ՊԱՊԻԿ, ԵՍ ԱՆԱՆԿ ՉԵ՛Մ...

Այդ շաբաթ թոռնուհիս՝ Վանան, մեզի էր: Մեզի պիտի մնար: Ահա թէ ինչո՞ւ կրկին ապրեցայ վիճակներու այս անգամ ուրախ խառնուրդը: Լուրը կայծակի արագութեամբ մտքիս մէջ նոր ցնծութիւն բերաւ: Տարբեր գիտակցութիւն տուաւ վայրկեաններուս եւ նոր հրապոյր՝ օրս երջանկացնող: Այս բոլորը նորութիւններ չէին: Ամէն առիթով թոռնիկներուս եւ յատկապէս Վանայի ներկայութիւնը ստեղծած էր նման խանդավառ մթնոլորտ, մեր տան պատերէն ներս:

Ինչ ընեմ, բոլոր պապիկներուն նման, ես ալ այդպէս եմ:

Բայց նաեւ ըսեմ, որ տեսանելի էր, թէ մեր ապրած կեանքը, որ մեր «ներսը» խճողած էր եւ «դուրսն» ալ խառնած։ Որովհետեւ ամիսներէ ի վեր, այս համաճարակ քորոնայի պատճառած եւ կամ ստեղծած պայմաններուն հնազանդելով, ես ալ գոհացած էի զաւակներուս կողքին, թոռներս տեսնել եւ խօսիլ «ֆէյս-թայմ»ի միջոցով: Իսկ այս անգամ տարբեր էր: Այս անգամ, լման շաբաթ մը մեր քով պիտի մնար: Եկուր եւ մի՛ խմեր...: Կրնամ նաեւ ըսել, որ ուրախութիւնս կրկնակի ալ էր, որովհետեւ ես ալ Վանային նման, ամէն առտու իր մօտը նստելով, հետը «դպրոց» պիտի երթայի եւ այս ձեւով պիտի հետեւէի իր առցանց կամ հեռավար ըսուած դասապահերուն: Անուշ պատահականութիւն: Նոր բաներ սորվելու լաւագոյն առիթ:

Համաձայն ըլլանք կամ ոչ, ա՛յս, ա՛յս է: Նոր կրթահարթակ: Դասաւանդման նոր միջոց: Այսինքն՝ նոր ձեւաչափ: Գուշակ ըլլալու պէտք չկար, որովհետեւ բոլորս ալ կ՚ապրէինք անօրինակ եւ նոյնքան ալ փոթորկալից ամպերու տակ, որ հետզհետէ կը ծանրացնէր մեր կեանքը:

Ու առաջին առաւօտուն, նախաճաշէն ետք, ես ու Վանան նստանք մեր ճաշարանի սեղանին շուրջ: Ինք, իր համակարգիչը դասաւորեց: Հոսանքը միացուց: Գիրք-տետրակ, թուղթ-մատիտ պատրաստեց, միւս կողմէ ալ, ըստ սովորութեան, «այ ֆօն» կոչուած հեռաձայնով խօսելով իր ընկերուհիին հետ: Ահա այսպէս է: Նոր սերունդ: Այս բոլորէն ետք, գոհացում տալու համար իր դասերուն հիւր մասնակից դառնալու փափաքիս, իմ աթոռս ալ այնպէս մը տեղաւորեց, որ ուսուցչուհին զիս չնկատէ: Տեսանելի չդառնամ ու չխանգարեմ...:

Հնազանդեցայ: Ու այսպէս քանի մը անգամ փորձեր ընելէ ետք, իր համակարգիչի պաստառին վրայ իմ «բացակայութիւնս» հաստատեցինք: Ամէն բան կարգին էր ու ճիշդ ժամը 9-ին «զանգը» զարկաւ: Ա. Պահ՝ սպաներէն լեզու: Ինչ լաւ... մանաւանդ շատ փնտռուած լեզու, մեր այս նահանգէն ներս:

Միս Քըտել էր, ուսուցչուհիին անունը: Իտալուհի մը, որ սպաներէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու դասատու ալ էր: Ճարպիկ աղջիկ մը: Աչքիս ծայրով փորձեցի դէմքը դիտել: Տեսայ: Մինչ այդ Վանան հայերէնով ու ցած ձայնով «պապիկիիիկ» մը ըսելով, զիս միշտ զգուշութեան կը հրաւիրէր: Իրաւունք ունէր: Ասիկա դաս էր: Դպրոց: «Դասարան» եւ ոչ խաղալու պահ:

Էհ... Ինծի համար... ալ... վրաս գրէ:

Ուսուցչուհին, նախ ուղղակի խանդավառիչ ձայնով մը, որ կարելի չէ բացատրել, իր սովորական «պուօնաս տիաս»ը ըսաւ եւ ապա աշակերտները կրկնելէ ետք իր այս «բարի լոյսը», սկսաւ մէկ առ մէկ անոնց ներկայութիւնը առնել: Իրենց կարգին, անոնք ալ իրենց անուան ծանուցումէն ետք, «փրէզանթէ» ըսելով հաստատեցին, թէ ներկայ էին:

Ու ահա, դասը սկսաւ, իսկ միւս կողմէ ալ՝ գաղտնօրէն դասին հետեւելու իմ բաժինս, որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ նեղ բացուածքէ մը, լուռ դիտել եւ հայասիրտ տրոփումով մտիկ ընել ու մանաւանդ փորձել չխանգարել: Եւ յանկարծ ստեղծուած այս նեղ մթնոլորտը լուսաւորեց երեւակայութիւնս:

Է՛հ, ես ալ տարիներով ուսուցչութիւն ըրած էի: Կէս դար եւ աւելի: Իսկ հիմա... թէեւ փոխուած էին ժամանակներն ու պայմանները, բայց տակաւին մէջս վառ մնացած էր դասաւանդելու այդ ջերմութիւնը, մեր նոր սերունդին մատուցելու հայու ոգին, ազնուական ազգասիրութեամբ: Այս բոլորը կ՚ըսեմ հանդարտ անկեղծութիւն մը մէջս պահած: Ինծի համար ուսուցչութիւնը կը տարբերէր միւս ասպարէզներէն, իր կրկնակի առաքելութեամբ: Հայակերտումի շունչը փոխանցող եւ տարածող լաւագոյն միջոց: Ահա այսքան: Շուտով խոկումներէս ազատելով վերադարձայ նախկին վիճակիս: Արդէն դասը հասած էր իր կէսին: Տասը վայրկեան դադար... լսեցի: Ու ես, իբրեւ թէ ամենէն յոգնած աշակերտը, այդ պահուն անզգշութեամբ ոտքի ելայ: Ու յանկարծ, «բռնուեցայ»:

-«Հուզ տէր», այդ ո՞վ կայ հոն... «եուր ֆատը՞ր», քու հա՞յրդ... լսեցի միս Քըտելի ձայնը:

-«Նօ՛ թիչըր, հիզ մայ կըրանբա», ո՛չ ուսուցիչ, իմ մեծ հայրս է, «մայ պապիկ», ըսաւ Վանան, պարզ եւ յստակ:

Ու յանկարծ ի՜նչ երանութիւն, լսեցի ուսուցչուհիին ձայնը, որ զիս կը կանչէր:

-«Հէլօ՜ մըսթըր պապիկ», բարեւ պարոն պապիկ:

Յստակ էր, թէ օրիորդը եզրակացուցած էր, թէ իմ անունս «Պապիկ» էր: Հոգ չէ, այդպէս թող ըլլայ: Ինք արդէն բացած էր մտքիս դռները: Տակաւին կը յիշեմ, տարիներ առաջ էր, նոյն այս թոռնուհիս, երբ մեզի հետ միօրեայ դպրոց կը տանէինք, զիս «օրիորդ պապիկ» ըսելով կը կանչէր: Իսկ այսօր, ի՛ր շնորհիւ դարձած էի «մըսթըր պապիկ»: Է՜հ, աշխարհ:

Ու յանկարծ բառերս բացուեցան բերնիս մէջ: Ո՞վ էր ինք: Ուրկէ՞ կու գար: Ո՞վ էի ես: Ի՞նչով կը զբաղէի, նման սովորական հարցումներ եւ պատասխաններ: Այս բոլորը անգլերէնով: Ինք իտալուհի ըլլալով, երեք լեզուներու կը տիրապետէր: Չէի զարմացած, բայց լաւ տպաւորուած էի:

-«Եու նօ ուաթ, մայ պօյֆըրէնտ իզ արմէնիէն թու»- գիտես ի՞նչ, իմ ընկերս ալ հա՛յ է.- ըսաւ արագ մը եւ աւելցուց, թէ անունը Ճիմի էր, հոս ծնած էր եւ սակայն հայերէն խօսիլ, կարդալ չէր գիտեր:

Վայրկեանին ես ու Վանան իրար երես նայեցանք: Աչքերով սկսած էինք խօսիլ: Յստակ էր, թէ անհանգիստ բան մը կար մեր մթնոլորտին մէջ: Այդ սիրուն եւ սեւուլիկ աչքերուն մէջ անմիջապէս կարելի էր կարդալ մտահոգութիւն մը: Ու յանկարծ Վանան իր անմեղ նայւածքով, ուղղակի նախ զիս լուռ դիտելէ ետք, պոռթկաց.-

-Պապիկ, ես անանկ չեմ, չէ՞...:

Ամէն բան պարզ էր: Վանան ըսել կ՚ուզէր, որ ինք Ճիմիին նման չէր, որովհետեւ ի՛նք Ճիմիէն «տարբեր» հայ մըն էր: Ի՛նք կրնար հայերէն խօսիլ, կարդալ եւ գրել: Իր այս տարիքին չէ՛ր ուզեր նոյնիսկ նմանիլ Ճիմիին: Իրեն համար մեր լեզուն տարբեր էր: Անմիջապէս հանդարտեցուցի:

Ի՛նք ո՜ւր, Ճիմին ուր: Մեծ եւ հսկայ տարբերութիւն: Համոզեցի: Իր բառերը, անկեղծօրէն կենսունակութիւնս հրահրեցին: Դէմքս բոցի գոյն առաւ՝ հպարտանքէս:

Չեմ գիտեր ատկէ ետք ինչպէ՞ս վերջ տուի մեր խօսակցութեան: Շուտով հեռացայ, որպէսզի Վանան մինակը շարունակէր իր դասը: Քաշուեցայ անկիւն մը: Ա՜լ սեղանին չմօտեցայ: Ա՜լ «դասարան» չմտայ:

Կ՚ըսեն, թէ ինքնազրոյցը աշխարհի մեծագոյն գաղտնիքներէն մէկն է: Ճիշդ էին: Ուստի մնացի ես ինծի, իմ տեսակաւոր համոզումներուս հետ: Դարձեալ սփիւռքահայ միտքս սկսած էր իր հայութիւնը փնտռել: Զանազան փոքր մտածումներ, մտքիս ծայրէն եւ ինքնակոչ, ակամայ կ՚անցնէին:

Լեզուն միջոց եւ նպատակ էր, որուն կը դիմէր ամէն մարդ: Կը մտածէի: Նաեւ լեզուն գեղեցիկ օղակն էր հաւաքական մեր գոյութեան: Աւելին՝ լեզուն բառերու միայն կոյտ չէր, ոչ ալ անսխալ շարադրութիւն: Սակայն այնպէս կ՚երեւէր, թէ միս Քըտելիի Ճիմին, այս մէկուն ծանօթ չէր:

Յաճախ պէտք էր մենք զմեզ համեմատէինք ուրիշներու հետ, մեր կեանքը վերագնահատութեան ենթարկելու համար. Վերջապէս եզրակացուց տագնապահար միտքս:

Տե՛ս միս Քըտելը, իր մայրենի լեզուին կողքին գիտէր նաեւ ֆրանսերէն եւ անգլերէն, իսկ իր Ճիմին: Ա՜խ, այս Ճիմին, որ դարձեալ եւ անզգալաբար նոր խռովք մը շարած էր նոյնիսկ թոռնիկիս մտքի հորիզոնին վրայ: Ի՛նք, յանցանք չունէր: Ի՛նք, շատ հաւանաբար գոհ էր իր կեանքէն ու այս երկրէն: Ճիշդ էր, որ մինակը չէր այս իրականութեան մէջ: Իր նման հազար-հազարաւորներ ալ կային այս երկրի եւ մեր ապրած երկրագունդի տարածքին: Շատ հաւանաբար նոյնիսկ լաւատեղեակ ալ չէր, որ մեր լեզուն, մեր մշակոյթն ու պատմութիւնն էին, որ մեզ պիտի պահէին: Յստակ էր, թէ հակասական պատկերներով եւ հակասութիւններով լեցուն միջավայր մըն էր, որ կ՚ապրէինք՝ ամբողջ սփիւռքով: Վկայ... Վանան եւ Ճիմին: Դժբախտաբար, կ՚ըսեմ դարձեալ մտովի, այս օրերուն, ներկայ մեր երիտասարդութեան մէկ մասը անզգալաբար «տուրք» կու տար օտարին: Խառն ամուսնութիւն եւ ապա արագ ամուսնալուծում եւ տակաւին ուրիշ շատ բաներ: Մարդիկ կը սիրեն այսպէս ապրիլ: Կարծես ա՛լ վարժուած են: Դիւրին եւ պարզ: Անհոգ եւ անպատասխանատու:

Բայց մի մոռնաք, որ կայ նաեւ ճիշդ ասոնց հակառակն ալ: Բարեբախտաբար:

Արդ, ինչպէ՞ս ընդունիլ կեանքի այս ճշմարտութիւնը: Ինչպէ՞ս որոնել մեր ինքնութիւնը: Այս է, որ կայ՝ մեր ներքին եւ մերկ իրականութիւնը։ Երկարօրէն կը մտածեմ: Սակայն ի՞նչ օգուտ:

Եւ ապա ինքզինքս հաւաքելով կ՚որոշեմ քաշուիլ սենեակս, ականջիս մէջ պահելով լուսաւոր երաժշտութեան մը նման Վանայիս.- «Պապիկ, ես անանկ չեմ» բառերը, որոնք թէեւ փափուկ կարպետի նման չէին, բայց կարծես ունէին ուխտ կատարողի մը սրտանց երդումը:

Ահա հայ կեանքս առողջ պահող լաւագոյն հեւքը: Երջանիկ էի:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2020