ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԵՆՔ

Պատմական շրջան մը կ՚ապրինք
ականատեսը կ՚ըլլանք բոլոր դէպքերուն
մանրամասնօրէն կը հետեւինք բոլոր անցուդարձերուն
այն աստիճան
որ ձայները կը խլացնեն այլեւս մեր ունկերը
պատկերները կը մթագնեն մեր էութիւնը
եւ պարոյկը կը յայտնուի՝ «ա՞ս ենք մենք»...

Ոստիկաններու մեքենաներուն շչակները անդադար կը հնչեն
փողոցը յաճախ կը հանդիպինք պաստառը ձեռքը բարձրացուցած
երիտասարդներու
անուններ կը պտըտին պաստառներուն վրայ
մարդիկ ներքին մաղձը չեն գիտեր ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ վրայ պիտի թափեն
մեղաւորներու որոնում եւ յուսահատութիւն կը բուրէ ամէնուր
չքացած վստահութիւն
անդին՝ մի առ մի կը յանձնուին հողամասեր
կը տեղահանուի բնակչութիւն
կը դատարկուին վանքեր...

Քաոսը իր տիրական ղեկին նստած
կը փոթորկէ մարդոց ներսը, դուրսը
եւ իր դիւային քրքիջին արձագանգը կը սփռուի
ու մենք կ՚ապրինք այս ակնթարթները, պահերը, ժամանակաշրջանը
կը յուշանան անոնք մի առ մի...

Պիտի գրուին ասոնք եւս պատմութեան գիրքերուն մէջ
բայց ամիսներու տանջանքը 
միայն մէկ-երկու էջով կրնայ ներկայացուիլ
միայն մէկ երկու էջ՝ տեսանկիւնէ մը դիտուած
չէ՞ որ պարտութիւն է...

Կը յիշեմ, թէ ինչպէս անցեալ տարիները 
Եղեռնի տարելիցներուն ականատեսներ կ՚որոնէինք
աղէտի մը գոյութեան վկաներ
արհաւիրքին իրականութիւնը դրոշմող փաստեր
որպէսզի ցեղի մը սպանութեան աղէտին ձայնը հասնի
փաստագրուի բոլորին կողմէ
թուղթով ճանչցուի...

Կը ջանայինք եւ կը ջանանք ազգովին հասնելու այդ ճանաչման
կ՚աշխատէինք բոլոր ուղղութիւններով 
որ օր մը
ի վերջոյ 
լսենք՝ «Հայերը լաւ մարդիկ են...» արտայայտութիւնը
ղեկավարի մը բերնէն...

Ու ահաւասիկ 
կ՚ապրինք նոյնը
կ՚ապրինք թերեւս մենք ալ ապագային վկայելու մեր տեսածները
պատմելու մեր ապրածները նորերուն
որ տեսնեն անոնք մեր աչքերուն կրակը
մեր ներսի փոթորիկը արթննայ պատումով
եւ փոխանցուի յուզումներուն ալիքը 
պարտութեան ցաւը
կորուստներուն ու խլումին կսկիծը 
սթափեցնէ անոնց մէջ կայծը հայրենասիրութեան
եւ ջանքը գծուի անոնց մտապատկերին մէջ
ջանքերը միանան
սերտեն պարտութեան պատճառները
իմաստուն ծրագիրներ կազմեն
դարին համահունչ քայլեր ձեռնարկեն...
եւ
վերանայ կողոպուտը
սուտը
նիւթին պաշտամունքը
վերջապէս տիրէ 
սէրը
խաղաղութեան ձգտումը
իմաստնութիւնը…

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2020