ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (21)

... եւ տեսածը ցնցեր, հմայեր, հարուածեր էր զինք. սառ կտրեր էր Զանան։

Կիսադէմ գեղեցկութիւն մը ապշահարեր էր զինք։ Անհասկնալի, անբացատրելի զգացում մը բռնկեր էր Զանայի մէջ, կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով։ Կախարդանք մը կանգնած էր արեւու շողերուն տակ։ Շուկայի վերին պատուհաններէն ներս ինկող լոյսը կը ջերմացնէր ուսերն ու... սրունքներն անոր։ Զանայի մէջէն դող մ՚անցաւ։ 16 տարեկան պամեցի տղան երբեք կանացի սրունքներ տեսած չէր դեռ։ Իրենց կողմերը չկար ատիկա... իսկ այստեղ, Երեւան, ցրտերը նոր էին հեռացեր տակաւին...

Չէր հասկնար ինչ, բայց կուրծքին տակ բան մը կը շարժէր, կրծքավանդակը դուրս կը հրէր կարծես։ Յանկարծ աղջիկը ուղիղ իրեն նայեցաւ։ Զանան կլլեց թուքը, թարթեց աչքերն ու կախեց զանոնք անմիջապէս վար. ձայն մը բարեբախտաբար փրկեց զինք կացութենէն։

-Վերցրու, բալէս... հազար դրամ...

Չրավաճառը լեցուցեր էր տոպրակն ու երկարեր զայն Զանային։

-Մամնուն...ըհ..մերսի։

Գլխակորոյս շնորհակալութիւն մը յայտնեց Զանան, առաւ սալորաչիրը, եւ անմիջապէս դարձաւ այն կողմ նորէն։ Չկար գեղուհին։ Շրթունքն ատամին տակ՝ գլուխն ու վառվռուն բիբերն աջուձախել սկսաւ Զանան։ Վերջապէս անդին, հեռուն, շուկայի մուտքին տեսաւ ծաղկաւուն փէշը անոր, որ կը հեռանար։ Ոտքերը հապճեպ առաջ նետեց Զանան, բայց

-բա փո՜ղը...

կանչեց մարդը ետեւէն։ Արագ դարձաւ ետ, երկարեց հազար դրամը, թողեց զայն չիրերուն վրայ առանց սպասելու որ վերցնէին ձեռքէն եւ արդէն գրեթէ վազելով դէպի ելքի դարպաս ուղղուեցաւ։

Դուրս գալուն պէս նկատեց զինք. ձախ դարձած՝ մայթով կը քալէր։ Այնպիսի քնքշանքով, պարով մը կարծես, որպիսին երբեք չէր տեսած, մտքովն իսկ չէր անցուցած Զանան։ Ինքզինք գտաւ, շունչ մը քաշեց, ու դանդաղ սկսաւ հետեւիլ աղջկան։ Շուտով Սարեան փողոցով ձախ մտաւ ան։ Վազեց Զանան մինչեւ անկիւն, ու երբ դարձաւ ձախ, զգաց որ չափէն աւելի մօտեցեր էր աղջկան, կանգ առաւ եւ - «Զանա, ի՞նչ կ՚ընես», հարցուց ինքն իրեն ամօթանք տալով։ Գիտակցական այդ պահը շատ կարճ տեւեց սակայն. գարնանային մեղմ արեւուն տակ վառող ծոծրակն աղջկան ինկեր էր Զանայի բիբերու խորքին... չդիմացաւ ու շարունակեց։ Մինչեւ որ, շուտով, Լէոյի փողոց չհասած, աղջիկը կտրեց ճամբան ու մտաւ բակերէն մէկը։

Ետեւէն երկար նայեցաւ Զանան, տեսաւ անոր շէնք մտնելը։ Յետոյ անբացատրելի երջանկութեամբ նետեց գլուխը ետ, նայեցաւ երկնքին, եւ ազատ ձեռքը զարկաւ ճակտին... կը ժպտար. շփոթած ու հիացած կը ժպտար։ Այս ի՞նչ էր...

Վերջ, պէտք է մզկիթ երթար. շէյխը կը սպասէր։ Շէյխը, փիլաւը, ճաշը... նայեցաւ տոպրակին ու... ստիպուած քալեց դէպի շուկայ դարձեալ. սխտորը մոռցեր էր։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2020