ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (27)

Յետմիջօրէին, երբ արեւն արդէն անցեր էր Մաշտոցի պողոտայի վրայէն, եւ յայտնուեր էր միւս՝ արեւմտեան կողմը, Զանան հասաւ Մաշտոցի պուրակ։ Մի քանի օր առաջ, Նորայի հետ երկրորդ, բայց իրական՝ առաջին, հանդիպման աւարտին, ժամադրուեր էին այնտեղ, ժամը չորսին։ Առաջին ժամադրութիւնն էր Զանայի։ Եւ այս անգամ հանդիպումն ա՛լ աւելի իրական պիտի ըլլար, քան նախորդը, որ «պատահական» էր, ու ընդամէնը մի քանի վայրկեան էր տեւեր։

Չորսին քսան վայրկեան կար տակաւին. բայց ինք, չկարենալով նոյնիսկ կաթիլի մը չափ իրենց հանդիպման իրականացումը վտանգել, կանուխ ելած էր մզկիթէն։

Գրեթէ ամայի էր այգին։ Ագռաւներ թառած էին ծառերու կազմած տանիքին, շուն մը պառկած էր արեւուն տակ՝ հանգստի, եւ հեռուն, նստարաններէն մէկուն՝ նստած զոյգ մը կար. սիրահարներ, զիրար գրկած, պարուրուած։ Վայրկեան մը նայեցաւ անոնց ուղղութեամբ Զանան... ապա ինքզինքն ուշքի բերաւ, հանգստացուց. «մի երեւակայեր, տղայ, դասի ժամադրութիւն է քուկդ...»։ Ասոր վրայ անդրադարձաւ, որ հետը ո՛չ գիրք, ոչ տետրակ բերած էր։ Ետ դառնալը լաւ միտք չէր. կամ պիտի ուշանար Նորային, կամ ալ՝ վազելու պարագային, քրտնաթաթախ պիտի հասնէր։ Գրպանը մնացած էր գրիչ մը, բարեբախտաբար. թերեւս տետրակէն էջ մը զիջէր Նորան։

Մատիտը հանեց գրպանէն, բռնեց մատնեմատի եւ միջնեմատի միջեւ ու սկսաւ ճեմել այգիին մէջ։ Անընդհատ, անշուշտ, գլուխն ու աչքերը մէկ մուտքէն միւսը տանելով, ստուգելու համար, թէ կու գա՞ր Նորան։ Չէր գար տակաւին։ Անդին, հողակտորին վրայ, հաւաքուած ջուրի փոքր շրջանակ մը նկատեց։ Նոր էին ջրեր, երեւի, այգին։ Մօտեցաւ անոր, նայեցաւ դէպի խորքը, գտաւ ինքզինք, ու մազերը զննեց։ Խազին մէկ կողմէն շեղած էր փոքր խուրձ մը. ուղղեց զգուշութեամբ։ Գոհ՝ շտկեց մէջքը, ժամացոյցին նայեցաւ։

Չորսին երեք վայրկեան մնացեր էր։ Նայեցաւ այգիի տարբեր մուտքերուն. մարդ չկար։ Նստարաններուն. բոլորն ալ, բացի սիրահար զոյգինէն, դատարկ էին։ Զուսպ մտահոգութիւն մը սկսաւ գլուխ բարձրացնել ներսիդին։ Ընթացք չտալու համար անոր, շարունակեց քալել Զանան, մէջքը ուղիղ, գլուխը բարձր, կրցածին չափ՝ գեղեցիկ։

Առաւ մօտ քսան քայլ, հասեր էր պուրակի մէջտեղը արդէն, ծառ մը եւս ձգեց ետին, ու յանկարծ

-Զանա՞

Ցնցուած՝ դարձաւ ետեւ։

Ծառին բունին կռթնած, դեղին փէշին տակէն երկարող գեղեցիկ սրունքները ծալապատիկ ըրած, նստած էր Նորան, տետրակ մը գրկին։ Համարձակ ժպիտ մը դէմքին, իրեն կը նայէր։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2020