ԻՍԿ ԵՍ՝ ԱՆՈՒՆԻՍ Կ՚ԸՍԵՄ

Իսկ ես՝ անունիս կ՚ըսեմ.
-Լքէ՛ զիս, 
Հեռացի՛ր ինձմէ,
Քանի նեղացայ երբ խօսիլ սկսայ եւ
Յատկանիշներդ տարածուեցան:
Վերցո՛ւր յատկանիշներդ եւ 
Ուրիշի մը փորձէ...

Կրեցի քեզ, երբ կրնայինք միասնաբար 
Գետը անցնիլ «դուն՝ ես»:
Քեզ չընտրեցի, ո՛վ իմ հաւատարիմ ստուեր. 
Քեզ պապերը ընտրեցին, 
Որպէսզի լաւատեսութեամբ տոգորուին 
Իմաստ մը փնտռելով,
Եւ չհարցուցին, 
Թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ կոչեալին, 
Երբ անունը ծանրանայ վրան կամ 
Լեցնէ իր բառերը, 
Որ կրողը անոնց հետեւորդը ըլլայ...

Ո՞ւր եմ ես,
Եւ ո՞ւր են պզտիկ պատմութիւններս 
Եւ փոքր ցաւերս:

Կին մը կը նստի անունիս հետ 
Առանց ականջ դնելու կենդանիին 
Կամ մարդուն ձայնին մարմնիս մէջ,
Եւ կը պատմէ իր սիրոյ պատմութիւնը:
Կ՚ըսեմ.
-Եթէ փոքրիկ ձեռքդ տաս, 
Պարտէզի պէս կ՚ըլլամ:
Կ՚ըսէ.
-Դուն ակնկալածս չես, 
Բայց բանաստեղծական 
Յորդորի մը պէտք ունիմ:

Ուսանողները անունիս կը նային, 
Ինծի նկատմամբ անտարբեր, 
Իսկ ես կ՚անցնիմ 
Հետաքրքրասէր անձի մը պէս:

Ընթերցող մը անունիս կը նայի 
Եւ իր կարծիքը կը յայտնէ.
-Կը սիրեմ իր մերկ Քրիստոսը, 
Իսկ անձնական ոտանաւորները՝ 
Մշուշը պատկերող, ո՛չ... 
Եւ կը հարցնէ ինծի.
-Ինչո՞ւ ինծի կը նայէիր հեգնանքով:
Կ՚ըսեմ.
-Անունիս հետ կը խօսակցէի. 
Արդեօք ես յատկանի՞շ մըն եմ:
Կը հարցնէ.    
-Եւ ինծի՞ ինչ:

Իսկ ես անունիս կ՚ըսեմ.
-Տո՛ւր ինծի ազատութենէս 
Ինչ որ կորսուեցաւ:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2022