«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՄԱՐԴՈՒՆ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ ԻՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

Ո՜վ Ռոնտա. ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ երկու անձեր նոյն բանը տարբեր ձեւերով կը տեսնեն:

Արդեօք աչքերը կրնա՞ն նոյն բանը նոյն մաքրութեամբ տեսնեն: Որպէսզի մարդը իրերը մաքրութեամբ տեսնէ, պէտք է, որ իր «աչքերը առողջ» ըլլան, եւ այդ մէկը չի՛ կրնար ըլլալ, բացի ներքին մաքրութեան պարագային:

Ո՜վ Ռոնտա, ինչո՞ւ համար ոմանք դէպք մը օրհնութիւն կը նկատեն, իսկ ուրիշներ՝ չարիք:

Իւրաքանչիւր ոք կատարուած իրողութիւնը ըստ իր մտածումին կը բացատրէ: Կարելի է իւրաքանչիւր իրողութեան նայիլ իր լաւ եւ վատ կողմերով:

Մարդուն մտածումներուն տեսակը կը յայտնէ անոր հոգեւոր վիճակին մասին: Մարդիկ եղելութիւնները կը դատեն ըստ իրենց ներքին համոզմունքին: Եթէ հոգեւոր համոզմունք չունին, անարդար կը գտնուին ուրիշներուն նկատմամբ՝ բացատրելով եղելութիւնները սխալ եզրակացութիւններու պատճառով:

Արդար մարդ մը գիշերով բարիք կը գործէ, որպէսզի ոչ ոք տեսնէ զինք. կը տեսնէ ուրիշ մարդ մը, որ կը սլքտայ խաւարի թեւերուն տակ, անոր մասին գէշ պիտի չմտածէ: Սակայն,եթէ տեսնէ մարդ մը, որ սովորութիւն դարձուած է մեղքին մէջ գիշերել, այս արդար մարդը եղելութեան մէջ վատ բան մը կը նկատէ. մարդիկ ուրիշներուն վրայ կը բարդեն իրենց հոգեկան ներքին վիճակը: Շէնքի մը յարկաբաժինէն լսել եղանակներու ձայներ, ոմանք զայն գեղեցիկ շարական կը համարեն, իսկ ուրիշ մը՝ աղմկայարոյց երգեր:

Ասոր լաւագոյն օրինակը խաչուած Յիսուսին հետ եղող երկու գողերն են: Երկու գողերն ալ տեսան զՅիսուս խաչ բարձրացած եւ ականատես եղան Անոր կրած չարչարանքին ու անարգանքին: Ձախ կողմը եղողը հայհոյեց ու ըսաւ. «Եթէ Դուն ես Յիսուսը, Դուն Քեզ եւ մեզ ազատէ»: Իսկ աջ կողմը եղողը ըսաւ. «Մենք արդար կերպով [կը պատժուինք], որովհետեւ մեր ըստ մեր գործերուն կը ստանանք, սակայն Ասիկա սխալ բան մը չգործեց» (տե՛ս Ղկ 23.39-41):

Ո՞Ր ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՅՀՈՅԱԼԻՑ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ ԵՆ

Ո՜վ Ռոնտա:

Չհասկցայ, թէ մտածումը երբ հայհոյալից մտածում կ՚ըլլայ:

-Երբ մեզ վատ պատկերացումներ կը շրջապատեն Յիսուսի, Ս. Կոյսին, սուրբերուն, եւ ցանկացած աստուածային սուրբ բանի մասին, կամ նոյնիսկ մեր հոգեւոր հօր մասին: Ասո՛նք են հայհոյալից մտածումները, եւ մարդ պէտք չէ ատոնց մասին խօսի՝ երբ պատահին:

-Իսկ եթէ իր հոգեւոր հօր յայտնեց զանոնք:

-Բաւարար է, որ այդ մտածումները յիշուին՝ առանց մանրամսնութիւններու: Այս հայհոյալից մտածումները սատանայէն են եւ մեզի չե՛ն վերաբերիր: Այդ պատճառով, պէտք չէ սատանայի մեղքերուն համար նեղուիլ:

Ո՜վ Ռոնտա. մարդ ինչպէ՞ս կրնայ հասկնալ, թէ մտածումը հայհոյալից մտածում է:

- Եթէ անոր ուղեղը կ՚աշխատի, հետեւաբար կրնայ հասկնալ: Մէկը ըսաւ ինծի. «Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ դժոխք գոյութիւն ունենայ: Մարդու մը բանտի մէջ ըլլալը կը նեղացնէ մեզ, հապա ինչքան աւելի եթէ դժոխքի մէջ ըլլայ»: Նմանատիպ մտածում մը, հայհոյալից մտածում է, որովհետեւ այս խօսքը ըսողը ինքզինք Աստուծմէ աւելի արդար ցոյց կու տայ: Աստուած գիտէ թէ ինչ կ՚ընէ:

Դէպք մը կայ, որ Սուրբ Գրիգոր Աստուածաբանը կը յիշէ (Աֆրեդենոս գիրքին առաջին հատորին մէջ), որու ամփոփումն է, թէ Ֆորթոնադոս Եպիսկոպոսը տիկինի մը մէջէն սատանայ մը դուրս կը հանէ: Այդ սատանան կը վերադառնայ նոյն այդ քաղաքը այս անգամ աղքատ մարդու մը կերպարանքով, եւ կը սկսի զրպարտել Եպիսկոպոսին, թէ անողորմ է, որովհետեւ զինք վռնտած է: Մինչ կը գոռար, մէկը լսեց զինք եւ հրաւիրեց զինք իր տունը՝ քննադատելով Եպիսկոպոսին արարքը: Սատանան մտաւ անոր տունը, եւ տանտիրոջ ըսաւ.

-Կը պաղիմ, վառարանին մէջ քիչ մը փայտ դիր:

Երբ կրակը բոցավառեցաւ եւ վառարանը հրաբորբ դարձաւ, սատանան այդ մարդուն տղուն մէջ մտաւ, եւ վերջինս դիւահարեցաւ, որով եւ կրակին մէջ նետուեցաւ ու այրեցաւ: Այդ ատեն տանտէրը հասկցաւ, թէ զո՞վ վռնտած էր Եպիսկոպոսը, եւ որո՞ւ ինք ընդունած էր իր տան մէջ: Զղջաց Եպիսկոպոսը քննադատած ըլլալուն, եւ ըսաւ.

-Իրօք որ եթէ Եպիսկոպոսը չի գիտնար թէ ով էր որ այդ կերպարանքը ստացած էր, չէր վռնտեր զինք:

Եւ Եպիսկոպոսէն թողութիւն եւ օրհնութիւն խնդրեց:

ՈՒՐԿԷ՞ ԿՈՒ ԳԱՆ ՀԱՅՀՈՅԱԼԻՑ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐԸ

Ո՜վ Ռոնտա: Մեզի բան մը ըսէ դրական անհոգութեան մասին:

-Դրական անհոգութիւնը անհրաժեշտ է զգայուն մադրուն համար, որուն փորձիչը տարբեր մտածումներով կը չարչարէ: Այս պարագային ամենէն լաւը իրեն համար անզգայ ըլլալն է՝ դրական իմաստով: Այս դրական անհոգութիւնը անհրաժեշտութիւն կը դառնայ անհոգ մարդուն համար, որուն համար սատանան այնպիսի զգացում մը կը յառաջացնէ բանի մը նկատմամբ՝ որպէսզի մոլորեցնէ զինք: Այս պարագային դրական անհոգութիւնը կ՚օգնէ անոր: Սակայն պէտք է հետեւողական ըլլալ: Ինչպէս նաեւ պէտք է իր մտածումը յայտնէ իր հոգեւոր հօր, այն բանով որ յանկարծ հարցերը իրար խառնուին եւ ծայրայեղ դառնայ, եւ ընդհանրապէս անհոգ [անտարբեր] դառնայ:

Ինչո՞ւ հայհոյալից մտածումներ կ՚ունենամ երբ վհատութեան մէջ կ՚ըլլամ:

-Սատանան երբ քեզ վհատած կը տեսնէ, կ՚օգտագործէ այդ պահը եւ քեզի բարձր տրամադրութիւն կու տայ՝ սխալ մտածումի մը միջոցով: Երբ անոր ճիրաններուն մէջ իյնաս, ան քեզ աւելի մեծ վհատութեան կը տանի՝ որ անզօր կ՚ըլլաս դիմադրելու: Այդ պատճառով, պէտք է հոգեւոր որեւէ մէկ գործ կատարես, որպէսզի կարողանաս այդ վհատութեան վիճակէն դուրս գաս:

Մէկու մը հանդիպեցայ, որ անընդհատ կը թքնէր: Մէկը ըսաւ ինծի. «Սատանայ կայ անոր մէջը»: Սակայն, սատանաներէն բնակուածը այդպէս չի վարուիր: Յետոյ հասկցայ, թէ սատանան այդ մարդուն մէջ յարմար բնակութեան վայր գտած է: Այդ մարդը որբ մեծցած է, նրբամիտ բնաւորութեան տէր անձ եղած է, ձախէն մտածումներ կ՚առնէ եւ սատանային աճեցուցած մտածումները կը սկսի պատկերացնել, որով այդ մտածումները հայհոյալից մտածումներու վերածուած են: Այդ մարդը կը դիմադրէր սատանայի մտածումներուն, որով կը թքնէր այդ հայհոյալից մտածումներուն վրայ, այնքան որ ուրիշները կարծեցին, թէ իր մէջ սատանայ կայ:

Ով Ռոնտա: Կրնա՞յ ըլլալ որ մենք մեզի հայհոյալից մտածումներ պատճառենք:

-Այո՛. նրբազգացողութեան բացակայութեան պարագային, կրնայ ըլլալ որ հպարտութենէն եւ դատապարտելէն է: Այդ պատճառով, ան որ կը ճգնի եւ հայհոյալից մտածումներ ձեռք կը ձգէ, թող գիտնայ, որ իր ճգնութիւնը հպարտութեամբ կ՚անցընէ: Հպարտութիւնը ուղեղը խաւարի մէջ կը նետէ, որով անհաւատութիւնը կը սկսի եւ մարդը Աստուծոյ շնորհքէն կը մերկանայ: Հայհոյալից մտածումները կը գոյանան, երբ մարդ դաւանաբանական հարցերով կը զբաղի, առանց պէտք եղած գիտութիւնը ունենալու այդ մասին խօսելու:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 3

3 սեպտեմբեր 2020, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2020