28 ՄԱՅԻՍ 1918-Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴՐՈՇՄԱԹՈՒՂԹԵՐՈՒ ԵՒ ԴՐԱՄԱՆԻՇՆԵՐՈՒ ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ԳԾԱԳՐԻՉ ԱՐՇԱԿ ՖԵԹՎԱՃԵԱՆ

Արշակ Ֆեթվաճեան ծնած է Տրապիզոն, 1 հոկտեմբեր 1863-ին:

Անոր ծնողքը եղած է առեւտրական: Նախնական ուսումը ստացած է Տրապիզոնի ազգային վարժարանին մէջ: Արշակ մանկութեան տարիներուն արդէն ցուցաբերած է մեծ հետաքրքրութիւն հանդէպ արուեստի: Ան ղրկուած է Պոլիս, որպէսզի արուեստներու հանդէպ իր սէրն ու բնատուր շնորհները զարգացնէ Պոլսոյ Կայսերական գեղարուեստի վարժարանին մէջ, որուն անդրանիկ շրջանաւարտներէն եղած է 1887-ին:

Տեղւոյն կառավարութիւնը կրթաթոշակ տրամադրած է Արշակին, որպէսզի Իտալիա երթայ եւ հոն ուսանի այն պայմանով, որ վերադառնալէ ետք ծառայէ երկրին: Արշակ մերժած է, որովհետեւ հայ անուանի անձնաւորութիւն մը՝ պոլսահայ Ոսկան պէյ Մարտիկեան, լսելէ ետք առաջարկը, պատրաստակամութիւն յայտնած է հոգալ Արշակին Հռոմ ուսանելու կրթաթոշակը՝ պայմանով որ Ֆեթվաճեան ուսումը աւարտելէ ետք ծառայէ հայ ժողովուրդին եւ մշակոյթին ու մանաւանդ՝ իր անունը պիտի մնայ անյայտ: Ուստի Ֆեթվաճեան մեկնած է Հռոմ 1887-ին, այդ բարձ հոգիի տէր հայուն կրթաթոշակով: Հռոմի մէջ չորս տարի ուսանած է Սան Լուկա գեղարուեստի ակադեմիային մէջ՝ ուսուցիչ ունենալով Չեզարէ Մաքքարին: 1891-ին, ուսման աւարտին, մասնակցած է Իտալիոյ նկարիչներու ազգային ցուցահանդէսին: Իր ուսուցիչը՝ Չեզարէ Մաքքարին թելադրած է Արշակին վերադառնալ իր հայրենիքը, որովհետեւ արուեստագէտ մը աւելի կրնայ ստեղծագործել եւ իր ազգային անյայտ մնացած արուեստն ու մշակոյթը ծանօթացնել աշխարհին:

Իտալիա ուսանած տարիներուն այցելած է Իտալիոյ զանազան քաղաքներ եւ մշակութային կեդրոններ՝ ծանօթանալու համար իտալական արուեստին եւ համաշխարհային արուեստներուն: Այցելած է Վենետիկ քաղաքը եւ հմայուած է անոր գեղեցկութեամբ: Ս. Ղազարի մէջ ծանօթացած է Ղեւոնդ Ալիշանին, որ իր մէջ կը դրոշմէ հայ մշակոյթի արժէքները եւ հարստութիւնը: Անոր հրաւէրով, 1889-1891 ամառնային արձակուրդը անցուցած է Ս. Ղազարի Մխիթարեան միաբանութեան կեդրոնին մէջ եւ ուսումնասիրած է հայկական մանրանկարչութիւնն ու ձեռագիրներու մանրանկարները: Վենետիկի մէջ նկարած է վենետիկեան տեսարաններ:

1891-1895 թուականներուն Ֆեթվաճեան աշխատած է Վիեննայի մէջ եւ հոն մնայուն հանդիպումներ ունեցած է աւստրիացի արուեստագէտներու եւ նկարիչներու հետ, որոնց շնորհիւ իր մէջ խմորուած է արուեստի ճաշակն ու նրբութիւնը, եւ ան դարձած է արուեստի պատմութեան մասնագէտ: Հոն տիրապետած է ջրաներկի արուեստին եւ նկատուած է ջրաներկի յայտնի նկարիչ: Վիեննայի մէջ աշխատած է որպէս ազատ արուեստագէտ եւ վրձինած է շարք մը դիմանկարներ: Հոն բարեկամացած է Պարսկաստանի հայազգի դեսպան՝ Նարման խան Ենիկոլուպեանին եւ անոր պատուէրով նկարած է Նասր Էտտին շահին եւ անոր վեզիրին մեծածաւալ պատկերները: Հոն ստացած է արուեստի նկարներու պատուէրներ Պոլսոյ թուրք բարձրաստիճան անձնաւորութիւններէ եւ օտար հիւպատոսներէ: Վիեննայի մէջ ստեղծած է իւղանկար մը, որ յետագային մեծ համբաւ ունեցած է, ինչպէս նաեւ ջրաներկով նկարած է բազմաթիւ կանանց դիմանկարներ եւ մերկ մարմիններ:

Վիեննայի մէջ կատարած է նաեւ գրական աշխատանք՝ արուեստաբանական գրա-կանութիւն Պոլսոյ եւ Վիեննայի հայկական մամուլին մէջ:

Ֆեթվաճեան 1896-էն վերջ շրջագայած է Եւրոպայի կարգ մը երկիրներ, ուր ծանօթացած է յայտնի նկարիչներու: Ապա ան մեկնած է Ղրիմ, ուր հանդիպած է մեծ գծագրիչ-ծովանկարիչ՝ Այվազովսկիին: Ֆեթվաճեան ուսանելի դասեր առած է անկէ եւ յետագային նկարած է իր ծովային պաստառները՝ Այվազովսկիի ազդեցութեան տակ։

Արշակ Ֆեթվաճեան անցած է Սեն Փեթերսպուրկ, ուր ապրած է 1896-1903 թուականներուն միջեւ: Հոն մօտէն ծանօթացած է ռուսական նկարչութեան արդի հոսանքին եւ դարձած է Ռուսաստանի Նկարիչներու ընկերութեան անդամ: Առաջին տարին տասը նկարներ ներկայացուցած է զանազան ցուցահանդէսներու մէջ: Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ծանօթացած է յայտնի նկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանին եւ դարձած է անոր մտերիմ բարեկամը: Սեն Փեթերսպուրկի ժողովուրդը հիացումով արտայայտուած է Արշակի ջրաներկ ու իւղաներկ նկարներուն մասին եւ գնահատանքի խօսքեր արձանագրած է մամուլին մէջ:

Հայրենի հողին կանչը զինք բերած է Անդրկովկաս, 1899-ին եւ հաստատուած է Թիֆլիս: Ցուցահանդէսներով ներկայաց-ւած է հանրութեան՝ 1899-ին Պաթում, 1900-ին Թիֆլիզ, 1902-ին Պաքու եւ Պլատիզորսկ: Պաքուի ցուցահանդէսին ներկայացուցած է հետեւեալ իւղաներկ գործերը՝ «Սուլթան Մահմէտ Ա.-ի դամբարանը», «Վենետիկի Ս. Մարկոսի տաճարը», «Մատ-թէոս Պատրիարք Իզմիրլեանի դիմանկարը» եւ «Կըրկ Շահզեդի մզկիթի բակը»: Իսկ Թիֆլիզի ցուցահանդէսին ցուցադրած է «Ալեքսանդրապոլցի հայուհին» նշանաւոր նկարը: 1908-ին Թիֆլիզի մէջ երկրորդ ցուցահանդէսին ներկայացուցած է «Սասունցի կնոջ» կամ «Մանուկ Հայաստան» նկարը:

«Սասունցի կինը» («Մանուկ Հայաստան»). Մանուկը կրծքին սեղմած, ամէն ինչ կորսնցուցած սասունցի դիւցազնուհին (Սասունցի Շաքէն) կը խորհրդանշէ՝ յանուն իր ապագային ոտքի ելած ժողովուրդի ազատագրական պայքարը:

Ֆեթվաճեան Թիֆլիզի մէջ իրագործած է վերականգնողական աշխատանքներ: 1900-1908-ին իր ձեռքերով զարդարած է Թիֆլիզի վերակառուցուած Քամոյեանց Ս. Գէորգ եկեղեցին՝ մեծ յաջողութեամբ: 1909-1914 վերաշինած է Թիֆլիզի Կուսանաց անապատի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, Արմաւիրի Ս. Գէորգ եկեղեցին եւ Կարսի նորակառոյց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բեմը, խաչկալը եւ հինգ դռները: Մասնակցած է Ս. Էջմիածինի նորոգութիւններուն:

1900-ին սկսած է Արշակ Ֆեթվաճեանի հայագիտական, հնագիտական եւ ազգագրական գործունէութիւնը: Այդ թուականէն սկսեալ ձեռնարկած է պատմական Հայաստանի տարածքին իր հետազօտական շրջապտոյտներուն, որոնք տեւած են 20 տարի: Հայրենասէր Արշակ Ֆեթվաճեան, շրջելով Հայաստանի գրեթէ բոլոր պատմական վայրերը, չափագրած եւ նկարած է բազմաթիւ յուշարձաններ, հայ ազգագրական տիպեր եւ հանդերձներ՝ գործակցելով Թորամանեանին հետ: Ան մասնակցած է Նիկողայոս Մառի Անիի պեղումներու արշախումբի կազմին:

Նկարած է 6-13-րդ դարերու արեւմտեան եւ արեւելեան Հայաստանի հնագոյն յուշարձանները (աւելի քան 2000 մատիտանկար ու ջրաներկ աշխատանքներ), որոնց կարեւորագոյնը հանդիսացած է՝ ջրանկար «Անի»ները: Ըստ մասնագէտներու, Ֆեթվաճեան պատկերած է «Անի»ները հնագիտական, պատմական ճշգրտութեամբ եւ գեղարուեստական ուժի ներգործութեամբ ու անոնք նկատուած են ճարտարապետական բնանկարի հիանալի գործեր:

1917-ին Թիֆլիզի ցուցահանդէսին ցուցադրած է «Անիի շարքը» եւ «Աղօթքը Գեթսեմանի պարտէզում» ստեղծագործութիւնը:

Արշակ Ֆեթվաճեան ստեղծած է նաեւ հայ պետական գործիչներու, հայոց պատմութեան, դիցաբանութեան եւ ազգագրական նիւթերով աշխատանքներ ու կատարած է վերարտադրութիւններ հայկական մանրանկարչութեան նմոյշներէն: Ան հաւաքած է թանկագին նիւթեր՝ 1918-ին Էջմիածինի մէջ ստեղծած է Հայ կանանց ազգային տարազներու ջրանկար պատկերները, որոնք նկատուած են հայկական ազգային գեղանկարչական սքանչելի նմոյշներ, որոնք կը ներկայացնեն հայ կանանց գեղեցկութիւնը, ճաշակը, բնաւորութիւնները:

Արշակ Ֆեթվաճեան ականատես եղած է 1915-ի արհաւիրքին իբրեւ հետեւանք կիսաքաղց գաղթականութեան օրհասական վիճակին, անօթեւան եւ թշուառութեան եզրին հասած, սովէն ու համաճարակներէն Էջմիածինի փողոցներուն մէջ մեռնող հայրենակիցներու մղձաւանջային վիճակին: Այդ ժամանակ հայ գաղթականութեան վիճակի դժոխային պատկերներու մասին գրած է իր յօդուածներէն մէկուն մէջ: «Չգիտեմ, թէ ի՛նչ լեզուով, ո՛ր ձայնով պիտի ասել, կրկնել հազար անգամ ձայնարկուած «ժողովուրդը կոտորւում է» ահագոչը, ո՛ր վրձինով նկարել Էջմիածնի եւ Ճեմարանի բակերում ու պատերի տակ 6 ամսից ի վեր դանդաղ հոգեվարքով անհետացող հազարաւոր ամբոխը թշուառների: Մեր հայ գեղջուկին գրգլեակներից ու քուրջերից, հագուստներից էլ ոչինչ չմնաց նրանց մերկութիւնը ծածկելու: Ոջիլների դժոխային կեղեքումին ենթակայ փոքրիկները մանաւանդ՝ անվերջ քերուըտելուց կաշիները պատառոտուած, կեղտի, աղտի մէջ էլ քոսոտել սկսած, մի մի հրէշաւոր ցուցանքներ են»: Եւ իրապէս ուշագրաւ են իր նկարած Մեծ Եղեռնէն փրկուած գաղթականներու դիմանկարները:

Ան ականատես եղած է նաեւ 1918-1919 Արարատեան դաշտավայրի փոթորկայոյզ իրադարձութիւններուն՝ հայութեան լինել-չլինելու հարցին, Սարդարապատի հերոսամարտին, Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումին ու աստիճանական վերելքին:

1918 թուականի Մայիս 28-ին, անկախութեան հռչակումէն անմիջապէս ետք, նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առաջին խնդիրներէն եղած է սեփական ազգային թղթադրամ ունենալու եւ երկրին դրամական կանոնաւոր շրջանառութիւն հաստատելու հարցը: Մինչ այդ կարճ ժամանակաշրջանի մը համար Հայաստանի տարածքին շրջանառութեան մէջ դրուած են Անդրկովկասեան կոմիսարիատի դրամանիշները, որոնց վրայ գտնը-ւած են նաեւ հայերէն մակագրութիւններ:

Որպէս փոխանցման շրջան, Հայաստանի անկախութեան առաջին ամիսներուն օգտագործուած են ներքին գործոց նախարարութեան տպարանը տպագրուած պետական դրամատան Երեւանի բաժանմունքի ժամանակաւոր փոխգիրերը (չէքերը), ասոր զուգահեռ կառավարութեան կողքին ստեղծուած է աշխատանքային խումբ՝ նոր թղթադրամներու նկարներու նախագիծերը եւ տպագրութիւնը նախապատրաստելու նպատակով: Այդ խումբի կազմին մաս կազմած են նկարիչներ Արշակ Ֆեթվաճեան եւ Յակոբ Կոջոյեան, ելմտագէտ-տնտեսագէտ Գրիգոր Ջաղեթեան եւ ճարտարապետ Գրիգոր Աղաբաբեան: Հայկական թղթադրամներու ընդհանուր գեղարուեստական գաղափարի եւ ձեւանմոյշներու պատրաստութեան հեղինակը հանդիսացած է հայ իրականութեան մէջ արդէն ճանաչ-ւած յայտնի նկարիչ Արշակ Ֆեթվաճեան:

1919-ի յուլիսին հայկական թղթադրամներու ընդհանուր պատկերները արդէն վերջնական ձեւ ստացած են Ֆեթվաճեանի ձեռամբ: Այդ ընթացքին թղթադրամները Եւրոպա տպագրելու համար Հայաստանի կառավարութիւնը համագործակցութեան առաջարկ ստացած է «Միրզոյեանց» առեւտրական տան ներկայացուցիչ՝ Վահան Միրզոյեանցի կողմէ, որուն հայրը՝ գործարար Սիմէոն Միրզոյեանցը, այդ պահուն Փարիզ գտնուած է:

30 յուլիս 1919-ին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, վարչապետութեամբ Ալեքսանդր Խատիսեանի, որոշած է հայկական դրամանիշներ տպագրելու համար արտասահման՝ Ֆրանսա ուղարկել երկրաչափ Գրիգոր Աղաբաբեանը եւ նկարիչ Արշակ Ֆեթվաճեանը՝ իւրաքանչիւրին յատկացնելով 50 ֆրանք օրապահիկ, ճանապարհածախս՝ ըստ օրինաւոր պայմաններու եւ ամսական 3 հազար ռուբլի թոշակ: Որոշուած է նաեւ տնտեսութեան նախարարութեան քով գտնուած 10 հազար դանիական քրոնները տրամադրել այս գործին համար, իսկ տպագրութեան ծախսը կատարելու համար բանակցիլ առեւտրական տուն «Միրզոյեանց»ի հետ, որպէսզի ան հոգայ այդ ծախսերը՝ այն պայմանով, որ յետագային Հայաստան վճարէ առեւտրական տուն «Միրզոյեանց»ին հայկական դրամով կամ ապրանքներով: Ուստի Արշակ Ֆեթվաճեան հայկական թղթադրամներու, ինչպէս նաեւ նամակատարային նամականիշներու-նամակադրոշմներու տպագրութիւնը կազմակերպելու նպատակով Հայաստանէն մեկնած է Եւրոպա:

Մեծ դժուարութիւններով թղթադրամները վերջապէս 1920 թուականի սկիզբին կը սկսին տպագրուիլ Անգլիա, լոնտոնեան հանրայայտ «Վոթերլոու եւ որդիներ» («Waterlow & Sons Ltd») ընկերութեան տպագրատունը: Իսկ հայկական նամակատարական-թղթատարական նամականիշները, որոնք պատրաստուած էին թղթադրամներու նախագիծ-ուրուագիծին հիման վրայ, Ֆեթվաճեան տպագրել տուած է Փարիզի «Շասփոթ» (Chassepot) ընկերութեան տպագրատունը: Ֆեթվաճեան այս պատասխանատու առաքելութիւնը կարողացած է բարեխղճօրէն եւ յաջողութեամբ հասցնել իր աւարտին: Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պաշտօնական թղթադրամները թուագրուած են 1919 թը-ւականով եւ թողարկուած-հրատարակուած են 50, 100 եւ 250 ռուբլի անուանական արժէքներով: Անոնց վրայ դրոշմուած են այդ ժամանակ պաշտօնավարող վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի եւ ելմտական նախարար Գրիգոր Ջաղեթեանի ստորագրութիւնները: Հիմնական մակագրութիւնները եղած են հայերէն լեզուով, մասամբ նաեւ ռուսերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Մասնագէտներու կարծիքով, այդ թղթադրամներու թողարկումը յատկանշական եղած է գծանկարներու նրբագեղութեամբ եւ տպագրութեան բարձր որակով։

Հայկական թղթադրամներու ձեւաւորման մէջ օգտագործուած են ազգային պատկերներ եւ նախշեր: Բացառիկ նկատ-ւած է 250 ռուբլինոց թղթադրամին վրայ պատկերուած ճախարակով թէլ մանող հայ կնոջ դիմանկարը: 100 ռուբլինոց թղթադրամին վրայ նոյնպէս հանրայայտ դարձած սուրը ձեռքին օձը տապալող արծիւի պատկերը կայ, դրոշմուած են նաեւ Արարատ լերան եւ Արարատեան դաշտավայրի պատկերները եւ Անիի Տիգրան Հոնենցի եկեղեցւոյ զարդաքանդակներէն մէկուն գծանկարը:

Թողարկուած թղթադրամները հասած են Հայաստան եւ շրջանառութեան մէջ դրուած են 1920-ի ամրան: Այդ թղթադրամներու գործածութիւնը քաղաքական յայտնի պատճառներով շատ կարճ տեւած է, բայց Ա. Հանրապետութեան թղթադրամները պատմութեան մէջ մտած են որպէս հայկական անկախ եւ ինքնիշխան պետութեան կողմէ թողարկուած առաջին դրամանիշներ՝ 14-րդ դարուն Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան անկումէն ետք:

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պաշտօնական թղթադրամներու եւ նամակադրոշմներու-դրոշմաթուղթերու հրատարակութենէն ետք Արշակ Ֆեթվաճեան Փարիզի Լուվր թանգարանին եւ Լոնտոնի արուեստի հանրածանօթ սրահներուն մէջ կազմակերպած է Անիի ջրանկարներու շարքին եւ հայկական տարազներու շարքին ցուցահանդէսները, որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ ընկալուած են օտար արուեստասէրներու կողմէ:

Հայաստանի անկախութեան կործանումն ու խորհրդային ամբողջատիրութեան պարտադրումը պատճառ դարձած է, որ Արշակ Ֆեթվաճեան իր հերթին տարագիր դառնայ:

1920-ականներու սկիզբը կարճ ժամանակով ապրած է Փարիզ, ապա վերջնականապէս հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր անցուցած է իր կեանքին վերջին 25 տարիները: Խորհրդայինները սեւ ցանկի վրայ դրած են մեծատաղանդ հայ նկարիչը եւ երկար տասնամեակներ հայրենի հայութիւնը չէ կրցած ըստ արժանւոյն ճանչնալ ու գնահատել իր արժանաւոր զաւակը:

Արշակ Ֆեթվաճեանի Միացեալ Նահանգներ ժամանելուն պէս անոր աշխատանքները շքեղ տպագրելու համար անհրաժեշտ գումարներ հաւաքելու եւ անոր գործունէութեան քառասունամեակը տօնելու նպատակով, Նիւ Եորքի հայկական շրջանակներու նախաձեռնութեամբ, 1923-ին կը ստեղծուի յանձնախումբ մը: Սակայն քանի մը ամիսներ աշխատելէ ետք այս ձեռնարկի կազմակերպիչները կը յուսալքուին եւ յանձնախումբը կը դադրեցնէ իր գոյութիւնը՝ հայկական քաղքենի շրջանակներու անտարբերութեան ու պաղ վերաբերմունքին պատճառով:

1923-ին Արշակ Ֆեթվաճեան Նիւ Եորքի մէջ իւղաներկով նկարած է հասարակական, քաղաքական նշանաւոր գործիչ, Միացեալ Նահանգներու Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դեսպան Արմէն Գարոյի (Փաստրմաճեան Գարեգին) դիմանկարը:

Նիւ Եորքի մէջ Ֆեթվաճեան՝ նիւթական անձուկ վիճակի մէջ կ՚ապաստանի թշուառ հիւրանոց մը եւ կ՚ապրի խեղճուկ սենեակի մը մէջ, ուր թխմուած կ՚ըլլան նաեւ իր բոլոր նկարները: Ան՝ յուսահատ վիճակի մէջ, կը մտածէ նոյնիսկ անձնասպանութեան մասին: Կարճ ժամանակ մը ետք Նիւ Եորքի մէջ կը հանդիպի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Միացեալ Նահանգներու չորս նախկին հիւպատոսներէն մէկուն՝ զարգացած եւ հեռատես գործարար Մանուէլ Տէր-Մանուէլեանին: Նախկին հիւպատոսը տեսնելէ ետք Ֆեթվաճեանի խեղճուկ ապաստարանը կը հարցնէ անոր. «Այստեղէն ո՞ւր պիտի երթաք»: Արշակ Ֆեթվաճեան կը պատասխանէ՝ «Չեմ գիտեր»: Մանուէլ Տէր-Մանուէլեանը կը հարցնէ. «Դրամ ունի՞ք»: Ֆեթվաճեան կը պատասխանէ՝ «Ո՛չ»: Անմիջապէս, առանց ժամանակ կորսնցնելու Մանուէլ Տէր-Մանուէլեան կ՚որոշէ իր հովանաւորութեան տակ առնել Արշակ Ֆեթվաճեանը եւ ապաստան տալ անոր իր սեփական յարկին տակ: Ան կ՚ըսէ. «Դուք պէտք է գաք ինծի հետ եւ ապրիք մեզ մօտ, Պոսթընի մէջ: Ես ընտիր կին ունիմ եւ երկու տարեկան որդի:

Բացի այդ, Պոսթընը Ամերիկայի Աթէնքն է: Դուք կը պատկանիք Պոսթընին»: Արշակ Ֆեթվաճեան կը հարցնէ. «Դուք վստա՞հ էք ձեր որոշման մէջ»: Մանուէլ Տէր-Մանուէլեան կը պատասխանէ. «Այո՛»: Ֆեթվաճեան կ՚ըսէ. «Լա՛ւ, ես կու գամ»: Այսպէս ան կը դառնայ Մանուէլեաններու ընտանիքին մէկ անդամը:

Մանուէլ եւ Արմէնուհի Տէր-Մանուէլեաններուն հիւրընկալ օճախին մէջ ան կ՚ունենայ տաքուկ ընտանեկան մթնոլորտ, որմէ երկար տարիներ զրկուած էր: Շնորհիւ Մանուէլ Տէր-Մանուէլեանի Արշակ Ֆեթվաճեան կը յայտնուի Պոսթընի մէջ որպէս ստեղծագործ արուեստագէտ եւ փայլուն գծագրիչ-նկարիչ: Իր ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրուին Քոլոմպիա համալսարանի թանգարանին եւ Շիքակոյի Պրինսթըն համալսարանին մէջ: Ամերիկացի արուեստագէտներ եւ հանրածանօթ գծագրիչներ կը հմայուին Ֆեթվաճեանի ստեղծագործութիւններով եւ կը գնահատեն անոր նկարչական արուեստը:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերացման հետեւանքով այդ տարիներուն Պոսթոն կ՚ապաստանին տարագիր հայութեան վտարանդի դարձած մտաւորականներ՝ Վարդգէս Ահարոնեան (նշանաւոր գրող Աւետիս Ահարոնեանի որդին) եւ անոր տիկինը՝ բանաստեղծուհի Արմէնուհի Տիգրանեան (յայտնի երգահան Արմէն Տիգրանեանի քոյրը), յայտնի բառարանագիր եւ որոշ շրջան մը «Հայրենիք» լրագրի խմբագիր եղած Յարութիւն Չագմագճեան (մեծահամբաւ երգահան Ալան Յովհաննէսի հայրը), անուանի գրող Համաստեղ, նշանաւոր հայդուկ՝ զօրավար Սեպուհ (Արշակ Ներսէսեան) եւ ուրիշներ, որոնք, Տէր-Մանուէլեաններու տան յաճախակի հիւրեր ըլլալով, Արշակ Ֆեթվաճեան ինքզինք առանձին չէ զգացած:

Տէր-Մանուէլեաններու երեք զաւակները՝ Վիգէնը, Հայկը եւ Լուսիկը Ֆեթվաճեանի ներկայութեան մեծցած են եւ դրսեւորուած ազգային խմորումով: Անոնց համար Արշակ Ֆեթվաճեան եղած է թէ՛ հօրեղբայր եւ թէ իւրայատուկ ուսուցիչ եւ օրինակելի անձնաւորութիւն եւ ան իր գեղարուեստական վաստակով ու նկարագիրով մեծ չափով ուղղութիւն տուած է անոնց ապագայ գեղագիտական կողմնորոշումներուն: Արշակ Ֆեթվաճեանի դասաւանդութիւններէն յատկապէս կ՚օգտուի Վիգէնը, որ յետագային կը դառնայ Ամերիկայի Հայկական գրադարան-թանգարանի հիմնադրման նախաձեռնողն ու եռանդուն կազմակերպիչը եւ ազգային-հայրենասիրական զանազան ձեռնարկներու հեղինակը: Իսկ Լուսիկը, որ կը բախտաւորուի կնքահայր ունենալ Արշակ Ֆեթվաճեանը, ապագային կը դառնայ մասնագէտ ճարտարագէտ եւ կը մասնագիտանայ միջնադարեան հայկական ճարտարապետութեան, քանդակագործութեան եւ մանրանկարչութեան մէջ:

Պոսթոն ապրած տարիներուն Արշակ Ֆեթվաճեան երբեմն Հարվըրտի համալսարանի եւ այլ հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ առանձին հայկական կազմակերպութիւններու հրաւէրով դասախօսութիւններ տուած է հայ արուեստի եւ ճարտարապետութեան մասին: Անոր դասախօսութիւններուն ներկայ գտնուող ամերիկացի արուեստասէրները հիացմունքով բացայայտած են իրենց տպաւորութիւնները հայկական գեղարուեստի նկատմամբ եւ անոնք զարմացած են, որ Եղեռնէն մազապուրծ ազատած, անանձնագիր եւ թշուառութեան եզրին հասած Ամերիկա ապաստանած հայերու նախնիները եղած են այդ բոլորը ստեղծողները:

1925-1930 թուականներուն Պոսթոնի մէջ Արշակ Ֆեթվաճեան իւղաներկով վրձինած է շիկահեր եւ կապուտաչեայ երիտասարդ կիներու եւ աղջիկներու պատկերները, որոնք այսօր պահուած են Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի անոր երկերու հաւաքածոյին մէջ:

1929-1931 թուականներուն ան իւղաներկով կատարած է հայ միջնադարեան մշակոյթի նշանաւոր դէմքերու՝ հայ գիրեր ստեղծող Մեսրոպ Մաշտոցի, կաթողիկոս Սահակ Պարթեւի, պատմահայր Մովսէս Խորենացիի, պատմիչներ Յովհաննէս Օձնեցիի, Ստեփանոս Տարօնեցիի, առակագիր եւ իրաւագէտ Մխիթար Գօշի, փիլիսոփայ, թարգմանիչ, հասարակական, եկեղեցական գործիչ Եզնիկ Կողբացիի, բանաստեղծ Գրիգոր Նարեկացիի եւ այլոց երեւակայական դիմանկարները: Յատկապէս ազդեցիկ է Գրիգոր Նարեկացի պատկերը: Ֆեթվաճեան նկարած է նաեւ Ամերիկայի մէջ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան դեսպան՝ Արմէն Գարոյի, Քրիստափոր Միքայէլեանի, Սիմոն Զաւարեանի, Ստեփան Զօրեանի (Ռոստոմի) դիմանկարները: Ան նկարիչներուն մէջ եղած է առաջինը՝ պատմական անձերու երեւակայական դիմանկարներու ստեղծողը:

1930-ին մասնակցած է Պոսթոնի «Սիմֆոնի հոլ»ի ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած է նաեւ այլ ազգերու արուեստն ու մշակոյթը եւ կարողացած է ցուցահանդէսին ներկայացնել հայկական ստեղծագործութիւններ: Տունէ-տուն շրջելով, իր անձնական պատասխանատուութեամբ, պատմական, ազգային, գեղարուեստական նշանակութիւն ներկայացնող առարկաներ հաւաքած է եւ կազմակերպած է անոնց ցուցադրութիւնը:

Ամերիկեան կարգ մը թանգարաններ եւ արուեստի հաստատութիւններ առաջարկած են գնել Ֆեթվաճեանի ստեղծագործութիւնները, սակայն ան մերժած է՝ հաստատելով, որ իր ստեղծագործութիւնները կը պատկանին միայն ու միայն հայ ժողովուրդին:

Արշակ Ֆեթվաճեան իր կեանքի վերջին 25 տարիներուն ապրած է երազելով միայն հայրենիք վերադառնալու մասին: Ան մէկէ աւելի անգամներ դիմած է Հայաստանի իշխանութեան, որպէսզի վերադառնայ Հայաստան, սակայն միշտ մերժուած է: Սակայն հայրենադարձութեան տարիներուն, այլ մտաւորականներու շարքին, ինքն ալ կը հրաւիրուի՝ վերադառնալու հայրենիք: Ան կը պատրաստուի միանալու ներգաղթող հայերուն եւ ինք իր ձեռքերով կը զետեղէ իր ստեղծագործութիւնները (2000 հատ) սնտուկներու մէջ: Սակայն ան անակնկալ կը հիւանդանայ եւ 84 տարեկանին կը մահանայ 7 հոկտեմբեր 1947-ին Միացեալ Նահանգներու Մետֆըրտ քաղաքին մէջ: Իր կտակին համաձայն, իր աճիւնը եւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւնները տեղափոխուած են Հայաստան եւ պահուած են Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ: Անոր աճիւնները Երեւանի մէջ ամփոփուած են նկարիչ Սեդրակ Աղաճանեանի աճիւններուն մօտ: Դժբախտաբար այսօր անոր գերեզմանը անյայտ է:

Ֆեթվաճեանի ժառանգութիւնը ներկայացնող օրինակներ կը գտնուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի, որոշ այլ նկարներ Պոսթոնի «Հայրենիք» թերթի խմբագրատան մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Ամերիկայի եւ այլ երկիրներու մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ:

Եզրափակելով կարելի է կատարել հետեւեալ հաստատումները՝

- 1890-էն սկսեալ Արշակ Ֆեթվաճեան նկարիչի իր տաղանդն ու արուեստաբանի իր հմտութիւնը ի սպաս դրած է հայ ժողովուրդի մշակութային հարստութեան անմահացումին: Գեղանկարներով ու գծանկարներով յաւերժացուցած է հայկական ճարտարապետութեան հոյակերտ՝ կանգուն մնացած թէ կիսաւեր կոթողները, հայոց ազգային տարազներն ու յուշարձանները: Յատկապէս Անիի աւերակ կոթողները սքանչելի արուեստով ու ճշգրտութեամբ պատկերող ջրանկարներու իր շարքով (30 հատ): Ան աննախընթաց նուաճում մը արձանագրած է հայկական արդի նկարչութեան մէջ:

- Արշակ Ֆեթվաճեան իր ետեւ ձգած է բազմանիւթ գեղարուեստական ժառանգութիւն մը:

- Ան առաջին հայ նկարիչն է, որ գեղանկարչութեան նիւթ դարձուցած է ճարտարապետական կոթողը:

- Ան նկատուած է «անդրանիկ» հայ ջրանկարիչը:

- Ան կոչուած է՝ հայ մշակոյթի կոթողներուն եւ ազգային աւանդներուն անզուգական նկարիչը:

- Կատարողական վարպետութեան առումով՝ Ա. Ֆեթվաճեան, անտարակոյս, ջրանկարի ամենախոշոր վարպետներէն մէկը նկատուած է հայկական կերպարուեստին մէջ:

- Իբրեւ արուեստաբան՝ մամուլի էջերուն մէջ եւ առանձին հատորներով լոյս ընծայած է գեղագիտական մեծարժէք յօդուածներ եւ հայկական ճարտարապետութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւններ ու նկարազարդումներ:

- Անոր ձեռագիր հայ եւ համաշխարհային արուեստի պատմութեան հատորները, իր յուշերու հաւաքածոն եւ 100-է աւելի բանաստեղծութիւնները մնացած են անտիպ:

- Գրած է բազմահատոր երկեր՝ հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան մասին:

- Ան որպէս մտաւորական, նկարիչ, պատմաբան, բանաստեղծ, գծագրիչ, արուեստաբան փորձած է փրկել հայ մշակոյթը, արուեստը, արժէքները, հայու անունը եւ իրաւունքները ու փորձած է ներկայացնել այս բոլորը համայն մարդկութեան:

- Ձեւաւորած է թատերական ներկայացումներ:

- Կատարած է թատերական ներկայացումներու ուսումնասիրութիւններ:

- Կատարած է արուեստի բնագաւառի մէջ թարգմանական աշխատանք, մասնաւորապէս՝ ֆրանսերէնէ եւ իտալերէնէ հայերէնի:

- Գրած է հայ արուեստի, մշակոյթի, ճարտարապետութեան եւ նոր քաղաքաշինութեան հրատապ հարցերու մասին:

- Յատկանշական են իր հրատարակած հետեւեալ երկերը՝

1.- «Շրջագայութիւն նկարչաց աշխարհին մէջ», «Հանդէս» ամսօրեայ, 1892 թ. N 1-6, 9-11, 1893 թ. N 3. Տպուած Վիեննա, Մխիթարեան տպարան:

2.- «Իմ մտքերը», Պոսթոն, 1941: Այս հատորը վկայութիւնները եղած է իր մտահոգութիւններուն, աշխարհայեացքին, գեղագիտական ճաշակի մասին:

3.- «Les Ruines d’Ani». Venice, 1906.

4.- «Հայ գիրքի գեղարուեստը».

Արշակ Ֆեթվաճեանի մասին լոյս տեսած են հետեւեալ հատորները՝

1.- Ա. Տէր-Մանուելեան Պէյրութի մէջ 1966-ին հրատարակած է՝ «Նկարիչ Արշակ Ֆեթվաճեան» հատորը:

2.- 2015-ին Երեւանի մէջ լոյս տեսած է «Արշակ Ֆեթվաճեան, 1863-1947, Մշակութային աեեռնից փրկուած ճարտարապետական մասունքներ» հատորը:

3.- Լեւոն Չուքասըզեան Երեւանի մէջ հրատարակած «Արշակ Ֆեթվաճեան՝ հայ նկարիչը Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ»:

4.- Լեւոն Չուքասըզեան 2011-ին Երեւանի մէջ հրատարակած է «Արշակ Ֆեթվաճեան»՝ հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն եռալեզու պատկերագիրքը:

5.- «ՀԱՊ»ի կողմէ 2015-ին Հայաստանի մէջ հրատարակուած է «Մշակութային եղեռնից փրկուած ճարտարապետական մասունքներ» ալպոմը:

Արշակ Ֆեթվաճեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ հրատարակուած են դրոշմաթուղթերու շարք մը՝ օգտագործելով Արշակ Ֆեթվաճեանի եւ անոր ստեղծագործութիւններուն նկարները:

ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Մոնրէալ, 25 մայիս 2020

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020