ԹՈՔԱԽՏ ԿԱՄ ԲԱՐԱԿԱՑԱՒ

Գ.

ԹՈՔԱԽՏԻՆ ԹՈՅՆԸ

Ըսածներէս պարզ է, որ թոքախտաւորին մէջ բան մը կայ, որ իրմէ դուրս կու գայ եւ առողջներուն թոքերուն մէջ մտնելով, կը վարակէ-կը հիւանդացնէ զանոնք:

Ի՞նչ է այդ բանը:

Ատիկա թոքախտին թոյնն է; Ան հիւանդին թոքերուն մէջ կը գտնուի: Հիւանդը անդադար հազալով, տարիներու ընթացքին խորխին հետ դուրս կը թքէ այդ թոյնը, բայց ասիկա դարձեալ կը գոյանայ:

Հետեւաբար, այդ թոյնը սովորական թոյնի նման չէ: Սովորական թոյնը, օրինակ, սուլէման, մկնդեղը, ափիոնը եւ ուրիշներ քանի մը ժամուան մէջ կամ կը սպաննեն հիւանդը, կամ կ՚ոչնչանան անոր մարմինին մէջ, եւ ամէն բան կը վերջանայ:

Վարակիչ հիւանդութիւններունը (ուրեմն եւ թոքախտինը) այդպէս չէ: Անոնք անդադար կ՚աճին ու կը շատնան թոքերուն մէջ եւ ինչքան ալ հիւանդը խորքին հետ դուրս թքէ, չեն վերջանար:

Մինչեւ վերջին ժամանակները մենք այդ թոյնը չէինք ճանչնար, իսկ հիմա գիտենք:

Այդ խորխէն փոքրիկ մասնիկ մը վերցնենք, քսենք կտոր մը ապակիի վրայ, դնենք մանրացոյցի խողովակին տակ եւ վերէն նայինք:

Գիտէ՞ք ինչ է մանրացոյցը: Ատիկա գործիք մըն է, որուն միջոցով առարկաները 1000, 2000-4000 անգամ կը մեծնան1:

Ահա՛ այդ գործիքը. մէկը խողովակի մէջէն կաթիլ մը ջուր կը դիտէ, որ ապակիի կտորի մը վրայ կաթեցուած է:

Ահա՛ թէ ի՛նչ կը տենսէ դիտողը այդ կաթիլ մը ջուրին մէջ: Ան կը տեսնէ անհամար մանր շարժուն էակներ, որոնց պարզ աչքով անկարելի է նկատել:

Մանրացոյցին ապակիին վրայ բարակացաւոտի խորխէն քիչ մը քսենք:

Ահա՛ թէ ինչ կը տեսնենք:

Այս մանր գիծերը կենդանի էակներ են. անոնք կը շարժին, կը կերակրուին եւ անդադար կը բազմանան: Անոնք ձեռնափայտի նմանութիւն ունին. ատոր համար ալ անոնց անունը թոքախտի ցուպիկ դրած են (ցուպ բառէն, որ ձեռնափայտ կը նշանակէ) կամ բացիլ:

Հիմա մեռածին թոքերէն վերցնենք չափազանց բարակ հազիւ նշմարելի շերտ մը (այսպիսի բարակ շերտ կարելի չէ ձեռքով կտրել, ատոր համար առանձին մեքենայ կայ) եւ նոյն մանրացոյցին տակ դնենք:

Մանր ծակեր կը տեսնենք, իսկ ծակերու եզրերուն ահագին քանակութեամբ նոյն մանր էակներ (ցուպիկներ), որոնք արդէն ծակծկած են թոքերը եւ ծակերուն եզերքները կ՚ուտեն:

Այսպիսով անոնք կ՚ուտեն-կ՚ոչնչացնեն թոքերը, ինչպէս որդը խնձորը կ՚ուտէ, թրթուռը՝ ծառին տերեւը եւ ցեցը՝ մեր շորերը:

Եւ երթալով այդ էակները կը բազմանան, ծակերը կը մեծցնեն, յետոյ մանր փոսերը կը միանան եւ մեծ խոռոչներ կը կազմեն ու այսպէսով կամաց-կամաց թոքերը կը փճանան, կ՚ուտուին:

Եթէ բարակացաւոտին թոքերը կտրենք ու նայինք, կը սարսափինք: Անոնց մէջ, ինչպէս պանիրին մէջ, մեծ եւ փոքր փոսեր ու խոռոչներ գոյացած են եւ զազրելի վահրով լեցուած են, կերուած թոքերու մասնիկներով, արիւնով, եւ այլն:

Այս վիհրն է, որ հիւանդին խորխը կը կազմէ, եւ որուն մէջ այնքան թոքախտի ցուպիկ կայ:

Ահա՛ թէ ինչպիսի ահռելի թշնամի են այդ անտեսանելի էակները:

Բայց ասիկա բոլորը չէ տակաւին:

Ան միայն թոքերուն մէջ բոյն չի դներ: Ան նոյնպէս կը մտնէ եւ կ՚աճի կոկորդին, աչքերուն, ուղեղին, ոսկորներուն եւ պլոճիկներուն մէջ. մէկ խօսքով, գրեթէ ամբողջ մարմնամասերուն մէջ: Եւ անոնք ամէն ինչ կ՚ուտեն, կը մաշեցնեն, կ՚աւերեն, կ՚ոչնչացնեն: Քանի-քանի մանուկներ կը մահանան ուղեղի եւ աղիքներու բորբոքումէն, որոնք այդ էակներուն գործն են. քանի-քանի երեխաներ ոսկորներու փտումէն կը մեռնին:

Այդ բոլորը ցուպիկներուն գործն է:

Դ.

ԶԳՈ՛ՅՇ ԵՂԷՔ ԹՈՔԱԽՏԱՒՈՐԻՆ ԹՈՒՔԷՆ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԹՈՅՆԸ ԱՆՈՐ ՄԷՋՆ Է

Հետեւաբար, վարակիչ թոյնը հիւանդին խորխին մէջ կը գտնուի:

Այդ խորխէն պէտք է շատ զգոյշ ըլլալ: Գիտնական մը հաշուած է, որ մէկ օրուան մէջ, թոքախտաւորը խորխին հետ դուրս կը նետէ 7 միլիառ բացիլ (1 միլիառը = 1000 միլիոնի):

Ի՛նչ զարհուրելի թիւ է այդ:

- Ուրեմն, ինչպէ՞ս կարելի է պաշտպանուիլ ատոնցմէ, կը հարցնէք դուք:

- Շատ դիւրին կերպով, կը պատասխանեմ ես:

Լսեցէ՛ք:

Քանի որ խորխը թաց է, ան վտանգաւոր չէ: Խորխը այն ատեն միայն վախնալիք կը դառնայ, երբ կը չորնայ:

Ահա՛ թէ ինչու:

Վարակիչ թոյնը (այսինքն՝ այն մանր ցուպիկները) հօ չի՛ կրնար թաց խորխին մէջէն դուրս թռչիլ եւ առողջ մարդու թոքերը մտնել, բայց երբ խորխը կը չորնայ, ան փոշիին հետ կը խառնուի, կը բարձրանայ անոր հետ օդ ու օդին հետ ալ մեր թոքերը կը մտնէ:

- Չոր խորխը ի՞նչ է, որ մարդուն վնասէ. չէ՞ որ չորցած խորխին մէջ ցուպիկներն ալ չորցած են, կը մտածէ ընթերցողը:

Հարցն ալ ճիշդ ա՛յդ է, որ չորցած ցուպիկները, իյնալով մարդուն թոքերուն մէջ, կը կենդանանան, որովհետեւ թոքերուն ներսը տաք ու խոնաւ է: Այնտեղ, անոնք սարսափելի արագութեամբ կը բազմանան, կը տարածուին թոքերուն մէջ եւ կ՚ուտեն զանոնք:

Այդ բանը բոլորն ալ պիտի հասկնան:

Մենք, բժիշկներս, երբեմն ուղղակի կը սարսափինք, երբ թոքախտով հիւանդներուն տուները կը մտնենք: Հիւանդը անդադար իր չորս կողմը կը թքէ, կամ յատակին վրայ, կամ սենեակին անկիւնը, կամ թէ իր թաշկինակին կամ կտոր մը հագուստի մէջ, եւ չի՛ հասկնար, որ այդ խորխը կը չորնայ եւ սենեակը անոր փոշիով կը լեցուի: Չորցած խորխը կը նստի նոյնպէս եւ սենեակին մէջի կահ-կարասիներուն ու ամէն պարագաներուն վրայ. ան կը խառնուի նաեւ կերակուրին, խմելիքներուն մէջ կ՚իյնայ, եւ այլն:

Այսպիսի անզգոյշ հիւանդի սենեակը մտնելը, անոր հետ խօսիլը վախնալիք է, ուր մնաց անոր հետ հաց ուտելը:

Բայց հիւանդը պիտի հասկնայ, որ անմաքրութիւնը, խորխը ամէն տեղ նետելը ո՛չ միայն ուրիշներուն վնաս է, այլ՝ իրեն:

Եւ, իրապէս, չէ՞ որ այդ փոշիացած խորխը իր թոքերն ալ կը վերադառնայ, իր կերակուրին վրայ ալ կը նստի ու ստամոքսը կը մտնէ: Հետեւաբար, եթէ թոքախտաւորին ստամոքսը եւ աղիքները դեռ առողջ են, անոնք ալ կրնան հիւանդանալ, քանի որ ըսինք, թէ ցուպիկը աղիքներուն մէջ ալ բոյն կը դնէ եւ աւերումներ կը գործէ:

Ուրեմն, թոքախտաւորը ուղղակի իր սեփական առողջութեան համար պէտք չէ այս ու այն կողմէ խորխ թքնէ, այլ՝ խորխը պէտք է խորխամանի մէջ հաւաքէ. բայց ատոր մասին յետոյ: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2

Վաղարշապատ


1 Մանրացոյցը նաեւ խոշորացոյց կը կոչուի. անոր մանրամասն նկարագրութիւնը տե՛ս իմ «Վարակիչ հիւանդութիւնները» գրքոյկին մէջ:

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2022