ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Բնութեան հետ վարուիլ չգիտցող մարդկութիւնը այսօր դէմ յանդիման կը գտնուի բնութեան բերած աղէտին հետ առերեսուելու։ Մեծ խորագիրը, անշուշտ, մարդասիրութիւն կը կոչուի՝ պարագայի մը մէջ, երբ զոհերու թիւերը ժամ առ ժամ կ՚աճին՝ զանցելով բոլոր մակարդակի կանխատեսումները կամ հազարաւոր քիլօմեթրերու վրայ երկարող աւերածութիւնները, կամ ալ հազարաւոր վիրաւորներու սրտաճմլիկ մեծ պատկերը։ Մեծ աղէտ էր այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ, երկուշաբթի, 6 փետրուարի առաւօտուն։ Այս երկրաշարժի ցնցումները հասան մինչեւ Պէյրութ եւ Կիպրոս՝ տեղ մը նաեւ ի մի բերելով այն գաղափարը, թէ պատմութեան ընթացքին միշտ ալ աշխարհագրութիւնը շատ աւելի ազդեցիկ դեր ունեցած է՝ իրարմէ հեռու համարուող կամ տարբեր պայմաններու պատճառով իրարու հանդէպ ատելութիւն կամ վերապահութիւն ունեցող երկիրները քով-քովի բերելու։

Երկրորդ մեծ խորագիրը ցաւն է, ի հարկէ. ցաւ, որուն արմատները պիտի ամփոփուին երկրի ընդերքին մէջ՝ իւրաքանչիւր փոքրիկի, իւրաքանչիւր տարեցի, իւրաքանչիւր մարդ արարածի անսպասելի կորուստին ու ապա մայր հողին միանալու արարաքին հետ։ Ցաւն ու հողը, մեծ հաշուով, պատկանելիութիւն մը չունին՝ անկախ անկէ, թէ այսօր ալ մարդկութիւնը ընդունակ է հնարել ամէն տեսակի տարբերութիւններ, որպէսզի այդ խորհուրդ պարունակող մէկութիւնը բզիկ-բզիկ ընէ եւ տարանջատէ։ Բոլորը կը խօսին իրենց եսին անունով, բոլորը կը հաւատան, թէ իրենք են լաւագոյնը եւ բոլորը ճիգ կ՚ընեն աշխարհին բացատրելու համար, թէ հողը, որուն վրայ կ՚ապրին միայն իրենց սեփականութիւնը չէ, այլ բոլորինն է։

Այսպէս եղած է մարդկութեան ողջ ընթացքն ու մեծ թաւալումը ու այդպէս եղած է «մեծ սրբագրումը» այն ատեն, երբ վրայ եկած է ցաւը։ Հողն ու ցաւը միասին են միշտ, միասին ապրած են ու պիտի ապրին, միասին գոյացած են, միասին աճած, միասին մահացած ու միասին դարձեալ կենդանութիւն ստացած։ Ցաւը եւ հողը Աստուծոյ շունչին, անոր մարմնացման, վերակենդանութեան խորհուրդին, նաեւ կենարարութեան մշտատեւ ցոլքերն են մարդուս վրայ։ Ցաւը կը խօսի մեր մեղքերու լեզուով, մեզ կը պատրաստէ նոր փուլերու, մեր վրայէն կը մաքրէ մեղքի փոշին ու իրական պահուն մեզի ցոյց կու տայ կեանքի անցողիկ ըլլալու օրինաչափութիւնը։

Հողը, մեր գոյութեան իմաստին հետ, մեր հացին, մեր կեանքին, մեր սկիզբին ու վախճանին տարբաղադրողն է։ Անոր մասին խօսեցան բոլոր կրօնները, անոր մասին վկայեց նոյնինքն մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս։ Անոր համար իրենց արիւնը տուին բոլոր ազգերու զաւակները՝ հաւատալով, որ միայն այդ հողի մշտնջենականութեան մէջ պիտի գտնեն յաւերժութեան ճամբան։ Հողի գաղափարը, հողը պահպանելու-պաշտպանելու իրաւացիութիւնը դարձեալ բաժնող, բաժանող մօտեցում մըն էր։ Քարտէսներու վրայ կարմիր արիւնով գրելու առիթ, պատերազմներու հանդիսարան եւ պատճառ, մեծ խռովութիւններու, տարաժամերու եւ աղէտներու «սրբավայր»։ Բոլորը խորհեցան այդ սրբավայրերը պահելու մասին ու պահ մը մոռցան, որ հողը ընդամէնը մարդանալու իրական պատճառ պէտք է դառնար, այլ ո՛չ թէ իրարու արիւն խմելու պատճառաբանութիւն։

Դարերով այսպէս եղած է ու այսօր եւս այդպիսին է պատկերը։ Դրամ, ոսկի, նաւթ, խողովակաշար, ջուրի մեծ պաշարներ, տիրակալութիւն, մեծութիւն, իշխանութիւն եւ այս բոլորէն անդին, բոլորէն վեր ըլլալու ու բոլորէն մեծ ըլլալու մերժելի մօտեցում…

Այս բոլորը հողին կը վերագրուին՝ մոռնալով, անշուշտ, որ մեր բոլորիս, մարդկութեան վերջին հանգիստը նոյն այդ ռազմերուն պատճառաբանութիւն դարձած մայր հողին մէջ է։ Մեր անցեալը հոն է, մեր պապերուն աճիւնները, մեր եւ մեր մերձաւորներու անցեալը հոն պիտի հանգչին, հոն պիտի պառկին, որպէսզի յետոյ դարձեալ՝ արեւոտ ու պայծառ օր մը լոյսի նման արձակուին։ Եւ այս ամբողջին մէջ, այս ամբողջ շարադրանքին մէջ պակսող աղը այն է, որ տակաւին մարդկութիւնը պատրաստ չէ այն միութեան, որուն համար ալ մեծ պայքար կը տանին ցաւն ու հողը։ Ցաւն ու հողը մեզ կը հալածեն ամէն քայլափոխի, մեր մէջ են, մեր հետ են, մեր ռունգերէն կը փչուին եւ մեր ողնայարին հետ կը ծերանան… կլոր, շրջանակեայ ճշմարտութեան մը նման, որ անհատնում է եւ հեռու ամէն տեսակի աւարտներէ։ Հողը եւ ցաւը աւարտ չունին, կը խաղաղին, կը մարին, կը խամրին, բայց մշտատեւ են խորունկ սաւաններով իրենց ճերմակ-ձիւնը տարածած ձմրան նման ու անկէ ետք փայլող արեգակին նման։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ. ՅԱՆՈՒՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆԻՆ ՈՒ ՑԱՒԻՆ

Վերջին օրերուն ամենէն աւելի քննարկումի նիւթ դարձաւ՝ մանաւանդ հայկական ցանցին վրայ, Հայաստանի կողմէ Թուրքիա փրկարարներու խումբ ուղարկելու լուրը։ Քիչեր գնահատեցին Հայաստանի իշխանութիւններուն այս քայլը եւ շատ-շատեր կը մեղանչեն եւ մեղք համարեցին մարդասիրական բնոյթով այդ քայլը։ Շահարկումը ունեցաւ նաեւ քաղաքական երեսակ, Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակներու հետեւորդ հանրութեան մէկ տոկոսը ո՛չ միայն բուռն կերպով քննադատեց այս քայլը, այլեւ զայն կապեց Արցախի պաշարման հետ։ Եղան տարբեր մակարդակի քննարկումներ, հնչեցին բանաձեւումներ ու ամենակարեւորը՝ եղաւ այն, որ այդ բոլորին մէջ նահանջեց մարդկային մօտեցումը, մարդկային երակը։ Հասկնալի էին, անշուշտ, այդ բորբոքումները, որոնք մեծ հաշուով կապուած էին Արցախի վերջին պատերազմի պարտութեան, նաեւ հետեւանքներուն ու Հայաստանի ներկայ անմխիթար վիճակին հետ։

Այդ քննադատութիւնները, դժգոհութիւնները, անշուշտ, ժամանակի ընթացքին պիտի մարին ու անոնց տեղ պատուանդանի մը վրայ, ոսկեայ տառերով պիտի գրուի, որ Հայաստան իր հարեւան Թուրքիոյ համար։ Եթէ խորքայնութեամբ նայինք հարցին, Հայաստանի նեցուկը շատ աւելի գերակշիր է իր խորհրդանշական պատկերին մէջ՝ քան տասնապատիկ ու քառապատիկ հզօր կարողութիւններով երկիրներուն նեցուկը։

Այս շրջանակին մէջ նաեւ կարեւոր է հասկնալ, որ Հայաստանի այս քայլը ունէր զուտ մարդասիրական բնոյթ ու հեռու էր քաղաքական ենթաթեքստերէ։ Նոյնիսկ եթէ եղածը դուրսէն երեւի կամ մեկնաբանուի՝ որպէս քաղաքական ծալքով քայլ մը, իրականութիւնը այդպէս չէ։ Ու հոս է նաեւ հողի, հարեւանութեան, ցաւի եւ ատոր դիմաց պատմական ցաւի, բարդ փուլերու եւ ցաւոտ երեսակներու ամբողջ ճակատագրի մեծ պայքարը։ Ու այս ճանապարհով պէտք է քալէ փոքրիկ Հայաստանը, որ կարողացաւ ամէն բան մէկդի դնել ու հասնիլ մե՛ծ Թուրքիոյ մե՛ծ ցաւին։ Այդ է, անշուշտ, որ կը վսեմացնէ մարդկային մեծ խորապատկերը, որուն մասին արտայայտուեցանք վերեւ։

Խուսանաւութեան, լլկումի, քէնի եւ կղզիացած վիճակէ դուրս գալու այս ճամբան զիս ամենէն շատ կը տանի այն օրերուն, երբ Հայաստանի ամենածանր տարիներուն Թուրքիա կը բանար իր ճանապարհները, որպէսզի Հայաստանի քաղաքացիներուն ցորեն, հետեւաբար հաց հասնի։ Այսպէս պէտք է շարժի մարդկութիւնը, այդպէս պէտք է շնչէ մարդկութիւնը՝ փոքրին տալով իր բաժինը եւ մեծին ալ պարտաւորեցնելով, որ մահէն ու տարաժամէն հեռու պահէ փոքրիկին սահմանները։ Ի վերջոյ դարերու վրայ երկարած եւ նոյն հողն ու ջուրը բաժնած երկու ժողովուրդներուն համար այլ ճանապարհ գոյութիւն չունի՝ քան մարդկայնութեան, խղճի, արդարութեան եւ ցաւէն ու հողէն սորվելու ճանապարհը…

Մնացեալը մանրամասնութիւններ են ու արդար դատողը անոնցմէ չի տարուիր։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2023