաեւ Գարեգին Բ. Պատրիարքի վախճանումէն յետոյ, նոր պատրիարքի ընտրութեան առթիւ 1998-ին գումարուած Ազգային պատգամաւորական ժողովին։ Նոյն ժողովէն եւս կ՚ընտրուի Կրօնական ժողովի անդամակցութեան։

Վազգէն Ա. Կաթողիկոսէն կը ստանայ լանջախաչ։

Գարեգին Բ. Պատրիարք, գնահատելով Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տարած իր ծառայութիւնը, 16 Նոյեմբեր 1996 թուակիր կոնդակով կը շնորհէ իրեն Աւագութեան պատիւ եւ ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն։

Մինչեւ իր վերջին շունչը կը ծառայէ Ս. Եկեղեցւոյ պայծառութեան։ Մինչեւ անողոք հիւանդութեամբ անկողնոյ ծառայելը իր պաշտօնը կատարեց։ Անկողնոյ ծառայութեան շրջանին մերթ ընդ մերթ կը փոխադրուի հիւանդանոց։ Ի վերջոյ բժշկական խնամքները կը մնան անզօր եւ իր հոգին կ՚աւանդէ Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին։

Աստուած հոգին լուաւորէ եւ Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն պարգեւէ իր բոլոր հարազատներուն եւ հոգեւոր եղբայրներուն ու բարեկամներուն։

Այս տխուր առթիւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք երէցկին Արմէն Այվազեանին, տէր հօր բոլոր հարազատներուն եւ ընտանիքին։

Ուրբաթ, Փետրուար 9, 2018