ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՄԻՋԻՆ ԴԱՍԱԿԱՐԳԸ (Գ.)

Միջին դասակարգի ստեղծած մշակոյթը՝ ըլլայ եւրոպական, ասիական կամ ուրիշ տարածաշրջաններու մէջ, ներկայ դարուն եղաւ ամենացանկալին ու ազնիւը, քանզի որքան ալ մեծ ընկերութիւններու փափաքն էր ուղղորդել համաշխարհային տնտեսութիւնը, անոնք առիթը չունեցան ներկայանալու եւ, այսպէս ըսած, համոզիչ ըլլալու՝ բացի միջին դասակարգի կայացմամբ-կայունացմամբ եւ այդ դասակարգի ներուժի, դիմագիծի մը ընդմէջէն:

Այս իրողութիւնը յառաջացուց մեծ բանաձեւ մը, որ կարելի է պարզել հետեւեալ ձեւով. «Եթէ չկայ միջին դասակարգ, չկան մեծ ընկերութիւններ»։ Այս կէտին է նաեւ, որ քաղաքական իմաստով միջին դասակարգը հաւասարակշռող դեր մը ստանձնեց միջազգային մեծ ու փոքր հակամարտութիւններու լուծման գործընթացէն ներս եւ որեւէ երկրի մէջ յատկապէս միջին դասակարգի կայացումը զուգակցեցաւ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու զարգացման: Սա ստեղծեց առաւելութիւն մը եւ ընկերային զարգացման զուգահեռ միջազգային եւ տեղական հարցերը սկսան լուծումներ ստանալ՝ յարաբերաբար աւելի խաղաղական ու քաղաքակիրթ տարբերակներով: Այստեղ պէտք է նշել, որ միջին դասակարգը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ինքզինք գերազանցեց, դիմագիծ ու նկարագիր մը պարզեց՝ օգտուելով իրեն ընծայւած առիթներէն եւ ինքն իսկ ստեղծելով հնարաւութիւններ:

Ներկայ միջազգային յարաբերութիւններու քաղաքական ու տնտեսական բովանդակութեամբ միջին դասակարգը կրնանք համարել՝ որեւէ պետութեան, կազմակերպութեան կամ ընկերութեան մը համար ցանկալի ու ձգտելի, որովհետեւ նոյն այդ դասակարգը տուեալ պետութեան, կազմակերպութեան, ընկերութեան կու տայ աշխուժութիւն եւ աշխատունակութիւն: Հարկ է նշել, որ այն պետութիւններն ու ժողովուրդները, որոնք պատմական արդար դատեր ու մշակութային մեծ իւրայատկութիւններ ունին եւ որոնք կրօնական հենքով չեն առաջնորդուիր, ընկերային մակարդակով մեծ առաւելութիւններ կրնան ստանալ իրենց միջին դասակարգերու զարգացմամբ, տարածմամբ ու տիրական դիրքերու ընդունմամբ: Երբ նոյն այդ միջին դասակարգերը կը կայանան, կը մեծնան ու կը սկսին ազդեցիկ դերակարարութիւն ունենալ պետութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւններուն եւ ընկերային ու տնտեսական հոլովոյթներուն մէջ, տուեալ պետութիւնը աւելի ազդեցիկ կը դառնայ:

Միջին դասակարգը կրնանք համարել մեր դարաշրջանի մեծ բնաբաններէն եւ անոր ապագայ զարգացումը կրնայ խոստմնալից ըլլալ աւելի արդար հասարակարգեր կերտելու առումով:

Պատկանելիութիւններ, հակամարտութիւններ, տագնապներ, պատերազմներ, մրցակցութիւններ, այս բոլորը կրնան ուրիշ հենք ու երանգ ստանալ, երբ միջին դասակարգը աճի եւ մեծ նպատակասլացութիւն ունենայ, իսկ երբ գերդասակարգային աշխարհ մը կը կառուցուի (օրինակի համար, ներկայիս 1 տոկոս համարուող տնտեսական գերակայ դասակարգի մը աճով), վտանգները կը բազմանան ու հակամարտութիւնները աւելի կը սրուին:

Շուկայավարման արդի ոգին եւ համընդհանուր նորոյթի ապրելաոճը գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ միջին դասակարգի շուրջ կը դաւալի եւ անոր երանգաւորմամբ կ՚աշխատի:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2024