ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇ

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Գէորգ Պետիկեան ԺԱՄԱՆԱԿ-էն հնչած ահազանգին արձագանգած է իսկապէս շատ սրտախօսիկ զօրակցութեան յօդուածով մը, որ լայնօրէն շրջանառութիւն գտած է հայկական զանազան կայքէջերու վրայ։ Ան մեր ընթերցողներուն համար օտար մը չէ, որովհետեւ իր հիւթեղ գրիչին արտադրանքը յաճախ տեղ կը գտնէ թերթիս սիւնակներուն մէջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Գէորգ Պետիկեանի յօդուածը, որ կը կրէ «ԺԱՄԱՆԱԿ-էն հասնող ահազանգը» վերնագիրը։

Աշխարհը այլեւս բաց գիրք է: Նորութիւն մը չէ: Ամէն մարդ կրնայ իր մատներով թղթատել զայն: Այլեւս չկայ հեռու կամ մօտ, իմս կամ քուկդ: Ու ճիշդ այս «առաւելութենէն» օգտուելով, ինչպէս միշտ, երբ դարձեալ կարգով հայ մամուլի էջերը կը թղթատէի, անցեալ հոկտեմբեր 28-ին հանդիպած էի Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերեթի «տխուր» խմբագրականին: Կրկին կարդացի ու փորձեցի հրամցուածին մակերեսէն անդին «թափանցել»: Ուղղակի անակնկալ: Խմբագրականի ճակտին գրուած էր.- «ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը հիմնադրութեան 114-րդ տարին կը թեւակոխէ անդունդի եզրին»: Զարմանալի՝ բայց իրաւ:

Բայց, նախ յիշեցնեմ:

«Ժամանակ» օրաթերթ.- 1908-ին Պոլիս ծնած եւ մինչեւ օրս ապրող ու շնչող հայ մամուլի ընտանիքին պատկանող մէկ անդամն է: Տիրական ներկայութիւն եւ օրհնութիւն: Օրաթերթ մը, որ աւելի քան դար մը, գիտակցութեամբ օծած է եւ տակաւին, պոլսահայու ամէնօրեայ ժամերը ու ինքնաբերաբար, մեծ դերակատարութիւն ստանձնած՝ հայ կեանքի մաշումը դիմակայելու ճիգին եւ անոր նահանջի դէմ ծանր պայքարի աշխատանքներուն: Իւրայատուկ տեսիլք ունեցող գեղեցիկ եւ օգտաշատ գրաւոր «գոյութիւն» մըն է ան, որ իբրեւ օրաթերթ-լրաբեր, իր ժողովուրդին համար ծառայութեան դաշտ իջած է, դէպքերու, անցուդարձերու, վիճակներու, ազգային, մշակութային, ընկերային, քաղաքական համոզումներու կողքին, յստակ եւ համարձակ սեւեռակէտերով: Ան նաեւ հայ մամուլի միւս բոլոր ներկայացուցիչներուն նման, մեծ պատուհան մըն է՝ հայ աշխարհին նայող ու միաժամանակ հայելին ու պատկերը իր գաղութին:

Նաեւ աւելցնեմ, որ այս օրերուն եւ եթէ մօտէն կը հետեւինք սփիւռքեան մեր մամուլին, պիտի տեղեկանանք, որ մեր ընթերցումները, հայ միտքը հայ հոգիին կապող վայելք են, կենսական անհրաժեշտութեան կողքին,

Ու հակառակ կայքէջերու եւ կամ համացանցային այլ նորութիւն-սպասարկութիւններուն՝ առանց հայ մամուլի, կը կարծեմ, որ օր մը մենք մեզի անմշակ կրնանք գտնել: Որովհետեւ հայ մամուլը, միայն լուր տարածող միջոց մը չէ եւ չէ ալ եղած, այլ՝ օրուան գլխաւոր դէպքերու, ազգային անցուդարձերու եւ վիճակներու, հայ ժողովուրդի մշակութային, ընկերային, քաղաքական համոզումներու տարածողն ու հրամցնողն ալ է: Ուղղութիւն տուողը: Աւելին՝ հայ մամուլը, իր դարերու կեանքով ու գործով, իբրեւ ծառայասէր՝ մեր ազգին ճամբայ ցոյց տուած է: Տառապած է ու տակաւին կը տառապի անոր հետ, եւ հակառակ ներկայի իր ծանր դժուարութիւններուն, մեզ բոլորս ալ, մեր ինքնութեան հետ կապած:

Ըսած ու միշտ ալ կրկնած եմ, թէ փոխուած են ժամանակները, եւ փոխուած՝ պայմանները: Բայց ըսեմ, որ ամենէն առաջ մենք փոխուած ենք: Մենք, իբրեւ մարդ անհատ եւ ինչու հայ:

Արդ, խօսքս «Ժամանակ»ի ապրած գաղութին հասցէագրելով, համեստօրէն եւ անկեղծ ըսեմ.- Արդեօք մոռցած են, որ մենք հոգիով լեցուն ժողովուրդ մըն ենք, յաճախ կը հաւաքուինք նոյն յարկին տակ, որպէսզի նոյն կերակուրը ուտենք, նոյն երաժշտութիւնը լսենք, եւ իրարմով ջերմանանք: Իսկ այս օրերուն, ո՞ւր մնացած է մեր այս նկարագիրը: Հո՛ն, հայ մարդոց ի՞նչ պատահած է: Այնպէս կ՚երեւի, թէ թանձր մշուշ մը բռնած է անոնց մտքերը եւ առիթ չէ տուած, որ նոյն մարդիկ «Ժամանակ»ի տագնապալի իրավիճակին իրազեկ դառնան:

Կը հաւատամ, որ ինքզինք «մահամերձ» կարծող մեր այս օրաթերթին շուրջ, տաղանդն ու ուժը չէ որ կը պակսին, կամ պակսած են, այլ իրեն մօտենալու եւ զինք լաւապէս հասկնալու եւ իր գաղութը իրեն մօտենալու հայ մտքի հասունութիւն-գիտակցութիւնն է, որ կարծես կորսուած է: Որովհետեւ բոլորս ալ կը հաւատանք, որ այս օրաթերթը տակաւին մեծ դեր ունի խաղալիք իր գաղութի այժմեան ինքնութեան պահպանման կողքին: Պատասխանտու կեցուածք:  Արդեօք իր ընթերցողները քաջութիւնը ունի՞ն ներկայացուած կամ խմբագրականով մը պարզուած ու «հրամցուած» վտանգին ուղղակի նայելու:

Երկար ատենէ ի վեր, մեր հայրենիքն ու համայն սփիւռքը, անհրապոյր օրեր կ՚ապրին: Մեր քաղաքական, ընկերային եւ կամ տնտեսական դժուարութիւններն ու տագնապները նոր չեն: Ամէն տեղ անորոշութիւն: Մէկ կողմէ հայրենի կեանքի անստգութիւն, իսկ միւս կողմէ՝ ծանր պատերազմ, պարտութիւն, հողի եւ երիտասարդ մարդուժի ու մեծ նիւթականի կորուստ: Այս բոլորը ազգային ցաւեր եւ տագնապներ են: Տագնապներ ըսի, թերեւս մեծագոյն մտահոգութիւն ալ պէտք էր, որ աւելցնէի: Այլ խօսքով՝ հայ ինքնութեան ճգնաժամ:

Բոլորս ալ ականատեսներն ենք եւ տեղեակ, թէ որչափ խոր է մեր այս դժբախտութիւնը: Մենք տառապած ժողովուրդ ենք: Բայց այնպէս կ՚երեւի, թէ ներկայիս «Ժամանակ»ը առանձին մնացած է, եւ իր մորթին վրայ մինակը սկսած է կրել հայ մամուլի ներկայ դժուարութիւններուն տխուր իրականութիւնը:

Ու չմոռնանք, որ մամուլը կ՚ապրի շնորհիւ զայն կեանքի կոչողին եւ կամ կոչողներու նիւթաբարոյական նեցուկին: Որովհետեւ հայը, իր հայ մամուլով, հաղորդ մնալով հանդերձ աշխարհին եւ իր հայրենիքին ու իր սփիւռքին հետ, հո՛ն, ի՛ր հայութիւնն է, որ կը փնտռէ: Անկասկած, որ մինչեւ այսօր «Ժամանակ»ն ալ ապրեցաւ եւ գոյատեւեց, ապաւինելով իր շուրջ բոլորուած հաւատարիմ ընթերցող-բաժանորդներու, անձնազոհ ազգայիններու եւ հայ ժողովուրդի սրտբաց օժանդակութեամբ:

Յստակ են ներկայի մեր ժողովուրդին նիւթական աննպաստ պայմանները: Եւ որովհետեւ, իբրեւ ընթերցողներ, բոլորս ալ հայ թերթին մէջ փնտռած ենք եւ կը փնտռենք մեր ընդհանրական կեանքը, մեր գոյատեւման հարցերուն զանազան պատկերները, անոր համար էական է, որ հո՛ն գաղութը մէկդի դնէ, նետէ, մոռնայ իր ամէն տեսակի տարակարծութիւններն ու անհամ պատճառաբանութիւնները, ու լիովին զօրավիգ կանգնի ու նիւթապէս եւ բարոյապէս նպաստէ իր թերթին՝ «Ժամանակ»ին գոյատեւման աշխատանքներուն ու ճիգերուն:

Մէկ խօսքով, նեցուկ կանգնի, յատկապէս գալիք ժամանակներու մնայուն ներկայութեան համար: Ահա օրուայ հրամայականը: Զօրակցիլ՝ ե՛ւ արագ ե՛ւ անսակարկ: Կը կարծեմ, որ պարզ, արդար եւ համեստ յանձնառութիւն մըն է այս մէկը: Ու այս յանձնառութիւնը կ՚երթայ ոչ միայն զինք կեանքի կոչողներուն, այլ բոլոր անոնց, որոնց կը մատուցուի:

Այսօր Պոլիսէն է, որ կը լսուի տխուր եւ վշտալի ահազանգը: Վաղը, Աստուած չընէ, կրնանք ուրիշ գաղութէ մըն ալ, նոյնը լսել: Ուրեմն...:

Անձնապէս կը հաւատամ պոլսահայ մեր գաղութի ունեցած հայու գիտակցութեան մեծ չափանիշին: Անոր զոհաբերութեան: Մամուլի հանդէպ անոր ունեցած քաջալերանիքին եւ յարգանքին: Որովհետեւ, Հայաստան-Սփիւռք-Պոլիս, բոլորս ալ գիտենք, եւ նոյնքան ալ լաւատեղեակ ենք, թէ (սատանայի ականջը խուլ)՝ «Ժամանակ»ի բացակայութիւնը, տխուր, շա՜տ տխուր պիտի ըլլայ ոչ միայն «մերին» Պոլիսին համար, այլ՝ բոլորիս:

Չափազանց լուրջ հիմնախնդիր մըն էր օրաթերթի խմբագրին, հոկտեմբեր 28-ին յատուկ խմբագրականով մը հրամցուցած ահազանգը: Ու ի սէր Աստուծոյ, բոլորս ալ, գոնէ վայրկեանի մը համար այս իրականութեան աշակերտենք, որպէսզի վերջը չզղջանք:

Տէր կանգնինք Արեւմտահայ մեր այս ժառանգութեան ալ, որպէսզի եղածն ալ չկորսնցնենք:

Ու այս առթիւ, յարգանք ու պատիւ՝ «Ժամանակ»ը կերտողներուն եւ անոր յարատեւութեան սատարող ընթերցողներուն, ծառայողներուն, հովանաւորողներուն եւ նպաստողներուն, եւ անձնապէս ու հաւաքաբար նիւթապէս զոհաբերողներուն: Բոլորին՝ վարձքը կատար: 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2021