Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պե­տա­կան Պա­հես­տը

Էա­կան ի­րո­ղու­թիւն է, թէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու պե­տա­կան պա­հես­տը որ­ե­ւէ պե­տա­կան կա­ռոյ­ցի հետ ա­ռըն­չու­թիւն չու­նի եւ շա­տեր տե­ղեակ չեն ան­կէ: Ան սե­փա­կա­նու­թիւնն է ե­րեք ըն­տա­նիք­նե­րու՝ Ռոտս­չայլտ, Ռա­քը­ֆէլ­լըր և Մոր­կըն (Rothschild, Rockefeller, Morgan): Ան երկ­րին օ­րէնք­նե­րէն զերծ եւ  հար­կազր­ծուած հաս­տա­տու­թիւն մըն է: «Պե­տա­կան պա­հեստ» կո­չուած այս հաս­տա­տու­թիւ­նը Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու պե­տու­թեան կը մա­տա­կա­րա­րէ տո­լա­րի դրա­մա­նի­շեր (տպե­լով), ո­րոնց­մէ կ՚օգտուի ան տո­կո­սա­յին դրու­մով: Ե­թէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու պե­տու­թիւ­նը փոր­ձէ երկ­րին պարտ­քը չէ­զո­քացնել, սկիզ­բէն ան­պարտ սկսե­լու հա­մար, ա­ւե­լի դժուա­րին կա­ցու­թեան պի­տի մատնուի այն վայր­կեա­նին՝ երբ կա­րի­քը ու­նե­նայ նոր դրա­մա­նի­շեր տպե­լու:

Այլ ի­րո­ղու­թեամբ մը. կարգ մը մար­դիկ տա­կա­ւին ան­տե­ղեակ են նաեւ թէ՝ IRS-ը (ներ­քին ե­կամ­տա­յին ծա­ռա­յու­թիւ­նը), որ ահ ու սար­սա­փի մատ­նած է Միա­ցեալ նա­հանգ­նե­րու բնա­կիչ­նե­րը, զար­մա­նա­լիօ­րէն՝ ա­ռանց ու­ժի գոր­ծադ­րու­թեան,  ի­րա­կա­նու­թեան մէջ՝ օ­տա­րա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւն մըն է: Ան ան­հա­տա­կան օ­տար դա­սակ­ցու­թիւն կամ միու­թիւն (corporation) մըն է մի­ջազ­գա­յին դրա­մա­տի­րա­կան միու­թեան հե­տե­ւող եւ պե­տա­կան պա­հես­տին անձ­նա­կան բա­նակն է, պե­տու­թեան կա­րիք­նե­րը հո­գա­լէ ա­ռաջ, պե­տու­թեան իսկ խո­ղո­վա­կով ի­րենց շա­հե­րը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար: Վե­րո­յի­շեալ ըն­տա­նիք­նե­րը ի­րենց հարս­տու­թիւ­նը կը պա­հեն այն­պի­սի թա­քուն մի­ջոց­նե­րով, որ­պէս­զի չյայտ­նուին աշ­խար­հի եւ ա­նոր հա­րուստ­նե­րու ցան­կին վրայ: Օ­րի­նակ՝ Rothschild ըն­տա­նի­քին հարս­տու­թիւ­նը կը գնա­հա­տուի 500 ե­ռի­լիոն տո­լար եւ տա­կա­ւին հան­րա­յին ե­րե­ւոյթ­նե­րէն կը մնան ան­յայտ: Ա­նոնք մին­չեւ այ­սօր կը տի­րեն կամ կ՚իշ­խեն աշ­խար­հի վրայ ա­ւե­լի քան 800 դրա­մա­տու­նե­րու, ա­ւե­լի եւ ա­ւե­լի մխրճե­լով ի­րենց հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը աշ­խար­հի դրա­մա­կան աս­պա­րէ­զին մէջ: Դժբախ­տա­բար, Հա­յաս­տա­նի եւ Լի­բա­նա­նի պե­տա­կան դրա­մա­տու­նե­րը եւս մաս կը կազ­մեն այս հա­մա­ձայ­նու­թեան: Զար­մա­նա­լիօ­րէն՝ Սու­րիան չկայ այդ ցան­կին վրայ, բայց ար­դէն կը տես­նենք Սու­րիոյ գլխուն ե­կած պա­տա­հա­րը, երբ այս ան­հան­գիստ օ­րե­րուն, նոյն ըն­տա­նիք­նե­րը գաղտ­նօ­րէն, ան­նուղ­ղա­կի նաւ­-թի ար­տա­հա­նում­ներ կ՚ի­րա­գոր­ծեն Սու­րիա­յէն:

Նա­խա­գահ Անտ­րու Ճէք­սըն իր օ­րե­րուն զի­րենք կո­չած էր «ի­ժե­րու տուն», նա­խազ­գա­լով ա­նոնց պատ­ճա­ռե­լիք ա­պա­գա­յի պա­տու­հաս­նե­րը:

Աշ­խար­հի հզօ­րա­գոյն դրա­մա­տու­նե­րուն՝ The World Bank-ի եւ IMF-ի մէջ նոյ­նիսկ ձեռ­նա­մուխ է Rothschild ըն­տա­նի­քը, ո­րոնք փո­խառ­ման գու­մար­ներ կ՚ա­ռա­ջար­կեն նո­րե­լուկ կամ զար­գա­ցող եր­կիր­նե­րուն հա­մար, փո­խան բարձր տո­կոս­նե­րու, քաջ ի­մա­նա­լով ա­նոնց հե­տե­ւան­քը (Յու­նաս­տան, Հա­յաս­տան, Փոր-­թու­գալ, եւ այլն): Ա­նոնց միակ նպա­տակն է ձեռք ձգել այդ եր­կիր­նե­րուն ե­կամ­տա­յին աղ­բիւր­ներն ու տի­րա­կա­լու­թիւ­նը: Շա­հար­կու­մի ճամ­բուն վրայ, մարդ­կա­յին որ­ե­ւէ ար­ժէք չգոյ է ի­րենց հա­մար, որ­քան ալ ցաւ կամ կո­րուստ պատ­ճա­ռած ըլ­լան ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն: Ցնցիչ է ի­մա­նալ, թէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը կը կա­ռա­վա­րուի այս­պի­սի մարդ­կանց ազ­դե­ցու­թեան տակ: Ա­ւե­լի ցնցիչ է ի­մա­նալ, թէ ինչ ը­սած է դրա­մա­տէր Նէյ­թըն Մա­յըր Ռոտս­չայլ­տը, այդ ըն­տա­նի­քին նա­խա­հայրն ու հիմ­նա­դի­րը (գեր­մա­նա­կան ծա­գու­մով), 1700-ա­կան թուա­կան­նե­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան: «Զիս չի հե­տաքրք­րեր ո՞ր պա­ճու­ճա­պա­տան­քը (puppet) կը դրուի Անգ­լիոյ գա­հին վրայ, ղե­կա­վա­րե­լու հա­մար այդ կայս­րու­թիւ­նը, ո­րուն վրայ ար­ե­ւը մայր չի մտներ: Այն ան­ձը, որ կ՚իշ­խէ Անգ­լիոյ դրա­մա­կան հոս­քին վրայ, ան է որ կ՚իշ­խէ Բրի­տա­նա­կան կայս­րու­թեան վրայ եւ ես եմ, որ կ՚իշ­խեմ եւ կը հսկեմ Բրի­տա­նա­կան կայս­րու­թեան դրա­մա­կան հոս­քին վրայ»:

Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ կարգ մը մար­դիկ կը զրպար­տեն կամ կը դա­տա­պար­տեն այս­պի­սի մար­դիկ ի­րենց շա­հար­կու­թիւն­նե­րուն հա­մար, կեան­քի ի­րո­ղու­թիւ­նը սա­կայն ոչ մէկ փո­փո­խու­թիւն կը կրէ մին­չեւ այ­սօր:

Չա­րա­շա­հու­թիւն­նե­րը, ան­գութ եւ ան­խիղճ մար­դիկ, այս ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ աշ­խար­հի միւս ե­րե­սուն ըն­տա­նիք­նե­րուն նման, պէտք է միայն մե­զի նման ժո­ղո­վուրդ­նե­րու զար­գաց­ման եւ բա­րե­լաւ­ման նպա­տակ­նե­րուն ծա­ռա­յեն:

Ջա­նանք զգօն մնալ եւ ու­շա­դիր, չիյ­նա­լու հա­մար ա­նոնց շա­հարկ­ման թա­կար­դը:

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԱՐ­ՏԻ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

«Նոր Օր», Լոս Ան­ճե­լըս

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2016