ԿԱՐՄԻՐ ԾՈՎՈՒ ԳՐՈՀԸ ԿՐՆԱՅ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐԵԼ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ՝ ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԸ ՎՏԱՆԳԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ

Եմէնի դէմ գրոհները սպասելի էին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Անգլիան մասնաւորապէս թիրախաւորեցին մայրաքաղաք Սանհան, նաեւ Հուտայտա եւ Սահտա քաղաքները։ Նախագահ Ճօ Պայտըն կարճ յայտարարութիւնով մը կարեւորեց գրոհները, որոնք համարեց հուսի (հութի) ցեղախումբը զսպելու փորձ։ Հուսիները կը հանդիսանան Եմէնի գերակշիռ ուժը եւ վերջին շրջանին Կարմիր ծովու մէջ կը թիրախաւորէին այն նաւերը, որոնք դէպի Իսրայէլ կ՚ընթանային։

Այս գրոհին գետին պատրաստելու համար շրջագայութիւն մը կատարած էր ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն, որ փորձած էր ո՛չ միայն գրոհին համար ճանապարհ հարթել, այլեւ ունենալ արաբական ազդեցիկ պետութիւններու կանաչ լոյսը։

Արաբական լրատուամիջոցները զանազան վարկածներ մատնանշելով արձանագրեցին այս դէպքին։ Այսպէս, համաարաբական ընդհանուր լռութեան մը մթնոլորտին մէջ Սէուտական Արաբիան բացաւ իր օդային մարզը ամերիկա-անգլիական կործանիչներուն համար եւ այսպէսով մասնակից դարձաւ ռազմական քայլերուն։

Ծանօթ է բոլորին այն խօսքը, թէ նպատակը կ՚արդարացնէ միջոցները։ Սա տուեալ պարագային ալ կարեւոր հնչեղութիւն պիտի ունենայ՝ մանաւանդ, որ վերջին երկու-երեք շաբաթներուն Եմէն (զինեալ խմբաւորումը կը կոչուի «Անսար Ալլահ») կարողացած էր մասամբ խափանել Կարմիր ծովու յատկապէս տնտեսական շարժերը։ Անոնք տասնեակ գրոհներ կատարած էին՝ յատկապէս անօդաչուներով, խափանելով Կարմիր ծովու միջոցաւ փոխադրութեան գործարքները։ Ամենէն ուշագրաւը, ի հարկէ, ամերիկա-անգլիական զօրքերու յարձակման անմիջապէս յաջորդած դէպքն էր։ Եմէն թիրախաւորած էր ամերիկեան ռազմանաւ մը, որ պարէկութիւն կ՚իրականացնէր։ Այդ քայլը, կարծես, յորդեցուցած էր ամերիկացիներու համբերութեան բաժակը։ Ուաշինկթըն որոշած էր ծայրայեղ քայլ մը առնել իր ամենավստահելի գործընկերոջ՝ Լոնտոնի հետ։

Իրականութեան մէջ, լայն տեսադաշտով դիտարկում մը ցոյց կու տայ, թէ շիի հուսիները կը համարուին Իրանի կողմէ գործի դրուած վերջին փամփուշտը։ Անոնց ճամբով Թեհրան կը վճարէ բարոյական տուրքը՝ Կազզէի մէջ սպանդի ենթարկուած պաղեստինցիներուն ու անոնց դատին համար։ Ու այս կէտին վրայ կը ծագի մեծ հարցումը, հուսիները, ինչպէս յայտարարած են, պիտի շարունակե՞ն գրոհել ամերիկեան նաւերուն վրայ, թէ պիտի գոհանան անօդաչուներով ահաբեկել այն քաղաքացիական-բեռնատար նաւերը, որոնք դէպի Իսրայէլ կ՚ընթանան։ Անոնք աւելի վաղ յայտարարած էին, թէ իրենց համար գլխաւոր նպատակն է դէպի Իսրայէլ բեռնատար նաւերու հոսքին կասեցումը, իսկ այսօր յայտնուած են բաւական բարդ վիճակի մը մէջ։ Այդ դժուարութեան զուգահեռ ու համընթաց կրնայ վճռուիլ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս աւելի մեծ պատերազմի մը բռնկման ճակատագիրը։

Միջազգային բեմահարթակի վրայ վերլուծութիւնները շատ են։ Պայտըն մատնանշած է Իրանը՝ Սպիտակ տան պարտէզին մէջ նշելով, որ մասնաւոր պատգամ մը տրուած է Թեհրանին։ Ան յայտնեց, որ հուսիները ահաբեկչական խմբաւորում են։ «The New York Times»ի մէջ գրուած է, որ հուսիներու յարձակունակութիւնը վնաս չէ կրած։ Իսկ «The Wall Street Journal» կը դիտարկէ, որ հուսիները թէեւ Եմէնի ամբողջը չեն հակակշռեր, սակայն անոնց կողմէ Իսրայէլի դէմ հարթարուած ճակատը բարձրացուցած է համակրանքն ու ժողովրդականութիւնը եւ երկրէն ներս ազդեցութեան նոր լծակներ ձեռք բերելու հնարաւորութիւն ընձեռած։

Յառաջիկայ օրերը բազում ուղղութիւններով յստակեցումներ պիտի ապահովեն եւ այս համայնապատկերին վրայ հիմնական խաղացողները մնալ կը շարունակեն ԱՄՆ-ն ու Իրանը։

Սպասենք։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 15, 2024