ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (23)

Երեկոն մօտ էր արդէն։

Զանայի ամբողջ օրն անցեր էր լարուած սպասումով։ Անհամբեր, ներքին խլրտումներով լի, նոյնիսկ թեթեւ ու հաճելի վախով յղի սպասումով։ Որոշեր էր արդէն ուշ առաւօտուն, որ պիտի երթար, պիտի կանգնէր Խորենացի-Լէօ խաչմերուկի մօտ, ու սպասեր... գուցէ, թերեւս, բախտը բացուէր այսօր ու յայտնուէր ան, աղջիկը շուկայի...

Ելաւ բակ, նայեցաւ երկնքին։ Երեկոն հասեր էր արդէն։ Արեւն անհետացեր, զիջեր էր մթնոլորտը գարնանային քամիի մը եւ ամպերուն, որոնք կաթկթան անձրեւ մը կը թուէին խոստանալ։ Որոշեց, որ ժամանակն էր։ Շէյխը դուրս եկած էր, ու լաւ կ՚ըլլար հիմա լքել մզկիթը, խուսափելու համար անտեղի հարցուփորձէ։ Վերադարձաւ ներս, մտաւ բաղնիք, արագ լուաց մազերը սեւ։ Փոխեց շապիկը, հագաւ ունեցած չորսէն ամենէն ներկայանալին. բաց կապոյտ, վրան ուղղահայեաց բարակ սրճագոյն գծերով։ Մօտեցաւ կացարանի մուտքին։ Մոռցած էր, որ կօշիկներն աղտոտ էին։ Գնաց խոհանոցէն կտոր մը գտաւ, թրջեց, բերաւ լաւ մը մաքրեց կօշիկները, այնքան ինչքան կարելի էր անշուշտ...

Երկարաշարժէն մնացած գծեր, սկրթուքներ, փոքր ճեղքեր կային, որ անկարելի էր մաքրել...

-Ինչ որ է, ատենը չէ Զանա՛

մտածեց ինքն իրեն ու դուրս թռաւ։

Արագ քայլերով կտրեց բակը Կապոյտ մզկիթին, անցաւ մուտքի կամարի տակէն ու երբ հրեց դարպասը, ոտքերն արդէն, առանց իր որոշման, վազել սկսան գրեթէ։ Շուտով հասաւ Մաշտոց-Խորենացի խաչմերուկ. անցորդներու լոյսը կարմիր էր՝ կանգ առաւ։ Տեղը հանգիստ չէր կրնար մնալ, ոտքի մատներուն վրայ կ՚ելլէր-կ՚իջնէր, կը թռչկոտէր գրեթէ։ 3, 2, 1, կանաչ լոյս, վազելով անցաւ Մաշտոցը։ Գրեթէ զարնուէր պիտի պառաւին, որ խոժոռ աչքերով նայեցաւ ու մի քանի բառ նետեց ետեւէն, բայց... բայց լսողն ո՞վ էր, տեսնողն ո՞վ։ Շարունակեց վազել Զանան, մինչեւ մօտեցաւ Լէոյի խաչմերուկին ու վերջապէս կանգ առաւ։ Անցնէ՞ր ճամբան։ Երեւի չէ, աւելի լաւ էր այս մայթին սպասել. նուազ ուշադրութիւն կը գրաւէր այդպէս...

Հեւքոտ նստաւ բարձր քարի մը վրայ. կարելի եղածին չափ մաքուր հատուածի մը անոր։ Ձեռքը տարաւ ճակատին, բացաւ մազերը, որ դեռ խոնաւ էին, թաց գրեթէ... սկսաւ սպասել։

Քիչ անց, վեր նայեցաւ ու...

Երեւան գալէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով տեսաւ աղաւնի մը վերջապէս։ Սպիտակ, սեւ պոչով աղաւնի մըն էր, ճիշդ իր Պամի աղաւնիներուն նման... Աղաւնի մըն էր մինակ, միս մինակ, միայնակ կանգնած ելեկտրական թելին, կարծես մէկու մը կը սպասէր...

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020