ԱՆԴՐՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանէն Պոլիս գաղթածներու կողմէ հիմնադրուած եւ բանեցուող Հրանդ Տինք վարժարանի մասին նախորդ յօդուածիս մէջ փորձած էի ներկայացնել, թէ այդ հաստատութիւնը ի՛նչ աստիճանի կապուած է Հայաստանի հետ եւ կարծիք յայտնած՝ որ Հայաստանը մշտական վերացական ներկայութիւն է այնտեղ։

Այս սիւնակով քիչ մը եւս կ՚ուզեմ արծարծել Հայաստանի հետ շօշափելի, զգացական եւ մտաւոր-իմացական կապի նիւթը, այս անգամ դուրս գալով Հրանդ Տինք վարժարանի սահմաններէն (վերջինիս մաղթելով բարի վերամուտ) եւ խօսելով աւելի ընդհանրական առումով Հայաստանէն Պոլիս ժամանած գաղթականներու մօտ այդ երեւոյթին մասին։

Նախ եւ առաջ, ինչպէս շատ մը ուրիշ առաջին սերունդի գաղթական հաւաքականութիւններ, Հայաստանէն Պոլիս եկած մարդիկ այս կամ այն չափով անդրսահմանային, անդրպետական իրավիճակի մէջ կը գտնուին։ Անդրպետականութեան տեսութիւնը, շատ կարճ եթէ ըսեմ, պետական սահմանները հատող-գերազանցող երեւոյթներու հետ կ՚առընչուի։ Իսկ ընկերաբանական-մարդաբանական առումով անդրսահմանայինութիւնը/անդրպետականութիւնը կը խօսի պետական սահմանները հատող մարդկային գործօնի մասին, թէ՛ շօշափելի-ֆիզիքական մակարդակի վրայ (երթեւեկ, գաղթ), թէ՛ մշակութային եւ նոյնիսկ մտաւոր-իմացական։ Չտարբերելով շատ մը այլ գաղթական հաւաքականութիւններէ, Պոլսոյ հայաստանցիները գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ հայ-թրքական փակ սահմանը հատող կեանքեր կ՚ապրին։

Շօշափելի մակարդակի վրայ, խօսքը թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ իրեղէն անդրսահմանայինութեան մասին է։ Ֆիզիքականը պարզ է, թէեւ համեմատաբար սահմանափակ։ Գաղթականներէն շատեր, յատկապէս անոնք, որոնք օրինական կացութիւն վերջ ի վերջոյ հաստատած են, տարբերող յաճախականութեամբ Հայաստան կ՚երթան-կու գան։ Պոլիս-Երեւան հանրաշարժերը ամենէն վառ ապացոյցն են այս երեւոյթին։ Աւելի յաճախակի է սակայն իրերու եռուզեռը, որ անդրպետական շօշափելի յարաբերութեան յաճախ ուսումնասիրուող երեւոյթ մըն է։ Անցէ՛ք Գումգաբուի շուկայէն, եւ պիտի տեսնէք հայաստանցի առեւտրականներ, որոնք Հայաստանէն բերուած քոնեաք, գինի, երշիկ, եւ այլ նմանատիպ արտադրութիւններ կը վաճառեն, յաճախ որպէս գնորդ ալ իրենց հայրենակիցները ունենալով։ Մի քանի անգամ զարմանք ապրած եմ, օրինակ, երբ թրքական սուրճով յայտնի եղող Պոլսոյ մէջ, հայաստանցի բարեկամներու տան մէջ ինծի առաջարկուած է ընտրել տեղականին եւ հայկականին միջեւ։ Միւս կողմէ, իրեղէն անդրսահմանային հոսքը հակառակ ուղղութեամբ եւս նոյնքան աշխուժօրէն կը գործէ, Պոլսէն աժան գնուած այլեւայլն ապրանքներու դէպի Հայաստան ուղարկուելու տեսքով՝ օճառ, հագուստ, նոյնիսկ տուրմ ու կրկնեփ... Վերջապէս, եւ հաւանաբար ամենէն կարեւորը, այն դրամը, ընդհանրապէս տաժանակիր աշխատանքով վաստակուած, որ կը ղրկուի Հայաստան մնացած ընտանեկան պարագաներուն, անքան կարեւոր ու այնքան սպասուած...։

Ոչ շօշափելին նախ եւ առաջ գրեթէ ամէնօրեայ հեռաձայնային եւ համացանցային լսատեսողական կապերն են հայրենիքի հետ։ Ասոնք կա՛մ բարեկամական-ազգականական ուղղակի շը-փումներ են, կա՛մ լուրերու, քաղաքական եւ մշակութային պարունակութեամբ հաղորդումներու ընկալում, թէ՛ համացանցային կայքերու, թէ՛ հայկական հեռուստաալիքներու միջոցով։ Վերջապէս, Հայաստանի հետ շփման շատ աւելի անուղղակի ու վերացական մակարդակն ալ կայ՝ մտովի-երեւակայականը։ «Տեսնես այսօր Երեւանում եղանակը ո՞նց է»էն սկսած մինչեւ կարօտի զգացումներ ու ամէնօրեայ յիշողութիւններ, Հայաստանը այնտեղէն Պոլիս եկած գաղթականներէ շատերու համար, եւ ոչ զարմանալի կերպով, բացի անցեալ ըլլալէ ներկա՛յ է նաեւ, ամէն օր ապրուող։ Աւելի՛ն. ապագայ է ան։ Իմ հանդիպած գաղթականներուս անառարկելիօրէն մեծ մասը Հայաստան վերադառնալու յոյսով ու փափաքով կ՚ապրի, երբեմն անհամբերութեան հասնող մակարդակի։ Իր ապագան այնտեղ կը տեսնէ. «Փող հաւաքեմ, պարտքերս փակեմ, այնտեղ տուն մը առնեմ, ու վերադառնամ» մոթթոյով։

Այսպէսով, Պոլսոյ մէջ ժամանակաւոր կեցութիւն հաստատած Հայաստանի քաղաքացիներէն շատ շատերու համար Հայաստանը ո՛չ միայն յիշուող անցեալ, այլ ամէնօրեայ ներկայութիւն է եւ ապագայ վաճխանական նպատակ։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019