Օպամայի Արձակուրդներու Համար Մսխումներ

Տրա­մա­բա­նա­կան է, որ մար­դիկ մտա­ծեն, որ նա­խա­գա­հը, մա­նա­ւանդ՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հը, հան­գիս­տի պէտք ու­նի եւ ար­ժա­նի է ար­ձա­կուրդ­նե­րու: Սա­կայն այդ նպա­տա­կով ծախ­սուած գու­մար­նե­րու շուր­ջը մար­դիկ տա­րա­կար­ծիք են, նոյ­նիսկ բազ­մա­թիւ դժգոհ­ներ եւ քննա­դա­տող­ներ կան: Բայց ա­տոնց­մէ ազ­դուող­ներ կա՞ն, երբ պե­տու­թեան գու­մար­նե­րը ա­զատ եւ բա­ցա­յայ­տօ­րէն կը մսխուին:

*

Օ­ՊԱ­ՄԱ ՆԱ­ԽԱ­ԳԱ­ՀՈՒ­ԹԵԱՆ ՇՐՋԱ­ՆԻՆ ԸՆ­ՏԱ­ՆԻ­ՔԻՆ ՀԵՏ
ԱՐ­ՁԱ­ԿՈՒՐ­ԴԻ ՀԱ­ՄԱՐ 85 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈ­ԼԱՐ ԾԱԽ­ՍԱԾ Է

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու գոր­ծող նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի ըն­տա­նի­քը ա­նոր կա­ռա­վար­ման ութ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ար­ձա­կուր­դի եւ ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րու հա­մար ծախ­սած է ա­ւե­լի քան 85 մի­լոն տո­լար:

«Ճու­տի­շըլ Ո­ւոչ», ո­րուն մատ­չե­լի ե­ղած է նա­խա­գա­հի ըն­տա­նի­քի ծախ­սե­րուն վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կու­թիւ­նը, կը յայտ­նէ, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու գաղտ­նի ծա­ռա­յու­թեան փաս­տա­թուղ­թե­րուն մէջ յայտ­նի դար­ձած է, որ Օ­պա­մա­յի ըն­տա­նի­քը ար­ձա­կուրդ­նե­րու հա­մար տա­րե­կան մի­ջի­նը ծախ­սած է մօտ 10 մի­լոն տո­լար:

Նշուած գու­մա­րը ծախ­սուած է ըն­տա­նի­քի անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման, օ­դա­նա­ւա­յին թռիչք­նե­րու եւ ու­ղե­ւոր­ման, ինք­նա­շարժ­նե­րու եւ պան­դոկ­նե­րու մէջ անձ­նա­կազ­մի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու գաղտ­նի ծա­ռա­յու­թեան աշ­խա­տա­կից­նե­րու սե­նեակ­նե­րու վարձա­կալ­ման հա­մար:

Կը նշուի, որ տուեալ գու­մա­րին չա­փը վերջ­նա­կան չէ: Նա­խա­գա­հին ըն­տա­նի­քը ա­մէն տա­րի Ս. Ծննդեան տօ­նե­րը կը նշէր Հաուա­յեան կղզի­նե­րուն մէջ եւ այս տա­րի բա­ցա­ռու­թիւն չ՚ըլ­լար: Ըստ «Ճու­տի­շըլ Ո­ւոչ»ի տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, 2015 թուա­կա­նին նա­խա­գա­հա­կան ըն­տա­նի­քի հան­գիս­տը Հաուա­յեան կղզի­նե­րու մէջ ար­ժած է 4.8 մի­լիոն տո­լար:

20 Յու­նուար 2017 թուականին Օ­պա­մա կ՚իջ­նէ  նա­խա­գա­հի ա­թո­ռէն, ուր կը բազ­մի Նո­յեմ­բե­րին ընտ­րուած մի­լիա­ռա­տէր գոր­ծա­րար Տա­նըլտ Թրամփ:

ԻՐ ԱՇ­ԽԱ­ՏԱ­ՎԱՐ­ՁԷՆ ԱՆ­ԴԻՆ ՈՐ­ՔԱ՞Ն ԾԱԽ­ՍԱԾ Է Օ­ՊԱ­ՄԱ
ԱՐ­ՁԱ­ԿՈՒՐԴ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ԵՒ ՃԱՄ­ԲՈՐ­ԴՈՒ­ԹԵԱՆՑ ՀԱ­ՄԱՐ

Օ­պա­մա­յի վար­չա­մե­քե­նան հրա­պա­րա­կեց ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րու եւ ար­ձա­կուրդ­նե­րու ծախ­սե­րու վե­րա­բե­րեալ փաս­տա­թուղ­թեր, ո­րոնք կը բա­ցա­յայ­տեն պեր­ճան­քի հա­մար ան­նա­խըն­թաց մա­կար­դա­կի ծախ­սեր:

Փաս­տա­թուղ­թե­րուն մէջ նշուած են.

- 2001 թուա­կա­նէն ի վեր նա­խա­գահ Օ­պա­մա կը ստա­նայ 400.000 տո­լար տա­րե­կան աշ­խա­տա­վարձ,  50.000 տո­լար ծախ­սե­րու, 100.000 տո­լար տուր­քե­րէ զերծ ճամ­բոր­դու­թեանց, 19.000 տո­լար հա­ճոյք­նե­րու, զուար­ճան­քի հա­մար:

Օ­պա­մա­յի Մսխում­նե­րէն Նմոյշ­ներ…

- 2009-ին, 40 մի­լիոն տո­լար ծախ­սուած է:

- Գա­լի­ֆոր­նիոյ եւ Ֆլո­րի­տա­յի մէջ կոլ­ֆի խա­ղե­րուն մաս­նակ­ցու­թեան եւ օ­դա­նա­ւա­յին թռիչք­նե­րու հա­մար՝ 3 մի­լիոն տո­լար:

- 2013 թուա­կա­նին ափ­րի­կեան եր­կիր­ներ շրջա­գա­յու­թեան եւ Հո­նո­լու­լուի մէջ ար­ձա­կուր­դի հա­մար Օ­պա­մա ըն­տա­նի­քը ծախ­սած է 16 մի­լիոն տո­լար:

- 2013 թուա­կա­նին Իր­լան­տա այ­ցե­լու­թիւ­նը ար­ժած է 8 մի­լիոն տո­լար:

- Մի­շել Օ­պա­մա­յի Տապ­լին եր­կօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւ­նը ար­ժած է 254 հա­զար տո­լար, նե­րա­ռեալ ե­րե­կո­յեան զգես­տի ծախ­սը՝ 3500 տո­լար:

- Ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին մէջ ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար կը նշուի, որ Օ­պա­մա­յի վար­չա­կազ­մը իւ­րա­քան­չիւր 5 ժա­մուան մէջ կը ծախ­սէ ա­մե­րի­կա­ցի մի­ջին ըն­տա­նի­քի մը  ա­մառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դի ծախսին չափ: Եւ ա­սի­կա նկա­տի առ­նե­լով ա­նոնք, ո­րոնք նիւ­թա­պէս ի վի­ճա­կի են ար­ձա­կուր­դի եր­թա­լու: Այլ խօս­քով, նա­խա­գա­հա­կան այս ծախ­սե­րուն հա­մար իւ­րա­քան­չիւր հար­կա­տու տա­րե­կան 926 տո­լար կը վճա­րէ:

Կամ՝ 70 ան­գամ ա­ւե­լի  տա­րե­կան հիմ­քով նա­խա­գա­հի յատ­կա­ցում­նե­րէն:

Կա՞յ ըմբռ­նե­լի ձեւ մը՝ ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րու ամ­սա­կան մի­ջին պիւտ­ճէն, որ 625.000 տո­լար է:

Նա­խա­գա­հի մը հա­մար ա­տի­կա ե­կա­մուտ­նե­րու ան­հա­ւա­սա­րու­թեան եւ զո­հա­բե­րու­թեան բաժ­նեկ­ցու­թեան անլ­ռե­լի զանգն է: Ա­նոր նա­խա­գա­հա­կան շքեղ ապ­րե­լա­կեր­պը կեղ­ծա­ւո­րու­թեան մնա­յուն մարմ­նա­ւո­րումն է:

ՀԻՆԳ Ա­ՌԱՍ­ՊԵԼ­ՆԵՐ՝ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱ­ՀԱՆԳ­ՆԵ­ՐՈՒ ՆԱ­ԽԱ­ԳԱ­ՀԱ­ԿԱՆ
ԱՐՁԱԿՈՒՐԴ­ՆԵ­ՐՈՒ ՄԱ­ՍԻՆ

1- ՆԱ­ԽԱ­ԳԱՀ­ՆԵ­ՐԸ ԱՐ­ՁԱ­ԿՈՒՐԴ­ՆԵՐ Կ՚ՈՒ­ՆԵ­ՆԱՆ

«Նա­խա­գահ­նե­րը ար­ձա­կուրդ­ներ չեն ու­նե­նար, ա­նոնք պար­զա­պէս տե­սա­դաշ­տը կը փո­խեն»», ը­սած է Նեն­սի Ռե­կըն, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու 40-րդ նա­խա­գահ Ռա­նըլտ Ռե­կը­նի (1981-1989) կի­նը, ի պաշտ­պա­նու­թիւն իր ա­մուս­նոյն յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն ի­րենց ա­գա­րա­կը՝ Սան­թա Պար­պա­րա, Գա­լի­ֆոր­նիա:

Հիւ­լէա­կան դա­րաշր­ջա­նին մէջ նա­խա­գահ­նե­րը կրնան միայն վայր­կեան­ներ ու­նե­նալ՝ տա­լու հա­մար ո­րո­շում­ներ, ո­րոնք կրնան ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ ազ­դել: Ա­նոնք այն­քան ալ չեն լքեր Սպի­տակ տու­նը, ո­րուն մէկ փոքր տար­բե­րա­կը հե­տեր­նին կը տա­նին, ուր որ եր­թան: Նա­խա­գահ մը, երբ ար­ձա­կուր­դի կ՚եր­թայ, ա­նոր կ՚ըն­կե­րա­նան շուրջ 200 ան­ձեր, նե­րա­ռեալ՝ խորհր­դա­կան­ներ, գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան գոր­ծա­կալ­ներ, հա­ղոր­դակ­ցու­թեանց մաս­նա­գէտ­ներ, զի­նուո­րա­կան խորհր­դա­տու­ներ՝ վստա­հեց­նե­լու հա­մար, որ նա­խա­գա­հը Ոա­շինկ­թը­նի մէջ  իր ը­րած բա­նե­րը ար­ձա­կուր­դի ա­տեն ալ գրե­թէ ը­նէ:

Նա­խա­գա­հը ար­ձա­կուր­դի մէջ ե­ղած ա­տեն կը շա­րու­նա­կէ ա­մէն օր ստա­նալ գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեանց եւ ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան զե­կոյց­նե­րը: Նա­խա­գահ­նե­րը նաեւ կը շա­րու­նա­կեն ձայ­նագ­րել ձայ­նաս­փիւ­ռա­յին շա­բա­թա­կան սփռում­ներ, տալ մամ­լոյ ա­սու­լիս­ներ, մաս­նակ­ցիլ քա­ղա­քա­կան հանգա­նա­կու­թիւն­նե­րու, եւ ինչ­պէս նախ­կին նա­խա­գահ­ներ Ֆրանք­լին Ռուզ­վելթ եւ Ռա­նըլտ Ռե­կըն ը­րած են, պար­բե­րա­բար հիւ­րըն­կա­լել բրի­տա­նա­կան ար­քա­յա­կան ըն­տա­նի­քը:

Ար­ձա­կուրդ­նե­րը ար­գելք չեն ըլ­լար, որ­պէս­զի նա­խա­գահ­նե­րը մեծ ո­րո­շում­ներ տան: Օ­րի­նակ՝ Ռե­կըն հան­դարտ շա­բա­թա­վերջ մը կը վա­յե­լէր նա­խա­գա­հա­կան հո­վո­ցին՝ Քեմփ Տէյ­վի­տի մէջ, ո­րո­շեց աշ­խա­տան­քէ ար­ձա­կել գոր­ծա­դուլ ը­նող օ­դա­նա­ւա­յին եր­թե­ւե­կի հսկո­ղու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նող պաշ­տօ­նեա­նե­րը:

2- ՆԱ­ԽԱ­ԳԱ­ՀԱ­ԿԱՆ ԱՐ­ՁԱ­ԿՈՒՐԴ­ՆԵ­ՐԸ ԿԸ ՎՆԱ­ՍԵՆ ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ Օ­ՐԱ­ԿԱՐ­ԳԻՆ

Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ «Ո­ւա­շինկ­թըն Փոսթ» թեր­թի յօ­դուա­ծա­գիր Տա­նա Միլ­պանք Պա­րաք Օ­պա­ման ամ­բաս­տա­նեց «խուլ ձե­ւա­նա­լով» ար­ձա­կուր­դի եր­թա­լուն հա­մար, երբ աշ­խար­հը տագ­նապ­նե­րու մէջ էր: Բայց աշ­խար­հը ե՞րբ տագ­նապ­նե­րու մէջ չէ:

Ար­ձա­կուրդ մը նա­խա­գա­հին կը հայ­թայ­թէ Սպի­տակ տան իր գրա­սե­նեա­կին մէջ բա­ցա­կայ, բայց թան­կար­ժէք յար­մա­րա­ւէ­տու­թիւն­ներ, նե­րա­ռեալ՝ հանգս­տա­նա­լու եւ մտա­ծե­լու ժա­մա­նակ (նաեւ ժա­մա­նակ՝ մտա­ծե­լու, որ ինչ­պէս պէտք է վա­րուիլ տագ­նապ­նե­րու հետ):

Նա­խա­գահ Ռուզ­վելթ, 1940-ին եր­րորդ նստաշր­ջա­նի հա­մար վե­րընտ­րուե­լէ կարճ ժա­մա­նակ ետք, քննա­դա­տուե­ցաւ ար­ձա­կուրդ առ­նե­լով Քա­րա­յի­պեան կղզի­ներ շրջապ­տոյ­տի նա­խա­ձեռ­նե­լուն հա­մար, մինչ Բրի­տա­նիա յար­ձա­կու­մի կ՚են­թար­կուէր նա­ցիա­կան Գեր­մա­նիոյ կող­մէ: Բայց Ռուզ­վելթ այդ հա­զուա­դէպ ա­ռի­թը օգ­տա­գոր­ծեց մտա­ծե­լու եւ մշա­կե­լու իր հնա­րա­միտ ծրա­գի­րը՝ «Լենտ լիս», որ կեն­սա­կան օգ­նու­թիւն պի­տի հայ­թայ­թէր Բրի­տա­նիոյ, որ­պէս­զի կան­խէ նա­ցիա­կան յար­ձա­կու­մը:

Նա­խա­գահ­ներ յա­ճախ կա­րի­քը կը զգան ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րուն հա­ւաս­տե­լու, որ ի­րենք ար­ձա­կուրդ­նե­րը ար­դիւ­նա­ւէտ կ՚օգ­տա­գոր­ծեն: Ճորճ Պուշ Կրտսե­րի խորհր­դա­կան Քարլ Ռով յա­ճախ լրա­տու մի­ջոց­նե­րուն կը տե­ղե­կաց­նէր, որ նա­խա­գա­հը մտադ­րած է ար­ձա­կուր­դի ա­տեն գի­տե­լիք­նե­րը հարս­տաց­նող  գիր­քեր կար­դալ:

3- ՃՈՐՃ ՊՈՒՇ ԿՐՏՍԵՐ Ա­ՄԵՆԷՆ ՇԱՏ ԱՐ­ՁԱ­ԿՈՒՐԴ Ա­ՌԱԾ ՆԱ­ԽԱ­ԳԱՀՆ Է

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու 43-րդ նա­խա­գահ Ճորճ Պուշ Կրտսեր իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ութ տա­րի­նե­րուն (2001-2009) ըն­թաց­քին՝ ար­ձա­կուրդ ա­ռած է 879 օր, նե­րա­ռեալ՝ 77 այ­ցե­լու­թիւն­ներ Թեք­սա­սի իր հանգս­տա­վայր ա­գա­րա­կը:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու երկ­րորդ նա­խա­գահ Ճոն Է­տըմզ (1797-1801) իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջին եր­կու տա­րի­նե­րուն քննա­դա­տուե­ցաւ  եր­կա­րա­տեւ ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը կա­տա­րե­լու հա­մար իր տու­նը՝ Քուին­սի, Մա­սա­չու­սեց, ամ­բողջ ութ ա­միս հե­ռու մնա­լով մայ­րա­քա­ղա­քէն, որ այդ ժա­մա­նակ Ֆի­լա­տել­ֆիան էր: Է­տըմզ հե­ռա­ցաւ Ֆի­լա­տել­ֆիա­յէն՝ խու­սա­փե­լու հա­մար դեղ­նախ­տի հա­մա­ճա­րա­կէն, ա­պա նաեւ՝ խնա­մե­լու հա­մար իր վա­տա­ռողջ կի­նը: Եւ իր բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը ե­կաւ այն­պի­սի ժա­մա­նակ մը, երբ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ Ֆրան­սա­յի դէմ գրե­թէ պա­տե­րազմ պի­տի յայ­տա­րա­րէր:

Նոյ­նիսկ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի ա­տեն, ըստ պատ­մա­բան Մա­թիու Փինս­քը­րի, նա­խա­գահ Ապրա­համ Լին­քըլն (16-րդ նա­խա­գահ, 1861- մին­չեւ սպան­նուի­լը՝ 1865) իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ժա­մա­նա­կին 25 առ հա­րիւ­րը, նե­րա­ռեալ՝ 1862-ին կէ­սը, ան­ցու­ցած է  Ո­ւա­շինկ­թը­նի Փի­թուոր­թի մօտ, Զի­նուոր­նե­րու տան եւ Փարք Վիուի մէջ:  Պատ­մա­բա­նը կը պնդէ, որ Լին­քըլն հա­ճոյք կ՚առ­նէր այդ վայ­րը յատ­կա­պէս տաք օ­րե­րուն եր­թա­լէ, ո­րով­հե­տեւ հո­վո­ցը, ուր կը մնար, Սպի­տակ տու­նէն զով էր:

Այն­պէս կը թուի, թէ ոչ մէկ ա­ռըն­չու­թիւն կայ ար­ձա­կուր­դի օ­րե­րու եւ նա­խա­գա­հի մը  ձգած կտա­կին մի­ջեւ: Ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու ոչ մէկ նա­խա­գահ ա­ւե­լի նուազ ար­ձա­կուրդ ա­ռած է, քան՝ 1977-1988 պաշ­տօ­նա­վա­րած նա­խա­գահ Ճի­մի Քար­թըր (79 օր), մինչ Ռա­նըլտ Ռե­կըն 335 օր ան­ցու­ցած է իր սի­րե­լի  հանգս­տա­վայր ա­գա­րա­կին մէջ, Գա­լի­ֆոր­նիա: Նա­խա­գահ Ճոն Քե­նե­տի (1961-մին­չեւ սպան­նուի­լը 1963) իր կար­ճա­տեւ պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին գրե­թէ ա­մէն շա­բա­թա­վերջ ան­ցու­ցած է իր ըն­տա­նե­կան կա­լուած­նե­րէն մէ­կուն մէջ: Ռուզ­վելթ 134 ու­ղե­ւո­րու­թիւն կա­տա­րած է դէ­պի Հայտ Փարք եւ իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին յա­ւե­լեալ վեց ա­միս­ներ ան­ցու­ցած է Ո­ւորմ Սփրինկ­զի մէջ, Ճոր­ճիա, ուր ինք բու­ժում կը ստա­նար յօ­դա­ցա­ւե­րուն հա­մար: Ի դէպ, Ռուզ­վելթ մա­հա­ցաւ  ու­ղե­ղա­յին ա­րիւ­նա­հո­սու­թեան պատ­ճա­ռով, երբ ար­ձա­կուր­դի գա­ցած էր  Ուորմ Սփրինկզ, 12 Ապ­րիլ 1945-ին:

4- ՀԱՐ­ԿԱ­ՏՈՒ­ՆԵ­ՐԸ ԿԸ ՎՃԱ­ՐԵՆ ՆԱ­ԽԱ­ԳԱ­ՀԻ ԱՐ­ՁԱ­ԿՈՒՐԴ­ՆԵ­ՐՈՒ ՍՈՒՂ ԾԱԽ­ՍԵ­ՐԸ

Նա­խա­գահ­նե­րը կը վճա­րեն ար­ձա­կուր­դի ա­տեն ի­րենց անձ­նա­կան եւ ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րու կա­ցա­րա­նի, սնուն­դի եւ յա­րա­կից ծախ­սե­րը: Այդ պատ­ճա­ռով ալ, հա­ւա­նա­բար, ընդ­հան­րա­պէս  կը նա­խընտ­րեն մնալ ի­րենց կա­լուած­նե­րուն մէջ, կամ նա­խա­գա­հա­կան պաշ­տօ­նա­կան հո­վո­ցին՝ Քեմփ Տէյ­վի­տի մէջ: Բայց քա­նի որ նա­խա­գա­հա­կան ար­ձա­կուրդ­նե­րը միշտ աշ­խա­տան­քա­յին ար­ձա­կուրդ­ներ են, հար­կա­տու­նե­րը կը վճա­րեն, որ­պէս­զի գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տա­րը շա­րու­նա­կէ աշ­խա­տիլ:

Կա­ցա­րան­նե­րու եւ ու­տե­լի­քի վճա­րում­նե­րը յա­ւե­լեալ ծախ­սեր են, բայց հար­կա­տու­նե­րը կը վճա­րեն աշ­խա­տա­վար­ձե­րը Սպի­տակ տան պաշ­տօ­նեա­նե­րուն եւ գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան գոր­ծա­կալ­նե­րուն, ա­նոնք Ոա­շինկ­թըն մնան կամ ոչ: Ու­րեմն նա­խա­գա­հա­կան ար­ձա­կուրդ­նե­րը անձ­նա­կան ծախ­սե­րը չեն ա­ւելց­ներ:

Յա­ւե­լեալ ա­մե­նէն մեծ ծախ­սը նա­խա­գա­հա­կան օ­դա­նա­ւի եւ ա­տոր ըն­կե­րա­ցող օ­դա­նա­ւե­րու («Էր ֆորս ուան») օգ­տա­գոր­ծու­մին հա­մար կ՚ըլ­լայ: Այդ օ­դա­նա­ւե­րը կը փո­խադ­րեն նա­խա­գա­հին հա­մար անհ­րա­ժեշտ սար­քերն ու գետ­նի վրայ փո­խադ­րու­թեան մի­ջոց­նե­րը: Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու սպա­սար­կու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ «Էր ֆորս ուան»ի օգ­տա­գործ­ման ծախ­սը ժա­մա­կան 180 հա­զար տո­լար է:

Ի վեր­ջոյ, նա­խա­գա­հին ար­ձա­կուր­դը հար­կա­տու­նե­րուն վրայ կրնայ ար­ժել յա­ւե­լեալ  1 մի­լիոն տո­լար:

5- ՆԱ­ԽԱ­ԳԱՀ­ՆԵ­ՐԸ Ո­ՐԵ­ՒԷ ՏԵՂ ԿՐՆԱՆ Ի­ՐԵՆՑ ԱՐ­ՁԱ­ԿՈՒՐ­ԴԸ ԱՆՑ­ԸՆԵԼ

Ար­ձա­կուր­դի շուրջ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը սկսան Ճե­րըլտ Ֆոր­տի նա­խա­գա­հու­թեան ա­տեն (1974-1977): Ֆորտ քննա­դա­տուե­ցաւ ար­ձա­կուր­դը  Քո­լո­րա­տո­յի Վայլ դա­հու­կե­լու լեռ­նա­յին հանգս­տա­վայ­րին մէջ ան­ցը­նե­լուն հա­մար, այն պա­հուն, երբ տնտե­սա­կան ճգնա­ժամ կար: Բայց գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան գոր­ծա­կալ­նե­րը կը նա­խընտ­րեն բա­ցա­ռիկ, բարձ­րա­կարգ հանգս­տա­վայ­րե­րը, ինչ­պէս՝ Մար­թա­յի կղզին, ուր դիւ­րին է հե­տե­ւիլ բո­լոր մտնող եւ ել­լող­նե­րուն:

Գաղտ­նի սպա­սար­կու­թիւ­նը տե­ղեակ էր ա­մե­նէն ող­բեր­գա­կան նա­խա­գա­հա­կան ար­ձա­կուր­դին, երբ Ճէյմս Կար­ֆիլտ, որ նա­խա­գահ ընտ-­րըւած էր 1881-ի Մար­տին, կը պատ­րաս­տուէր իր ա­ռա­ջին ար­ձա­կուր­դին հա­մար շո­գե­կառք բարձ­րա­նա­լու,  մար­դաս­պան մը կրա­կեց վրան:

Անվ­տան­գու­թեան ա­ռըն­թեր, բարձ­րա­կարգ  հանգս­տա­վայ­րե­րը ընդ­հան­րա­պէս ան­մատ­չե­լի են մի­ջին ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րուն հա­մար: Ա­սի­կա կը նշա­նա­կէ, որ ար­ձա­կուր­դը ան­ցը­նող նա­խա­գահ­նե­րը ի­րենց շքախում­բե­րով չեն ան­հանգս­տաց­ներ մի­ջին ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րը:

Պիլ Քլին­թըն (1993-2001) մտա­հո­գուե­լով, որ Մար­թա­յի մէջ հանգս­տա­նա­լով՝ կրնայ այն­պէս թուիլ, թէ հա­ղոր­դակ­ցու­թե­նէ խզուած է, ո­րո­շեց 1995 եւ 1996 թուա­կան­նե­րուն  ար­ձա­կուրդ­նե­րը ան­ցը­նել Կրանտ Թե­թո­նի մէջ, Վա­յո­մինկ: Սա­կայն տե­ղա­ցի­նե­րը բո­ղո­քե­ցին, որ ան կը խան­գա­րէ զբօ­սաշր­ջու­թեան ե­ղա­նա­կը:

Երբ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի այդ բո­լոր ը­սի-ը­սաւ­նե­րէն հե­ռու մնա­լու, նա­խա­գահ­նե­րը չեն կրնար հան­գիստ ըլ­լալ, կամ դա­դար մը առ­նել, ան­կախ ան­կէ թէ ա­նոնք ո՛ւր կ՚եր­թան:

Պատ­րաս­տեց՝

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2016