ՊԱՐԳԵՒ ԱՊԱՃԵԱՆ. «ՀԱԼԷՊԻ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Է»

Հալէպի օրագրութիւնը կը շարունակուի։ Կը շարունակուի իր ամենատարբեր երանգներով, տխուր, յոյս եւ հպարտութիւն առթող էջերով...

Եօթ տարուան երկարաշունչ եւ արիւնալի պատերազմէն ետք այդ քաղաքը այսօր նոր յոյս մը հագած է։ Բարեկամներ կը պատմեն, որ թէեւ Դամասկոսէն դէպի Հալէպ տանող ճամբան բաւականին ճնշող եւ մոխրագոյն պատկերներով լեցուն հոգեբանական իրավիճակ մը կը ստեղծէ, բայց ժամեր անց, երբ քաղաքի կանգուն մնացած մասը կը հասնին, շունչ մը կ՚առնեն...։ Տակաւին քանի մը օր Հալէպի փողոցներուն մէջ պտըտելով նոր յոյսի, նոր հաւատքի եւ պատերազմին ամէն գնով յաղթելու կամքը կը տեսնեն։

Անցնող եօթ տարիներուն Միջին Արեւելքը իր ամենադժուար փուլերը ապրեցաւ։ Սուրիոյ ամենախուլ գաւառներուն մէջ ընթացք առած բողոքի ցոյցերը երկրին մէջ ստեղծեցին անհանդուրժողութեան մթնոլորտ ու նոյնիսկ պատճառ դարձան, որ Սուրիոյ իբրեւ թէ ճնշուած ժողովուրդին կարեւոր մէկ հատուածը զինուի։ Թէեւ սուրիացիներ կը պահանջէին ու փափաք ունէին բողոքի ցոյցերով բարեփոխումներ կատարել երկրին մէջ, բայց քաղաքական ծանրակշիռ խնդիրներ յառաջ քաշող կողմեր զէնք ու զինամթերք տալով՝ պատճառ դարձան, որ այդ գեղեցիկ եւ համեմատաբար ինքնաբաւ երկիրը դառնայ ռազմադաշտ եւ արմատական ահաբեկիչներու կեդրոն ու բոյն։

Այդ արտաքին ուժերուն հիմնական նպատակներէն էր երկրի վարչակարգին տապալումը եւ նախագահ Պեշար Էսատի իշխանութենէն ընդմիշտ հեռացումը։

Պայքարը այդ ուղիով ընթացաւ, մինչեւ որ իրերու նոր ընդհանուր ընթացքն ու տեղի ունեցած զարգացումները նոյն այդ ուժերը «համոզեցին», որ իրենց նշակաէտը սխալ էր եւ իրենք յայտնուած էին երկու ընտրանքներու առջեւ։ Կա՛մ ընդունիլ Պեշար Էսատի իշխանութեան օրինականութիւնը եւ կամ առիթ տալ, որ «ԻՇԻՊ» հիմնէ իր «իսլամական էմիրութիւններ»ը։

Այսօր պատերազմներու, մարտերու, մարտնչումներ եւ արիւնահեղութեան երկարատեւ փուլէ մը յետոյ Սուրիան մտած է նոր հանգրուան մը, որ պիտի շեշտաւորուի քաղաքական լուծումներու գործընթացով, որուն մէջ ալ ըսելիք եւ տեղ պիտի ունենան այդ երկիրը ներկայացնող բոլոր հիմնական եւ ընդունելի ուժերը։

Քաղաքական պատկերին մասին ընդհանուր եւ արագ ակնարկ մը ներկայացնելէ ետք իմ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ կատարուած հարցազրոյց մը, որ իր ամբողջ պարունակով կը ներկայացնէ Հալէպի ու յատկապէս հալէպահայութեան ընդհանուր իրավիճակը։

Պարգեւ Ապաճեանի ապրածը, անոր ունեցած դժուարութիւններն ու ապրելու եւ յաղթելու կամքը անշուշտ օրինակ մըն է այն հարիւրաւորներէն, որոնց մասին վստահ ենք, թէ առիթ պիտի ունենանք անդրադառնալու եւ գրելու ապագային։

-Ներկայիս ի՞նչ է իրավիճակը Հալէպի մէջ:

-Հալէպի մէջ, ինչպէս բոլորին յայտնի է, շատ գէշ օրեր ապրեցանք, կորուստներ ունեցանք, տուներ կորսնցուցինք, ամէն հայ ընտանիքէ ներս բաժանումներ եղան, ինչ որ մեզի համար սրտի մեծ ցաւ ու կսկիծ պատճառեց։ Ներկայիս, բաղդատմամբ անցեալի օրերուն, Հալէպի իրավիճակը շատ աւելի լաւ է. հիմա գոնէ անվախօրէն դուրս կու գանք տուներէն, առանց վախնալու, որ կրնանք ռումբի մը զոհը դառնալ։ Այսինքն ապահովական իմաստով հիմա շատ աւելի լաւ ենք։ Ինչ կը վերաբերի քաղաքի տնտեսական վիճակին, դժբախտաբար, կարելի չէ դրական արտայայտուիլ։ Տնտեսական վիճակը կրնանք ըսել զերօ եւ զերոյէն ալ ցած է, որովհետեւ դեռ պատերազմին արդիւնքները կ՚ապրինք։ Թէպէտ ռումբերը դադրեցան, բայց առեւտուրն ու շուկայի վիճակը անցեալի իր փայլքին չէ վերադարձած։ Գործերը սառած են եւ մարդիկ շուարած վիճակ ունին, թէ ի՛նչ պիտի ընեն։

Հալէպի ժողովուրդը միշտ հերոս ժողովուրդ եղած է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ: Հալէպահայը կը փորձէ ամէն դժուարութենէ դուրս գալու միջոց մը գտնել. կը փորձէ համակերպիլ եւ իր անձը հաշտեցնել իւրաքանչիւր դժուարութեան հետ, զոր կը դիմագրաւէ:

-Մեր ունեցած տուեալներով՝ դուք պատերազմի օրերուն ալ չհեռացաք Հալէպէն. ինչո՞ւ, ի՞նչ էր պատճառը:

-Ճիշդ էք։ Հիմնական պատճառը հիւանդութիւնն էր հօրս, որ արդէն հիմա ողորմած է։ Ան մահացաւ յունիս 2016-ին, երկարատեւ հիւանդութեան մը հետեւանքով։ Հայրս՝ նախքան պատերազմը, արդէն փարքինսընէ կը տառապէր, վեց տարի ուղեղային տագնապներ կ՚ունենար եւ անիկա հիմնական պատճառ մըն էր, որպէսզի մենք Հալէպ մնանք, որովհետեւ հիւանդ վիճակով հայրիկիս հետ տեղ մը չէինք կրնար երթալ, մշտական խնամքի կարիք ունէր, անոր համար ես նախընտրեցի չճամբորդել։ Թէկուզ բոլոր ընկերներս եւ բարեկամներս գաղթեցին: Երկար տարիներ մայրս հոգ տարաւ հօրս, ես ալ իմ կարգիս պէտք է իրենց մօտ մնայի. աշխատէի, որպէսզի կարենայինք մեր ընտանիքի ապրուստը հոգալ:

Մեր մնալու պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ մենք 6 տարի առաջ, նախքան պատերազմի սկսիլը, փոքր խանութ-ճաշարան մը բացած էինք, սակայն 7 ամիս գործելէ ետք, պատերազմը վրայ հասաւ եւ մենք ստիպուած փակեցինք զայն։ Մեր մէջ սակայն միշտ կար յոյս մը, որ պատերազմը պիտի դադրի եւ մենք կրկին մեր հիմնած ճաշարանը պիտի վերադառնանք ու մեր սկսած գործը պիտի շարունակենք: Թէկուզ ժամանակը շատ երկարեցաւ, բայց Աստուծոյ օգնութեամբ կրցանք տոկալ եւ համբերել:

-Գիտենք նաեւ, որ հիմա վերադարձած էք ձեր հիմնած ճաշարանային գործին: Կը բացատրէք, թէ ինչպէ՞ս ձեռնարկեցինք այդ գործին։

-Ճաշարանի գործին սկսելու մտադրութիւնը նախապատմութիւն ունի: Հայրս, որ խանութպան էր եւ իր գործը ունէր, հիւանդութենէն 15 տարի առաջ արդէն, ստիպուեցաւ իր խանութը ծախելու, որովհետեւ մեծ քոյրս անցուց ինքնաշարժի շատ ծանր արկած մը, ինչ որ մեր ընտանիքին համար անկիւնադարձային եղաւ: Հայրս քրոջս կեանքը փրկելու համար ծախեց իր կերտած 60 տարուան խանութը, որմէ ետք չկրցաւ ուրիշ մը առնել ու անգործ դարձաւ: Այդ մէկը պատճառ դարձաւ, որ մայրս գործի մը մասին մտածէ, որովհետեւ խոհանոցէն ներս մեծ ձիռք ունէր եւ տաղանդաւոր կին էր, իր բարեկամներու քաջալերանքով սկսաւ տունը խմորեղէններ պատրաստել եւ վաճառել: Այս գործընթացը պատճառ եղաւ, որ մենք քաջալերուինք ու ապագային տեղ մը առնենք. 2012 թուականին գործընկերութեամբ սկսանք աշխատանքի:

Այդ «Գառնի» ճաշարանը մեր միակ ապրուստի միջոցը պիտի ըլլար, որպէսզի կարենայինք մեր եկամուտը ապահովել, սակայն ինչպէս ըսի, վրայ հասաւ հօրս հիւանդութիւնը եւ պատերազմը, ճաշարանն ալ, որ Նոր Գիւղի մէջ կը գտնուէր, փակուեցաւ։ Այլեւս անիմաստ էր ճաշարանը բաց պահել, ժողովուրդը սկսած էր գաղթել եւ Նոր Գիւղը դարձած էր սարսափ առթող շրջան մը, փողոցները լքուած ու պարպուած։ Մենք ալ փակեցինք ամէն ինչ եւ հեռացանք: Այսօր՝ վեց տարի ետք, մեծ յոյսերով դարձեալ վերաբացինք մեր ճաշարանը։

-Ինչպէս քիչ առաջ ըսիք, այսօր Հալէպի մէջ գլխաւոր խնդիրը նիւթական, տնտեսական տագնապն է: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը, Հալէպը պիտի կարենա՞յ վերագտնել իր անցեալի օրերը:

-Չենք գիտեր, թէ ապագայ օրերը ինչ կը պահեն մեզի համար։ Յոյսով ենք, որ լաւ պիտի ըլլայ: Արդէն եթէ այս յոյսը չըլլար մեր մէջ, անկարելի էր որ այդ պայմաններուն մէջ գոյատեւէինք: Հիմա, ինչպէս ըսի, շուարած վիճակ մը կայ, մարդիկ չեն գիտեր Հալէպ մնա՞լը ճիշդ է, թէ՞ հեռանալը: Իմ կարծիքով, եթէ բոլորը երթան եւ Հալէպը հայութենէ պարպուի, այն ատեն յոյս չի մնար, բայց եթէ հալէպահայութեան մեծամասնութիւնը որոշէ մնալ եւ քաղաքը վերակառուցել, այն ատեն աւելի յուսալի ապագայ մը կը խոստանայ մեզի։ Այսինքն մէկը միւսին նայելով կը քաջալերուի եւ իր գործը զարգացնելու կը ջանայ։ Օրինակ՝ նիւթական կարողութեան տէր մարդիկ փոխանակ դուրս երթալու եւ այդ վայրերուն մէջ նոր գործեր հիմնելու եթէ Հալէպ վերադառնան, մեր քաղաքին մէջ նոր աշխուժութիւն կը ստեղծեն։ Ամէն պարաոկըըանիոյ մէջ գտնուելու օրերունգայի համոզուած եմ, որ Հալէպը կարճ ժամանակի մէջ իր անցեալի փառքը պիտի վերագտնէ: Ժամանակի կը կարօտի այս մէկը, ձեռք ձեռքի տալով շատ բան կրնանք ընել, մանաւանդ, որ հայը հռչակ ունի իր հմտութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ:

-Հայութեան մտադրութիւնը ի՞նչ է, ի՞նչ կը լսէք, ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք: Հայութիւնը կը պատրաստո՞ւի Հալէպէն հեռանալ։

-Ես անձամբ, ինչ որ կը նկատեմ, հակառակ այսքան գաղթի՝ կը զգանք, որ Հալէպը հայութենէ չէ պարպուած։ Օրինակ մը տալու համար ըսեմ, որ երբ կիրակի օրերը եկեղեցի կ՚երթանք, կը տեսնենք, որ աղօթատունը լեցուն է հաւատացեալ ժողովուրդով, կը տեսնենք այդ հոծ բազմութիւնը, ատիկա մեզի համար սրտի մեծ խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն կը պարգեւէ։ Կը խորհիմ, որ ժողովուրդին մէջ, այո, դեռ գաղթել ուզողներ կան, բայց վերադարձողներուն թիւն ալ շատ է։ Անոնք որ Լիբանան կամ Հայաստան գաղթեցին եւ այսքան ժամանակ չկրցան իրենց գործերը, ապրուստը դասաւորել եւ յուսալքուած են, անպայման Հալէպ պիտի վերադառնան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019