ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ-ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ (Դ.)

Վերադառնալով այսպէս ձեւակերպուած ժողովուրդներու վաւերականութեանն ու իրաւականութեան աղբիւրին՝ կը տեսնենք, որ անոնք նոյնիսկ պատմական ենթակայական պատուհաններու բացումով ու ժողովրդավարութեան չափանիշներու ալ քաղաքականացմամբ, կը մնան ժողովրդավարական չափորոշիչով բանող: Այսինքն, ինչքան ալ ժողովուրդ մը պատմականօրէն մեծ սխրանքներ ու նուաճումներ իրագործած ըլլայ, ըստ իր կամ միւսներու գնահատմամբ, անոր քով գերակայ ղեկավարի ու առաջնորդի մը ուղեգիծը (պատկերացնենք մակեդոնացիները առանց Ալեքսանտրին) ուրիշ ազգերով կամ այսպէս կոչուած՝ յարաբերական ժամանակային միջազգային շրջագիծով ու տրամաբանութեամբ մը պէտք է բանի: Ինչքան ալ գերհզօր կամ տիրական պատմութիւն ունեցած ըլլայ որեւէ ազգ ու ժողովուրդ, տեղ մը միւս ազգերն ու ժողովուրդները պէտք է այդ մէկը գնահատեն: Այդ գնահատակը նոյնպէս շատ ճիւղաւորուած ու ենթակայացուած է, այո՛, բայց միշտ ժողովուրդներու բարօրութիւնը, համաձայնեցուած նուազագոյն իրավիճակը եւ ապրելու-ստեղծագործելու մեծ առիթն ու շրջանակն է (որ տրուած կամ ձեռք բերուած է) անաչառ հիմք համարուիլ պատմական վաւերականութիւններ փոխանցելու: Իսկ ամենակարեւորը որ ազգի մը կամ ժողովուրդի մը կազմաւորման գլխաւոր հանգանակը այսպէս կոչուած՝ «ժողովրդային միասնական կամքն» է, որ չի կրնար ըլլալ ու պատկերացուիլ բացի ժողովրդավարութեամբ կամ ժողովրդավարական բնոյթով:

Ինքնին ժողովուրդները, որպէս միջին դասակարգ եւ անհատներ, զարգացան ամէն տեղ, իսկ այդ զարգացումը շատ մը պատճառներ ունի: Հոս չխորանալով անոնց մէջ միայն նշենք, որ ներկայ դարու ազատականացումը, բացուածութիւնն ու գիտական զարգացումները մեծ հնարաւորութիւններ ստեղծեցին բոլորին համար: Միեւնոյն ժամանակ իբրեւ հետեւանք զարգացուածութեան՝ միջին դասակարգերու աճն ու բարգաւաճումը ժողովրդավարութեան ալ մեծ վազք տուաւ: Բաց աստի, չենք կրնար անտեսել, որ կարգ մը ժողովուրդներ-պետութիւններ բացառաբար իրենք զիրենք գերազանցեցին. ինչպէս՝ նորակազմ Սինկափուրն ու սինկափուրցի ժողովուրդը, նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Քաթարը: Հակառակ որ ներկայ դարու այցեքարտը ժողովրդավարութիւնն է, պէտք է նշենք, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները չըլլալով ժողովրդավար, եւ ըլլալով թագաւորական կամ շէյխական քաղաքական համակարգով բանող, կրցաւ մեծ նուաճումներու եւ զարգացման հասնիլ, բայց բնականաբար բարձրագոյն արդի չափանիշներու բանեցմամբ այն չի կրնար բաղդատուիլ Զուիցերիոյ կամ Շուէտի պէս երկիրներու հետ:

Ժողովուրդ ու ժողովրդավարութիւն կապը ազնիւ է եւ չենք կրնար զայն դիտարկել միայն տնտեսական կամ սոսկ շահադիտական պրիսմակներով, ինչպէս կ՚ընեն ազատ շուկայի ջատագով տնտեսագէտները: Այո՛, մարդկային հաւաքական կեանքին մէջ ընդհանուր պետական ու միջազգային քաղաքականութիւնը բարձրագոյն դրսեւորումն է՝ շահ հետապնդելու եւ ձեռք բերելու մեքանիզմին համար, եւ ինչքան ալ այդ շահը իբրեւ արժէք անողոք է եւ ամբարոյ եւ անոր հասնելու համար միջոցները չզատորոշուած, բայց եթէ բաղդատենք նոյն «քաղաքական մեծ շահին» համար պատմականօրէն կատարուած ոտնձգութիւններու, յանցագործութիւններու, ամէն համակարգերու մէջ, անոնք աւելի սուր եւ անգութ կ՚երեւին: Կայսրութիւններու, թագաւորութիւններու պատմութիւնները բոլորը հարստահարումներու վրայ հիմնուած են թէ՛ անհատներու եւ թէ ժողովուրդներու հանդէպ: Իսկ քաղաքական համակարգերը աւատապետութենէն, կրօնապետութենէն, մինչեւ համայնավարութիւն, ժողովրդավարութեան չափ յարաբերական անհատի եւ ժողովուրդի ազատականացում ու զարգացման հնարաւորութիւն չեն ընծայած:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2024