ՀԱԼԷՊԻ ՇՈՒԿԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

«Քա՜­նի վուր ճան իմ,
Եար քի ղուր­պան իմ,
Ա­սա ի՛նչ ա­նիմ...»

Այս աշուղական երգին հնչիւնները յաճախ կարելի է լսել Հանրապետութեան հրապարակին զուգահեռ, Նալպանտեան փողոցի անցումին մուտքէն իսկ: Վաթսունն անց, սպիտակահեր տղամարդ մը, իր տեղը գրաւած է անցումին աստիճաններուն անմիջապէս վարի անկիւնը եւ քամանչան ձեռքին կը նուագէ յուզառատ մեղեդայնութեամբ. քամանչային պատեանը դէմը դրած, անցորդներուն սրտաբուխ կոպեկները նուէր ստանալով: Երաժիշտին նստած տեղէն դէպի աջ մէթրոյին մուտքն է, իսկ դէպի ձախ նրբանցք մը գոյ է, որուն մուտքին Հալէպի բերդի պատկերով ակնառու պաստառ մը զետեղուած է պատին վրայ, «Հալէպի շուկայ» մեծատառ գրութեամբ: Պաստառին գոյութիւնը կը յուշէ, որ այս նրբանցքի ամբողջ հասակին գտնուող խանութները հալէպցիները կը զբաղեցնեն: Առաջին խանութը Հալէպի համ ու հոտով պատրաստուած արագ ուտեստներ կը ծախէ՝

-Վահրա՛մ, սուճուխ մը,- կ՚ըսէ սուրիահայ երիտասարդ մը:

-Ինծի ալ շիշ թաուուխ մը, եթէ կարելի է,- կը շարունակէ ուրիշ մը:

-Հալէպի համով ճըպնէներէն (տաքցուած պանիր հաց) հատ մըն ալ ինծի, Վահրա՛մ, քիչ մը կծու թող ըլլայ,- հեռուէն կամաց-կամաց մօտենալով կը ձայնէ ծանօթ երիտասարդ մը: 

Այսպիսի բարեկամական մթնոլորտ մը կը տիրէ հոս, երիտասարդական ակումբի նման բան մըն է սուրիահայերուն համար, որոնք աշխատանքի դադարին, կամ համալսարանէն ելած կը հանդիպին Վահրամին՝ անսալու իրենց ստամոքսներու կանչին, ինչպէս նաեւ անցեալէն պահեր վերապրելու ու ծանօթ դէմքեր տեսնելու համար:

Վահրամը ծանօթ անուն մըն է Հալէպէն, ուր դարձեալ նոյն գործով կը զբաղէր: Յաճախ քիլոյով սուճուխ ու համմոս կը գնեմ Վահրամէն, տան երիտասարդներուն քիմքին արագ գոհացում մը տալու:

Այսօր համեմի պէտք ունիմ. քիչ անդին Պետրոսին խանութէն կարելի է ամէն տեսակ համեմ գնել: Մինչեւ հոն հասնիլս, սակայն, կ՚անցնիմ ձեռագործ զարդեղէններու, արեւելեան խմորեղէններու՝ քաղցր եւ աղի, ներքնազգեստներու խանութներուն կողքէն, ու՝

-Լենա՛, դո՞ւն ես,- զարմացած կ՚ըսէ միջին տարիքի կին մը, որ զբօսաշրջիկի տեսք ունի, ապա սուրիահայերու ոճով կը շարունակէ,- աղջի՛կ, որքա՜ն փոխուեր ես:

-Կիղօ՛ց,- կը բացագանչէ վաճառողը ու ամուր գիրկընդխառնումը կը տանի իրենց մանկութեան տարիները, դպրոցական հանրակառքի ծանօթութիւնը վերականգնելով:

-Անե՜լ, ինչպէս ալ յիշեցիր մեր ծածկանունները:

Ու անոնք կը մանկանան քանի մը նախադասութեամբ, ինքնիկով մըն ալ կը յաւերժացնեն այս պահը. Ցօղիկը իսկոյն կը յիշէ հոս գալուն պատճառը՝

-«Հանին» ներքնաշապիկներ ունի՞ս, մայրս Ամերիկայէն ի վեր ապսպրեց, որ փնտռեմ, գտնեմ ու առնեմ իրեն համար. ես ալ հոս փութացի, մտածելով որ ըլլայ չըլլայ հոս կը գտնուի սուրիական որակաւոր այդ ներքնաշապիկէն:

-«Հանին» չմնա՜ց, գործարանն ալ փակուած է, շատո՜նց,- կը պատասխանէ Լենա:

-Ես չորս տարի առաջ երբ հոն էի,- կը միջամտէ ուրիշ յաճախորդուհի մը,- «Հանին» ներքնաշապիկները գտայ ձեռքի վրայ ապրանք ծախողներու քով, որոնք գողցուած ուրիշ ապրանքաներ ալ ունէին, ինչ որ ունէր վերցուցի, որ հետս բերեմ: Հիմա՝ չմնա՜ց:

Չմնա՜ց, չմնա՜ց, ինչե՜ր չմնացին, կը մտմտամ ու կը շարունակեմ: Արեւելեան համեմները առած կը վերադառնամ նոյն խանութներուն ցուցափեղկերը դիտելով: Վահրամին արկատներուն բոյրը ախորժակս կը սրէ՝

-Վահրա՛մ, Ճըպնէ մըն ալ ինծի:

-Օրիո՛րդ Անի,- ըսելով կը փաթթուի աշակետուհիներէս մէկը:

... Ու կը փրթի զրոյցին թելը մեր միջեւ. անցեալն ու ներկան ապագայ հեռանկարներու հետ միահիւսուելով ընթացք կու տան մեր նախադասութիւններուն եւ աշակերտուհիիս փայլուն աչուկները տեսնելով՝

-Երանի Վանան ալ հոս ըլլար...

Ինքնստինքեան նախադասութիւն մը դուրս կ՚ելլէ բերնէս, որ կ՚արտայայտէ անցեալ շաբթուան արկածի զոհ երիտասարդուհիին ցաւը, որ դասընկերուհին էր զրուցակիցիս: «Երանի՜»ն կը փոխանակուինք...:

Պանիր հացի պատառին հետ կուլ կու տամ յուզումը եւ մտիկ կ՚ընեմ սպիտակահեր երաժիշտը, որ կը շարունակէ նոյն մեղեդայնութեամբ՝

Մո՛ւտ պախչէն նազով,

Քիզ գովիմ սազով,

Եա՜ր, իլթիմազով...

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018