ՍԱՔԸԶԱՂԱՃԻ ՄԷՋ ԵՌՈՒԶԵՌ

Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը շաբաթավերջին յատկանշական իրադարձութիւններու վրայ կեդրոնացուց իր ուշադրութիւնը։ Այսպէս, Սաքըզաղաճի մէջ ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Այս եռուզեռը պայմանաւորուած էր մէկէ աւելի հանգամանքներով։ Նոր Կիրակիի առթիւ Ս. Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ երդիքին տակ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Արարողութիւններուն ընթացքին Զեքիեան Գերապայծառի կողքին էին Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան։ Ս. Պատարագի ընթացքին պատարագիչ Զեքիեան Գերապայծառ Ս. Հաղորդութիւն մատակարարեց խումբ մը պատանիներու, որոնք առաջին անգամ մօտեցան խորհուրդին։ Թէ՛ անոնք եւ թէ իրենց ընտանիքները յուզումնալի պահեր ապրեցան այս առթիւ։ Այդ յուզումին բաժնեկից եղան նաեւ այն հաւատացեալները, որոնք լեցուցած էին եկեղեցին։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ տեղի ունեցաւ նաեւ ուրիշ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Սա Զեքիեան Գերապայծառի մտայղացման շնորհիւ կեանքի կոչուած կարեւոր ծրագրի մը դրական արդիւնքի ազդարարման բնոյթը ունէր։ Արդարեւ, կաթողիկէ հայոց առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ եւ Արքեպիսկոպոսարանի համալիրէն ներս վերջերս ստեղծուած է թանգարան մը։ Այս թանգարանը բացուած է եկեղեցւոյ վերնատան յարակից բաժիններէն մէկուն մէջ։ Այնտեղ տարուած են ընդհանուր բարենորոգութեան աշխատանքներ եւ տարածքը համապատասխանեցուած է՝ թանգարանի մը վերածուելու նուզագոյն չափանիշներուն։ Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ժոզէֆ Արսլանկիւլօղլու լուրջ ջանք գործադրած է՝ կեանքի կոչելու համար Զեքիեան Գերապայծառի այս տեսիլքը։ Աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերած է Գէորգ Եանար։

Թանգարանի երէկուան բացման պաշտօնական արարողութեան ընթացքին Զեքիեան Գերապայծառ ունեցաւ հակիրճ ելոյթ մը ու դիտել տուաւ, որ ցուցադրուած են 1830 թուականէն ի վեր Սաքըզաղաճի առաջնորդանիստ եկեղեցիէն ներս օգտագործուած զանազան սպասներ, իրեր եւ այլն։ Բաց աստի, թանգարանի երդիքին տակ ի մի հաւաքուած են հոգելոյս Չոլաքեան Գերապայծառի անձնական իրերը եւ թղթակցութիւններու արխիւին նիւթերը։ Այդ նիւթերու շարքին առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Վատիկանի հետ փոխանակուած նամակագրութիւնները։ Վերջին տասնամեակներուն գահակալած զանազան քահանայապետներու հետ եւս նամակներ աչքի կը զարնեն այնտեղ։

Զեքիեան Գերապայծառ երէկուան խօսքին մէջ երախտագիտութեամբ վերյիշեց իր նախորդը՝ Չոլաքեան Գերապայծառը։ Ան բացատրեց, որ հոգելոյս վիճակաւորը այդ բոլորը կը պահէր մեծ խնամքով եւ լուրջ կարեւորութիւն կ՚ընծայէր այդ բոլորին նկատմամբ։ Երկար ժամանակ այլ վայրի մը մէջ ի պահ դրուած էին այդ բոլորը եւ հիմա կարելի եղաւ Առաջնորդարանի համալիրէն ներս, եկեղեցւոյ յարակից միջավայրի մը մէջ այդ բոլորը ներկայացնել հանրութեան։ Զեքիեան Գերապայծառ ընդծեց, որ նորաստեղծ թանգարանը միեւնոյն ժամանակ կարելիութիւն կ՚ընծայէ, որպէսզի Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան պատմութեան մասին տարրական պատկերացում մը կարենան կազմել օտար հիւրեր կամ հետաքրքիրներ։ Թանգարանի բացման հաւաքոյթի ընթացքին ան տեղեկացուց նաեւ, որ յառաջիկային կը ծրագրէ նաեւ գրադարան մը հաստատել Առաջնորդարանի համալիրէն ներս։

Թանգարանի բացումէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։ Բոլորը շնորհաւորեցին Զեքիեան Գերապայծառը, ինչպէս նաեւ Ժոզէֆ Արսլանկիւլօղլուն, որոնց համախումբ ջանքերով կեանքի կոչուած է յատկանշական ծրագիր մը։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 9, 2018