ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՌՑԱՆՑ ՔԷՐՄԷՍԸ

Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութեան կողմէ կազմակերպուած ամանորեան քէրմէսը, որ նախատեսուած էր երկու փուլով՝ երէկ հասաւ իր աւարտին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու մթնոլորտին մէջ աւանդական քէրմէսը այս տարի կազմակերպուեցաւ առցանց։ «Instagram»ի միջոցաւ կեանքի կոչուած աննախընթաց ծրագիր մը եղաւ այս մէկը։

Նախորդ շաբաթ տեղի ունեցած առաջին փուլը արդէն պսակուած էր փայլուն յաջողութեամբ եւ ծնողաց միութիւնը համապատասխան եռանդով ու վստահութեամբ պատրաստուած էր երէկուան փուլին։ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահին մէջ դարձեալ պատրաստուած էին տաղաւարները։ «Instagram»ի միջոցաւ կատարուած ուղիղ եթերը վարեց Սէրլի Պէշիկթաշլեան։ Հեռավար ձեւաչափով այցելուները տեսան իրենց համար պատրաստուած իրեղէնները եւ գնեցին իրենց նախասիրածները։ Թէ՛ իրեղէններու եւ թէ թեքնիկ ենթակառուցուածքի տեսակէտէ բծախնդիր նախապատրաստական աշխատանքներ կատարուած էին։ Արդիւնքը դարձեալ եղաւ ողջունելի եւ ծնողաց միութեան ջանքերուն շնորհիւ Կեդրոնականին համար առնուեցաւ արդիւնաւէտ քայլ մը՝ մինչ վարժարանը նիւթական գետնի վրայ կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ։

Քէրմէսի նախաձեռնութեան երէկուան եզրափակիչ փուլին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու, Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճու եւ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Սեդա Պէշիկթաշլեանի կողմէ գլխաւորուած ծնողաց միութեան նուիրումին եւ նպատակասլաց աշխատանքին համար։

Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութեան մաս կը կազմեն՝ Սեդա Պէշիկթաշլեան (ատենապետուհի), Լետա Չիթճեան, Ժագլին Քեշիքճիօղլու, Լինտա Սոլաք, Աղաւնի Թուրաչ, Պանու Էօզտեմիր, Նաթալի Օքթայ, Ժանէթ Արծիւեան եւ Նուռ Խաչիկօղլու։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2020